Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Չորս Երիտասարդ Միաբաններ Կը Ստանան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Չորս Աստիճաններ

August 5, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 4 օգոստոս 2019-ին, յընթացս Անթիլիասի մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան, Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Զաւէն աբղյ. Նաճարեան եւ Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ խարտաւիլակուեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի: Վարդապետական աստիճանի տուչութեան հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Պատարագի ընթացքին ձեռնադրիչ սրբազանը, խարտաւիլակ հայր սուրբը եւ չորս ընծայեալները, շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցան մայր տաճարին ատեանը, ուր սրբազան հայրը կատարեց ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը. աբեղաները նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողներն ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց վարդապետական գաւազանը:

Արարողութենէն ետք, սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը: Ան իր քարոզին մէջ, խօսքը ուղղելով նորակոչ վարդապետներուն, զանոնք յորդորեց ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին կարդացուած աղօթքներուն եւ աւետարանական հատուածներուն ընդմէջէն կատարուած խրատներն ու թելադրանքները գործի վերածել եւ շեշտեց Աստուծոյ ու Ս. Հոգիին շնորհներով լեցուած ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Մէջբերելով Խրիմեան Հայրիկին խօսքը, ուր ան կ՛ըսէ, թէ թէեւ մեր եկեղեցւոյ հայրերն ու վարդապետները ֆիզիքապէս մեր մէջ չեն գտնուիր, բայց անոնք մեր կեանքին մաս կը կազմեն իրենց գրականութեամբ եւ աղօթքներով, սրբազանը քաջալերեց նորակոչները կարդալու հայ եկեղեցւոյ հարուստ գրականութիւնը, որպէսզի կարենան հարստացնել իրենց միտքն ու հոգին եւ առողջ կենցաղով ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Ան նաեւ յայտնեց երիտասարդ վարդապետներուն, որ չվարանին հաւատացեալ ժողովուրդին ծառայելու ընթացքին սխալները ուղղելէ, սակայն պայմանով որ ատիկա կատարեն խոնարհութեամբ, քաղցր լեզուով եւ բժշկութեան նպատակով: Վերջապէս, ան խրախուսեց զանոնք բարձրանալու քարոզախօսութեամբ եւ ըսաւ. «Նախքան արդարութիւն քարոզելը` արդա՛ր եղէք, նախքան հեզութիւն ու խոնարհութիւն քարոզելը` հե՛զ ու խոնա՛րհ եղէք, նախքան բարիք գործել քարոզելը` բարեգործութիւն ըրէ՛ք: Ջանացէ՛ք այս գաւազանը, որ ձեզի շնորհուեցաւ, միշտ խօսուն, կանգուն ու պատուով պահել` ի փառս Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ եւ Ս. Աթոռին պայծառութեան»: Վերջապէս, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին իրեն ընծայած այս պատիւին համար եւ շնորհաւորեց միաբանութիւնը, ծնողներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

Ս. պատարագէն ետք, չորս վարդապետներն ու խարտաւիլակ հայր սուրբը, ձեռնադրիչ սրբազանին առաջնորդութեամբ, բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ, ուր ընծայեալները ստացան անոր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները:

 

 

Նախորդը

«Թեհրանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւնները Կը Շարունակեն Ընդլայնիլ» Կ՛ըսէ Վայեզի

Յաջորդը

Փոմփէօ. «Մեծապէս Վստահ Ենք, Որ Պիտի Կարենանք Ծոցի Մէջ Ծովուժերու Դաշինք Մը Կազմել»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.