Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, 2026-ին ընթացք առին ամսական դրութեամբ ծնողական հանդիպում-զրոյցները, որոնց նպատակն է` պատանիներու ծնողներուն հետ ստեղծել կապ, ներկայացնել պատանիներու դաստիարակութեան եւ զարգացման նպաստող օգտակար եւ այժմէական նիւթեր եւ քննել պատանիները յուզող ընկերային նիւթեր: Զրոյցները տեղի ունեցան «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Առաջին զրոյցը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 24 յունուար 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին: Զրոյցին նիւթն էր «Միութենական կեանքին կարեւորութիւնը պատանիներու կազմաւորման մէջ»: Զեկուցաբերներն էին ուղղախօսութեան մասնագէտ Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան եւ հոգեշարժունակութեան մասնագէտ Մակալի Թովմասեան:
Իսկ երկրորդ հանդիպումը կայացաւ շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Նիւթ` «Պատանիներուն անվտանգութիւնը թուային աշխարհին մէջ»: Զեկուցումը ներկայացուց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեան:
Երրորդ ամսուան զրոյց-քննարկումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 մարտ 2026-ին, ժամը 10:00-ին: Նիւթ` «Տագնապալի պայմաններուն մէջ պատանիներու հոգեկան-մտային առողջութեան կարեւորութիւնը եւ մեր միութիւններուն դերը»: Ներկայացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան: Այս առիթով նաեւ իր խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան:
Յայտնենք, որ ծնողական հանդիպումներու սկզբնաւորութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի անդամ Շաղիկ Հաւաթեան, որ շեշտեց այս հանդիպումներուն կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ յառաջիկային ԸՎՄ-ը պիտի իրականացնէ այլ բնոյթի նախաձեռնութիւններ` առաւել եւս ամրապնդելու վարիչ-պատանի-ծնողք կապերը:
Աւելցնենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցումէն ետք մասնակցող ծնողները հարցումներով նիւթերուն շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ արտայայտեցին իրենց տեսակէտները, փորձառութիւններն ու մտահոգութիւնները:


