Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մկրտիչ Միքայէլեանի «Հայկական Երաժշտութեան Գլուխ Գործոցներ» Գիրքի Գինեձօն

August 31, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 26 օգոստոսին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԳՈՀԱՐ գրադարանին հրաւէրով, ԳՈՀԱՐ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիթառահար  Մկրտիչ Միքայէլեանի «Հայկական երաժշտութեան գլուխ-գործոցներ» գիրքին գինեձօն-շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Գոհար Պալըգճեան, որ ըսաւ, թէ ԳՈՀԱՐ-ի առաքելութեան մաս կը կազմէ մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններու նեցուկ կանգնիլն ու քաջալերելը:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի երաժիշտ, դասախօս Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան, որ մասնագիտական մօտեցումով արժեւորեց դասական կիթառի համար հայկական երգերու մշակման նուիրուած գիրքը:

Ան նախ խօսեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեանին մասին, որ հռչակաւոր կիթառահար է, եւ որուն փայլուն ասպարէզը զինք տարած է աշխարհի տարբեր պատուաբեր բեմերը: Ան դիտել տուաւ, որ այս հրատարակութեամբ ի յայտ կու գայ արուեստագէտին նկարագիրին մէկ այլ երեսը` Միքայէլեան մշակողը: «Երաժշտութեան մէջ նուագելն ու մշակելը կը պահանջեն երկու տարբեր հմտութիւններ. մէկը կը պահանջէ կատարողական վարպետութիւն, իսկ միւսը` խորունկ յօրինողական տեսլական: Այս աշխատանքով, Միքայէլեան կը փաստէ իր լիակատար տիրապետումը երկուքին ալ», հաստատեց ան:

Համարձակ եւ մարտահրաւէրով լեցուն նախաձեռնութիւն նկատելով նման քայլի մը դիմելը` Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան իր հաստատումը հիմնաւորեց երկու պատճառներով.  առաջին` որովհետեւ դասական կիթառը պահանջկոտ նուագարան մըն է, որուն համար մշակումներ պատրաստելը կը պահանջէ թեքնիք խորունկ գիտելիքներ` անոր հարուստ ներդաշնակութեան եւ բազմաձայնութեան կարելիութիւնները ի յայտ բերելու եւ օգտագործելու համար. երկրորդ` որովհետեւ դարաւոր սիրուած երաժշտական կտորները վերանայիլը նուրբ հաւասարակշռութիւն մը կ՛ենթադրէ, արդարեւ մշակողը պէտք է երաժշտութեան տայ նոր, կենսունակ կեանք` միաժամանակ զգուշութեամբ պահպանելով անոր բնօրինակ նկարագիրը, ոգին եւ զգացմունքային խորութիւնը:

«Այս հաւասարակշռութեան հասնելով` Միքայէլեան արժէքաւոր ներդրում կը կատարէ մեր մշակութային ժառանգութեան մէջ: Ան կը հարստացնէ դասական կիթառի երգացանկը, աշխարհի տարածքին գտնուող հայ եւ օտար կիթառահարներուն կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու եւ յայտնաբերելու մեր հարուստ երաժշտական աւանդոյթը, եւ մեր ժառանգութիւնը կը ներկայացնէ արդիական լոյսի տակ` առանց կորսնցնելու անոր հարազատութեան որեւէ մէկ մասնիկը:

«Այս գիրքին մէջ յատկանշական է նաեւ երգացանկի դիտաւորեալ ընտրութիւնը: Միքայէլեան ուշադրութեամբ ընտրած է երգեր հայկական երաժշտութեան տարբեր դարաշրջաններէն եւ ժանրերէն, ուր իւրաքանչիւր կտոր ունի խորունկ խորհրդանշական կշիռ.  Կոմիտասի «Հով արէք»-ի եւ «Գարուն ա»-ի խաղաղ եւ մաքուր գեղեցկութենէն մինչեւ Սուրբ պատարագի «Սուրբ Սուրբ» սրբազան օրհներգը, Սայաթ Նովայի եւ Ֆահրատի անժամանցելի աշուղական երգերը, «Զարթիր Լաօ»-ի եւ «Գետաշէն»-ի նման դիմադրութեան եւ պայքարի երգեր, Արմէն Տիգրանեանի «Ամպի տակից» գլուխ գործոցը, ինչպէս նաեւ Գաբրիէլ Երանեանի «Կիլիկիա»-ն` կտոր մը, որ կ՛ապրի սփիւռքահայութեան սրտերուն մէջ իբրեւ իսկական ազգային օրհներգ, եւ ազնուական գործեր, ինչպէս` Արամ Խաչատուրեանի «Վալս-դիմակահանդէս»-ն ու «Աղջիկներու պար»-ը, Բարսեղ Կանաչեանի խորապէս յուզիչ «Օրօր»-ին հետ մէկտեղ», ըսաւ ան:

Առ այդ, Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան հաստատեց, որ այս տարբեր ժանրերը մէկտեղելով` Միքայէլեան շատ աւելին կը մատուցէ, քան երաժշտական աշխատանք մը, ան երաժշտութեան միջոցով կը գծէ հայու հոգիի պատմական ուղին` կենդանացնելով հայ երաժշտական ժառանգութիւնը եւ հայկական անկոտրում ոգին:

Իր խօսքի աւարտին ան ողջունեց ԳՈՀԱՐ-ը նման մեծ ճիգին համար` հայ երաժշտական եւ մշակութային ժառանգութիւնը տարածելու եւ պահպանելու, շնորհաւորեց հեղինակը` մաղթելով, որ այս գիրքը` «հեռուները ճամբորդէ, իսկ այս հայկական եղանակները լսուին ու նուագուին շատերու կողմէ` մեզի յիշեցնելով, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ուրկէ՛ կու գանք»:

Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան, որ դիտել տուաւ, թէ կիթառի մշակումներուն նուիրուած նման գիրքի մը գինեձօնին խօսք առնելու իրեն ուղղուած հրաւէրը իրեն յիշեցուց, որ ինք եւս սիրած է կիթառը, նոյնիսկ հասուն տարիքին կարճ ատեն մը սորված ու նուագած է, սակայն երբ իր ուսուցիչէն խնդրած է նաեւ հայերէնով կտորներ նուագել, իրենց փոխանցուած է, որ կիթառի համար մշակուած հայկական երգեր դժուար էր գտնել:

Ան նշեց, որ թէեւ չշարունակեց կիթառի դասերը, սակայն մանկուց ունեցած իր երազը իրականացաւ. «Կիթառը ընկերացաւ ինծի, զրուցեցինք իրարու հետ, կարողութիւն ունեցայ տարբեր երգեր նուագելու, սակայն օտար: Անկատար մնաց երազիս երկրորդ բաժինը` փափաքս հայերէն երգ մը նուագելու, հայկական երաժշտական կտոր մը հնչեցնելու:  Այսօր կարծէք երազիս երկրորդ բաժինի իրականացման ականատես կ՛ըլլամ: Թէեւ ես այլեւս անմիջականօրէն կապուած չեմ կիթառին, սակայն ի տես մեր տրամադրութեան տակ դրուած այս թանկարժէք գիրքին, որուն մէջ հայկական երգերու մշակումներ ամփոփուած են, մեծ ուրախութիւն եւ սրտի խոր գոհունակութիւն կ՛ապրիմ, որովհետեւ, վստահ եմ, շատ-շա՜տերու փափաքն ու երազն է իրենց մտերիմ ընկերոջ` կիթառին հետ երկխօսութիւնը կատարել հայկական մթնոլորտի մէջ եւ լսել հայկական երգի գեղեցկօրէն արտաբերումը»:

Նորա Բարսեղեան յայտնեց, որ հայկական երաժշտութեան եւ դասական կիթառին նկատմամբ անհուն սէրն է, որ մղած է Մկրտիչ Միքայէլեանը նման մտայղացում մը ունենալու եւ երկար տարիներու ճիգ ու աշխատանք պահանջող այս յանդուգն ու դժուար քայլին դիմելու, արդարեւ, ան եւս զարմացած է, երբ  դասական կիթառի համար գրուած կամ մշակուած հայկական երաժշտութիւն փնտռած է ու շատ քիչ նիւթ գտած: «Այս զարմանքն ու որոշ յուսախաբութիւնը սակայն, մղիչ ուժ դարձան, համբերութիւն եւ հետեւողականութիւն տուին, հաւատք ներշնչեցին Մկրտիչ Միքայէլեանին` խաւարը անիծելու փոխարէն մոմ մը վառելու, իւրայատուկ մոմ մը: Վստահաբար շատեր այդ խաւարին դէմ յանդիման կանգնած են տարբեր ժամանակներու եւ զանազան վայրերու մէջ, սակայն չեն նախաձեռնած մոմ մը վառելու: Մկրտիչ Միքայէլեան իրագործեց այդ մէկը եւ վառեց մոմը, որուն շողացող լոյսն է, որ այսօր  տարածուած է այս սրահին մէջ, եւ վստահ եմ, որ նաեւ պիտի տարածուի ամէն տեղ, ուր հայ կայ, ուր հայկականութիւն հայ, ուր հայ մշակոյթը կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ: Կը հաւատամ, որ մեր իրականութեան մէջ լուսանցքի վրայ մնացած այս բացը գոցելու կոչուած կիթառի այս գիրքին հեղինակին վառած այս լոյսին շողերը պիտի հասնին իւրաքանչիւր հայ պատանիի եւ երիտասարդի, որ կ՛ուզէ հայերէն երգ մը մեկնաբանել իր կիթառով, կը փափաքի օտարներուն հրամցնել իր մշակոյթի մէկ գոհարը` հպարտօրէն ըսելով, որ կիթառի բազում եւ բազմալեզու մշակումներուն կողքին հայերէնն ալ ունի իր տեղն ու արժէքը` համապատասխան նօթագրութեամբ»:

Բարսեղեան հաստատեց, որ այս աշխատանքով եւ գիրքով Մկրտիչ Միքայէլեան իր անձնական յաջողութիւններէն բարձրանալով` հետամուտ եղաւ հայկական հաւաքական յաջողութիւններուն ալ տեղ տալու` յանձնառու ըլլալով իր նպաստը բերելու հայկական երաժշտական ժառանգութեան պահպանման ու տարածման` իր իսկ սիրած նուագարանին միջոցով, այսպիսով ալ ոչ միայն կարելիութիւն տալով հայ երաժիշտներուն հարազատ երգեր նուագելու կիթառով, այլ նաեւ կարելիութիւն ստեղծելով, որ հայկական երաժշտութեան գեղեցկութիւնն ու ինքնատպութիւնը հասանելի եւ մատչելի դառնայ օտար հանրութեան ու երաժիշտներուն, որոնք այսպիսով կարելիութիւն պիտի ունենան հայկական կտորներ ներառելու իրենց երգացանկերուն մէջ:  Ան հաւաքական պատասխանատուութիւն նկատեց այս գիրքը տարածելն ու իրագործուած աշխատանքին նեցուկ կանգնիլը, «որովհետեւ այս գիրքը հեռու է անձնական ըլլալէ, անիկա հայկական հաւաքական մշակոյթին պատմութեան մէջ արձանագրուած անուն է եւ հպարտութիւն»:

«Այսօր տակաւին կիթառի նկատմամբ սէրն ու հիացումը կենդանի են մէջս, անոնք առաւել կը ջերմանան, երբ յուզումով եւ ուրախութեամբ կը հետեւիմ իր երաժշտական ուղիին առաջին քայլերը կիթառը գրկած նետող քրոջս դստեր` Տեսիլին փորձերուն, նուագներուն: Գոհունակ եմ, որ երբ ան ուզէ հայերէն նուագել, երբ իր շրջապատը իրմէ խնդրէ հայերէն երգ մը մեկնաբանել, երբ ընկերային միջավայրի մէջ կամ ձեռնարկի մը ընթացքին փափաքի հայկական կտոր մը հնչեցնել, ան իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ Մկրտիչ Միքայէլեանի տաղանդին ու ժրաջան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս գիրքը, որուն համար իսկապէս շնորհակալ եմ ու երախտապարտ», ըսաւ Նորա Բարսեղեան` մաղթելով, որ Մ. Միքայէլեանի այս շնորհակալ աշխատանքը անպայման ունենայ շարունակութիւնը, եւ նորանոր հայերէն երգերու մշակումներով հարուստ գիրքերու ծնունդին եւս ականատես դառնանք յառաջիկային:

«Զարթօնք» թերթի գործադիր խմբագիր Վիգէն Թոսունեան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ լարային նուագարաններու պատմութեան, հայ աշուղներուն գործածած նուագարաններուն եւ ողջունեց Մկրտիչ Միքայէլեանի կատարած հսկայ աշխատանքը` այս գիրքին պատրաստութեամբ կիթառը ընդգրկելու մեր նուագարաններու շարքին մէջ: «Մկրտիչ Միքայէլեան բացաւ ճամբան, դարձաւ ռահվիրայ այս կարեւոր գործին: Ըլլալով հայկական երաժշտութեան մօտիկ անձ, տաղանդաւոր երաժիշտ եւ կիթառի մասնագէտ,   ան մեծ յաջողութեամբ կրցաւ Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Արմէն Տիգրանեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Սայաթ Նովայի, Մակար Եկմալեանի, Գաբրիէլ Երանեանի, Աշուղ Ֆահրատի եւ Գուսան Հայկազունի ազգային, ժողովրդական եւ աշուղական երկերը ներկայացնել կիթառի լարերու հնչիւններով», ըսաւ ան:

Վիգէն Թոսունեան տաղանդաւոր մշակութային գործիչները նմանցուց ադամանդի, որ ճնշումի եւ տաքութեան տակ կը կազմուի երկար ժամանակի վրայ` անհրաժեշտ նկատելով գուրգուրալ անոնց, յատկապէս իրենց աշխատանքով անփոխարինելի արժէք ունեցողներուն, որոնցմէ է Մ. Միքայէլեան իր կատարած գործով, երաժշտական ու կրթական վաստակով եւ ստացած պատուոյ գիրերով:

Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ նոր սերունդի տաղանդաւորներ գտնելու եւ անոնց արուեստը զարգացնելու երեւոյթին, յատկապէս ընկերային ու տնտեսական մերօրեայ ծանր կացութեան մէջ: Ասկէ մեկնած, Թոսունեան նշեց, թէ վարժարաններ, ծնողք, մշակութային միութիւններ եւ անհատ մեկենասներ մեծ դեր ունին կատարելիք այս ուղղութեամբ, որպէսզի նիւթականը արգելք չըլլայ մշակոյթի նահանջին, եւ հայ տաղանդաւոր մանուկը չզրկուի իր տաղանդը յառաջ տանելու առիթէն: Այս ծիրին մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ ԳՈՀԱՐ մշակութային կեդրոնը շնորհակալ գործ կատարեց ու տակաւին կը կատարէ այս ուղղութեամբ երկար տարիներէ ի վեր, իսկ այս գիրքը փոքր նմոյշ մըն է այդ առումով:

Իր խօսքի աւարտին ան ողջունեց Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ իր արուեստով բարձրացաւ ու հայկական մշակոյթը բարձրացուց, իսկ իբրեւ կրթական մշակ սերունդներ կը դաստիարակէ երաժշտութեան նուրբ արուեստին մէջ, նաեւ ԳՈՀԱՐ-ը, որ միշտ կը հովանաւորէ մեր տաղանդաւոր մշակութային գործիչներուն աշխատանքները:

Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ խօսք առաւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ Աւետիս Տիպան, որ ըսաւ, թէ միջազգային համբաւ վայելող տաղանդաւոր կիթառահար, մշակող եւ մանկավարժ Մկրտիչ Միքայէլեան այն անձնաւորութիւններէն է, որոնց ստեղծագործութիւնները կը գերազանցեն անձնական յաջողութեան սահմանները եւ կը վերածուին ազգային արժէքի, մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու համամարդկային արուեստի հարստացման մնայուն վկայութեան:

«Masterpieces of Armenian Music – Հայկական երաժշտութեան գլուխ-գործոցները» խորագիրով նորահրատարակ աշխատասիրութիւնը` քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ ԳՈՀԱՐ գրադարանի, պարզ նօթագիրք մը չէ: Ան ազգային յիշողութեան, երաժշտական ինքնութեան եւ հայ մշակոյթի հոգեւոր արժէքներուն գեղարուեստական մարմնացումն է: Ժողովածուն, որ կը համախմբէ Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Սայաթ-Նովայի, Մակար Եկմալեանի եւ այլ մեծերու ստեղծագործութիւնները, նոր կեանք եւ նոր շունչ կը պարգեւէ հայ երաժշտական ժառանգութեան` զայն դարձնելով դասական կիթառի միջազգային նուագացանկին անբաժանելի մասը», ըսաւ ան:

Տիպան նշեց, որ Մկրտիչ Միքայէլեան հետեւողականօրէն ծառայած է այն տեսլականին, որ հայկական մեղեդին ոչ միայն պահպանուի, այլ նաեւ արժանավայել կերպով ներկայացուի համաշխարհային արուեստի ընտանիքին` դիտել տալով, որ անոր մշակումները կը միաձուլեն գիտական ճշգրտութիւն, բարձր գեղագիտական ճաշակ եւ ազգային հոգեբանական խոր զգացողութիւն, որոնք հաւասարապէս կը հմայեն թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար ունկնդիրները:  Ան աւելցուց, որ այս աշխատութեամբ Միքայէլեան կը շարունակէ ծառայել հայ մշակոյթի անմար ջահին  իր ստեղծագործ միտքով, որ մեր ազգային երաժշտութիւնը նոր շքեղութեամբ ներկայացուց աշխարհին եւ նուիրեալ հոգիով, որ ապագայ սերունդներուն կը փոխանցէ մնայուն մշակութային ժառանգութիւն:

«Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան անունով գնահատանքի ու երախտագիտութեան խօսք ուղղելով Միքայէլեանին` Աւետիս Տիպան մաղթեց, որ ան շարունակէ իր ստեղծագործական ուղին նոյն ոգիով, ներշնչումով եւ ազգային պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ` նորանոր բարձունքներու հասցնելով հայկական երաժշտական արուեստը եւ անոր համբաւը աշխարհի չորս ծագերուն:

Աւարտին խօսքը տրուեցաւ «Արարատ» թերթի տնօրէն, խմբագիր Նազարէթ Ճէրէճեանին, որ  անդրադարձաւ նման գիրքի մը կարեւորութեան` նշելով, որ աւելի քան երեսունհինգ տարիներ  առաջ Մկրտիչ Միքայէլեան հայկական երաժշտութիւն փնտռած է դասական կիթառի համար ու անդրադարձած տարօրինակ իրականութեան մը, թէ մենք ունէինք դարաւոր ու հարուստ երաժշտական ժառանգութիւն, բայց դասական կիթառահարին համար այդ գանձարանէն հասանելի մշակումներ գրեթէ չկային:

«Լիբանանի ազգային բարձրագոյն երաժշտանոցի դասախօսը տեսած է կարելիութիւն մը, որուն մասին շատեր չեն մտածած, եւ կարեւոր բաց մը գոցած է` հայկական երաժշտութեան արժէքաւոր գործերը մշակելով կիթառի համար եւ կիթառահարին առջեւ բանալով հայկական նոր ու հարուստ նուագացանկ մը:

«Սակայն ծանօթ ստեղծագործութիւն մը ուրիշ գործիքի համար մշակելը պարզապէս նօթերը մէկ տեղէն միւսը փոխադրել չէ: Մշակումի իսկական արժէքը այն է, որ ստեղծագործութիւնը նոր հնչերանգ ստանայ` առանց իր ոգին ու ինքնութիւնը կորսնցնելու», ըսաւ ան:

Նազարէթ Ճէրէճեան` գնահատելի նկատելով ընդհանրապէս Միքայէլեանի աշխատանքն ու տաղանդը, միջազգային եւ հայ մասնագէտներու վկայութիւններէ մէջբերումներ կատարեց, ինչպէս` յոյն դասական կիթառահար, երգահան եւ Միջազգային արուեստի միութեան նախագահ Եորքոս Ֆուտուլիս, ֆրանսացի կիթառահար, երգահան Տամիէն Արիպեր, ամերիկացի կիթառահար, մարդասէր եւ երգահան, «Կիթառը առաստաղին» գիրքի հեղինակ Սուզըն Մաք Տանըլտ, պրազիլացի կիթառահար, երգիչ եւ երգահան «Կիթառի կեանք» նախագիծի հիմնադիր Նիլսըն Սիքուիրա Տիաս, շուէտացի մրցանակակիր շարժապատկերի եւ հեռուստատեսութեան երգահան Փերնիլա Օսթըրպերկ, հայ թաւջութակահար, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասախօս Նարինէ Յարութիւնեան, հայ յօրինող ու  ջութակահար Երուանդ Երկանեան:

«Երբ ֆրանսացի մը, պրազիլցի մը, շուէտացի մը կամ աշխարհի որեւէ անկիւնէ երաժիշտ մը կը հանդիպի այս մշակումներուն, ան ոչ միայն կը հանդիպի հայ կիթառահարի մը վարպետութեան, այլ` հայկական երաժշտութեան: Եւ այս գիրքին կարեւորագոյն առաքելութիւնը ճիշդ հո՛ս է», ըսաւ Ճէրէճեան` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ որեւէ տեղ ոչ հայ երիտասարդ կիթառահար մը այս գիրքով առաջին անգամ պիտի նուագէ Կոմիտաս, Կանաչեան, Եկմալեան, Սայաթ-Նովա, Տիգրանեան` կիթառի վեց լարերը վերածելով փոքրիկ կամուրջի մը` օտար երաժիշտին եւ հայկական մշակոյթին միջեւ: «Եւ եթէ այդ երիտասարդը օր մը ըսէ` «Ես Կոմիտասը բացայայտեցի», այդ օրը Մկրտիչ Միքայէլեանի այս աշխատանքը իր մեծագոյն նպատակին հասած պիտի ըլլայ», որովհետեւ մշակութային ծառայութեան բարձրագոյն ձեւերէն մէկը այն է, երբ արուեստագէտը ինք կը դառնայ կամուրջ, որպէսզի մարդիկ իրմէ անցնելով հասնին իր ժողովուրդի մշակոյթին», նշեց ան:

Նազարէթ Ճէրէճեան նշեց, որ «Masterpieces of Armenian Music» հատորը այսօր Մկրտիչ Միքայէլեանին գիրքն է, բայց վաղը կրնայ դառնալ հարիւրաւոր կիթառահարներու աշխատանքային գիրքը, որ պիտի շնչէ այն պահուն, երբ բացուի նօթակալին վրայ, երբ գործածուի ու մաշի:

Խօսքը Մ. Միքայէլեանին ուղղելով` ան ըսաւ. «Դուն այս գիրքով հայկական երաժշտութեան տասնհինգ գործեր յանձնած ես կիթառահարներուն: Հիմա այլեւս անոնք միայն քուկդ չեն:

Անոնք պիտի մեկնին աշխարհի տարբեր անկիւններ: Եւ հոն` մեզմէ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու, մարդ մը իր կիթառը պիտի առնէ եւ առաջին անգամ պիտի փորձէ նուագել հայկական մեղեդի մը: Շնորհաւորութիւն այս երկարամեայ աշխատանքի արժէքաւոր փուլին առիթով, եւ շնորհակալութիւն` ԳՈՀԱՐ-ին, այս նախաձեռնութեան կողքին կանգնելուն համար:

Իսկ այս գիրքին կը մաղթեմ, որ մաշի, նօթակալներու վրայ դրուի, ուսանողներու ձեռքերուն մէջ շրջի, որովհետեւ այս  աշխատանքը հայկական երաժշտութեան համար նոր ճանապարհ մը բանալ էր», եզրափակեց Նազարէթ Ճէրէճեան:

Խօսքերուն յաջորդեց գիրքին գինեձօնի հանդիսաւոր արարողութիւնը`  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան  Զաւէն Նաճարեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի սաներուն մասնակցութեամբ:

Գինեձօնը աւարտեցաւ տէրունական «Հայր մեր»-ով: Անկէ ետք Մկրտիչ Միքայէլեան գիրքէն մակագրուած օրինակներ նուիրեց ներկաներուն:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Ընկերներ. Գերմանիան Ողջակիզումէն Ոչի՞նչ Սորված Է

Յաջորդը

Մեսսի 927-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.