Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը եւ խաչի տօներուն երկրորդը` Վերացման Սուրբ խաչի տօնը այս տարի եւս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Արդարեւ, կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան:

Պատարագիչ սրբազանը իբրեւ բնաբան ընտրած էր «Քեզմէ ակնածողներուն դրօշ մը տուիր, որպէսզի ազատին մահացու աղեղէն» (Սղ. 60.4) համարը: Ան մատնանշեց, թէ դրօշը` խաչը Տէրը Ինքն է, եւ երբ Ան ներկայ է մեր կեանքին մէջ, ուրեմն թշնամիին բոլոր յարձակումները պարտութեան կը մատնուին: Սրբազանը աւելցուց, որ խաչը անձեռագործ դրօշն է Երկինքի արքայութեան, եւ անոնք, որոնք նայեցան խաչին, փրկուեցան: Խօսելով խաչին մասին` սրբազանը յիշեցուց, թէ «Խաչ դրօշը» Աստուածաշունչին մէջ «Դրախտին մէջ անմահութեան կենաց ծառը» կը ներկայացնէ եւ «Աբրահամ հաւատքի հօր որդիին` Իսահակի զոհագործման ուսին դրուած փայտերն» ու « Մովսէսի ձեռքին Աստուծոյ գաւազանը, որով բացաւ Կարմիր ծովը, ու ժայռէն ջուր բխեցուց, եւ անոր բարձրացումով յաղթեցին ամաղեկացիներուն»:

Աւարտին, ան աղօթք վերառաքեց առ Աստուած եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ պահէ ու պահպանէ Լիբանանը, Սուրիան եւ մեր հայրենիքը` Իր Ս. խաչին նշանով:

Յայտնենք, որ Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանին մէջ վեհափառ հայրապետը «Սիլիսիա Թի.Վի.»-ին ճամբով ուղղեց իր հայրապետական պատգամը Սուրբ խաչի Վերացման տօնին առիթով:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 24.310-ի

Յաջորդը

Ուահապ. «Դաւադիր Է Կամ Միամիտ Այն Անձը, Որ Կառավարութիւն Մը Կը Պատկերացնէ Առանց Շիիական Քաղաքական Զոյգ Ուժերուն»

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.