Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Տարեցներու Ընկերային Հաւաք

April 9, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ ու նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի  եւ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, երեքշաբթի, 31 մարտի կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բաժանմունքի տարեցներու ընկերային հաւաքը:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարի Ս. Զատիկը կը դիմաւորենք ծանր պայմաններու մէջ, եւ այս դժուարին օրերուն մեր ժողովուրդը կը դիմանայ դժուար փորձութիւններու, բայց նոյն ժամանակ կը պահէ իր հաւատքը եւ յոյսը: Ան ըսաւ, որ յարութեան պատգամը այսօր, աւելի քան երբեք, մեզի կը յիշեցնէ, որ ամէն մութ գիշերէ ետք կու գայ յոյսը, եւ ամէն տառապանք ունի իր վերածնունդը:

Շէմէմեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ձեռնարկի բարերար Վրէժ Սապունճեանին` աւելցնելով, որ իր բարի քայլը սիրոյ եւ մարդասիրութեան արտայայտութիւն մըն է: Եզրափակելով իր խօսքը` ան  մաղթեց, որ Ս. Զատկուան տօնը բոլորին բերէ խաղաղութիւն եւ յոյս:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը: Շահէ արք. Փանոսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ զատկական տօնի նախօրեակին մտերմիկ պայմաններու մէջ քով-քովի գալու առիթը ունեցանք: Ան դիտել տուաւ, որ պատերազմական պայմաններու մէջ ենք, սակայն լիբանանցիները վարժուած են, եւ պատերազմ կամ ոչ` կեանքը պէտք է շարունակուի, եւ իմաստութիւնն ալ կը թելադրէ, որ այդպէս ըլլանք, այլապէս կրնանք սպառիլ եւ վերջանալ, հետեւաբար ան մաղթեց, որ տօնական ուրախութիւն փորձենք հաստատել մեր առօրեայէն ներս, որքան որ կեանքի պայմանները դժուար ըլլան: Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Վրէժ Սապունճեանին, որ գեղեցիկ մտածում ունեցած էր ճաշի սեղանի մը շուրջ հաւաքել բոլորս Ազգային առաջնորդարանէն ներս եւ մաղթեց, որ իր եւ մեզի օժանդակող մարդոց Աստուած յաջողութիւն պարգեւէ, որպէսզի իրենք ալ գեղեցկացնեն եւ առատացնեն մեր կեանքը: Սրբազան հայրը մաղթեց նաեւ, որ տագնապը հեռանայ մեր կեանքէն, որպէսզի ստեղծագործ աշխատանքի մէջ գտնուինք բոլորս:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ իրարմով ըլլալը այսօրուան պայմաններու մէջ կարեւոր է բոլորիս համար, եւ կարեւոր է, որ մեր եկեղեցիներուն եւ մեր կառոյցներուն շուրջ մնանք, որպէսզի ըլլանք ամուր եւ տոկուն: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուած անփորձանք պահէ բոլոր տուները, յաջողութիւն պարգեւէ մեր կառոյցներու աշխատանքներուն եւ անսասան պահէ մեր Եկեղեցին, իր օրհնութեամբ քաղցրացնէ մեր կեանքը, եւ թող որ մեր ընկերութեան մէջ կարիքաւորներ չգտնուին: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին` իր պատրաստակամութեան եւ իր աշխատանքին համար:

Ապա ներկաները առօրեայ մտահոգութիւններէն հեռանալով` անցուցին ընկերային հաճելի եւ տօնական ուրախ պահեր:

Նախորդը

Զատկուան Տօնակատարութիւն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Պոլսոյ Մէջ Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համագումարին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.