Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն Դպրեվանքին Մէջ` Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսներու Մասին

February 9, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նկատի ունենալով, որ կիրակի, 7 փետրուար 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր Ս. Աթոռի վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար, ուրբաթ, 5 փետրուար 2021-ի երեկոյեան դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ Ընծայարանի Դ. եւ Գ. դասարանի սարկաւագները ներկայացուցին դասախօսական շարք մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին Անթիլիաս հաստատուելէն ետք գահակալած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն մասին:

Դպրեվանքի սարկաւագները հերթաբար ներկայացուցին երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան, աթոռակից Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան, Պետրոս Ա. Սարաճեան, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, Զարեհ Ա. Փայասլեան, Խորէն Ա. Բարոյեան եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսները: Սարկաւագները վեր առին վեհափառ հայրապետներուն կեանքը, ծառայական վաստակը եւ անոնց նուիրական ոգին` ի սպաս Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդին անսասանութեան: Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ մեր հայրապետներուն ոգեշնչող ներկայութիւնը կը լեցնէ դպրեվանքը` իր հոգեմտաւոր առաքելութեամբ եւ կաթողիկոսութիւնը` իր ազգային ծառայութեամբ:

Դասախօսութեան աւարտին դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան գնահատելով սարկաւագներուն ներկայացումները` դպրեվանեցիներուն ըսաւ. «Մեր կաթողիկոսները տեսիլք ունէին, որ օր մը իրենց ցանած հունտերը պիտի դառնան այսօրուան պտղատու եւ ծաղկազարդուած կաթողիկոսութիւնը: Անոնք տեսիլք ունէին, որ օր մը պիտի ունենան այնպիսի սերունդներ` դպրեվանքի հոգեմտաւոր հնոցին մէջ թրծուած, որոնք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան ջահը վեր պահելով` պիտի տանին ժողովուրդին: Այսօր իրենց երազը իրականացած է, երբ հետեւինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկութեան համազգային առաքելութեան: Մենք կոչուած ենք անոնց յիշատակը անմար պահելու` հաւատարիմ մնալով անոնց նուիրական կտակին եւ մանաւանդ աղօթելու մեր վեհափառ հայրապետին` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին համար, որ կը շարունակէ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով դարաւոր այս Ս. Աթոռին ազգանուէր ծառայութիւնը»:

Աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը դպրեվանքի տեսչութեան եւ մեծ ընտանիքին անունով նորեկ աշակերտներուն նուիրեց Ժամագիրք եւ Աւագ Շաբաթ:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարի Գործադիր Մարմինի Ժողովին

Յաջորդը

Հոգեհանգստեան Կարգ Վասն Հոգւոցն Հայրապետացն Եւ Համայն Միաբանից Ուխտին Կիլիկեան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.