14 փետրուարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Դեսպանին Հայաստան կատարած վերջին ճամբորդութենէն վերադարձին տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, նոր կառավարութեան Ազգային ժողովին ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան հետ կապ ունեցող հարցերու:



