Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան Ֆանարի «Խորէն Ա. կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ի 2025-2026 ուսումնակրթական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:
Բացման ներկայ էին հիմնարկի ուսուցչական կազմն ու ուսանողութիւնը: Բացումին մեկնարկը տրուեցաւ ներկաներուն Տէրունական աղօթքով: Հուսկ, հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան ուսանողութեան ներկայացուց` այս տարեշրջանին աւանդելի դասանիւթերը, ճշդուած դասապահերը, պաշտօնավարող ոսուցիչները, գրաւոր քննութեանց դրութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները եւ հիմնարկի ընդհանուր կարգավիճակը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարեշրջանին կարեւոր նկատուի որակը, առաւել քան` քանակը. արդ, ուսանողներէն խնդրուեցաւ առաւելագոյնս ճիգ թափել ճշդապահ եւ կեդրոնացած ըլլալու:
Կրթական եռամեայ ծրագիրին կը հետեւին 45 ուսանողներ:
Նշելի է, որ դասընթացքները սկսան չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2025-ին:


