Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Վերականգնումի Քայլերով

Սեպտեմբեր 5, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2020 թուականը աղէտալի ծալքերու կողքին իր մէջ ունի նաեւ յոյսի եւ կեանքի ծիլեր:

Արդէն անցաւ ամիս մը Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն: Սակայն լիբանանցի ժողովուրդը յատկապէս եւ ի մասնաւորի լիբանանահայը իբրեւ փիւնիկ կրցան մոխիրներէն վերածնիլ եւ կրկին կեանքի կոչել բոլոր աշխատանքները:

Նկատի ունենալով, որ այս տարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան 100-ամեակն է, հաստատութեան տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ 100-ամեակի նշումի մեկնարկը կատարելու մանուկին անմեղ ժպիտով, հիւանդին օրհնութեամբ եւ տարեցին աղօթքով:

100 տարի առաջ փոքրիկն Հաուըրտ Գարակօզեանի մահը պատճառ դարձաւ, որ իր հայրը` յաղթահարելով մահուան գաղափարը, զայն վերածէ կեանքի աղբիւրի: Այսօր, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, հետեւելով իր հիմնադիրին քայլերուն, ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումի սարսափը կեանքի յոյսով յաղթահարելու նպատակով ի գործ դրաւ հետեւեալ ծրագիրները.

Ա.- Գործակցաբար «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի երաժշտական բաժանմունքին, կազմակերպեց 100 մանուկներու յատուկ յայտագիր ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2020-ին, համախմբելով  Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի 70 աշակերտներ եւ 30 լիբանանցի ու այլ քաղաքացիութիւն ունեցող 30 մանուկներ «Գարակէօզեան» հաստատութեան բակին մէջ: Տնօրէնութիւնը ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ համաճարակի առողջապահական  քայլերուն` պահպանելով ընկերային հեռաւորութեան, դիմակներու գործածութեան եւ ձեռքերու հականեխման սկզբունքը:

Երաժշտութեան, մանուկներու յատուկ ընթերցանութեան, երգի, պարի եւ խաղի մթնոլորտին մէջ մասնակցողները պահ մը մոռցան իրենց վախերը, ցաւերը, մտահոգութիւնները եւ առիթը ունեցան ապրելու իրենց արդար իրաւունքը` խաղաղ մանկութիւնը:

Աւարտին մանուկները կազմեզին «Գարակէօզեան» հաստատութեան նշանաբանը` Մեծ ու Փոքր Մասիսները` միացած լիբանանեան մայրիին:

Բ.- Ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին ընթացք առաւ «ՓԱՐՈՍ 2» ծրագիրը: «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի աւարտական տարուան 20 ուսանողները իրենց պատասխանատուին ընկերակցութեամբ եւ Together For Lebanon-ի 10 կամաւորներ,  գլխաւորութեամբ հաստատութեանս ընկերային ծառայողներուն, այցելեցին 10 անկարող տարեցներու տուները եւ մատուցեցին պէտք եղած բժշկական խնամքը:

Այստեղ նշենք, թէ այս ծրագիրին հիմնական նպատակն է այցելել բնակարանները տարեց հայրերուն եւ մայրերուն, որոնք անկարող են տունէն դուրս գալու, եւ անոնց  ապահովել բժշկական անմիջական խնամք, դեղորայք, արեան քննութիւն եւ այլ պէտքեր:

Գ.- Ապրելով ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար, քաջ գիտակցելով երկրին տնտեսական ահաւոր վիճակը, բաժնելով հիւանդին ցաւը եւ  բժշկութիւնը անխտիր  բոլորին հասանելի դարձնելու նպատակով հաստատութեան բժշկական բոլոր ծառայութիւնները եղան ԱՆՎՃԱՐ, ներառեալ այցեգիները, հաստատութեան դեղարանի  դեղերն ու հաստատութեան մէջ կատարուող արեան քննութիւնները:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ մասնագէտներու կողմէ կը մատուցուին հետեւեալ ծառայութիւնները.

Մանկաբուժարան-պատուաստներ, կանանց հիւանդութիւններու մասնագէտ, ոսկորի մասնագէտ, գեղձերու եւ շաքարախտի մասնագէտ, սրտաբան, ընտանեկան բժշկութիւն, sports medicine, թոքերու մասնագէտ, երիկամներու մասնագէտ, ֆիզիոթերափիսթ, քիթ-ականջ-կոկորդի մասնագէտ, ստամոքսի-աղիքներու մասնագէտ, սննդագէտ:

Հաստատութիւնը նաեւ կը մատուցէ ընկերային եւ հոգեբանական մասնագիտական ծառայութիւններ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պէյրութի Ահաւոր Աղէտին, Մարդկային Կեանքի Եւ Մեր Խմբագրատուներուն Հանդէպ Անհաւատալի Հեգնական Դրսեւորումներ

Յաջորդը

Սեդային (Սեդա Մեսրոպեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?