Զաւարեանական

Ներողութիւն, Յորդոր, Հարցումներ

Հ. Փ. «Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը: Այդ հարցումով սկիզբ կ՛առնէր Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան հարցերը ներկայացնող ամփոփ եւ ընդհանուր ներկայացումը, որ կրթական տարեշրջանի աւարտին մատուցուեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն,  Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ: «Կա՞յ մէկը, որ լսած է «Ջաւախք» բառը: Եւ միշտ ալ պատասխանը յստակօրէն ժխտական էր, ու հաւատացէք, թէ` անկեղծ նաեւ: Ջաւախքի մասին մեր գաղութի անգիտութիւնը...

Պայքարը Ներսէն. «Նոր Զարթօնք»-ը Կը Խօսի Սփիւռքին

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԳՈՃԱՅԵԱՆ ԱՐԱԶ Թուրքիան իր ամբողջութեամբ եւ իր տարբեր ծալքերով հասկնալը մեզի համար անկարեւոր չի կրնար ըլլալ: Նմանապէս, թրքահայութիւնը եւ յատկապէս Պոլսահայութիւնը, որ թուրքիոյ մէջ ամէնէն աւելի կայացած հայկական հաւաքականութիւնն է, պէտք է յարատեւօրէն մնան մեր ուշադրութեան կեդրոնը: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ վերջին տարիներուն սկսած եւ յայտնապէս վերջերս սաստկացող զարգացումները, ըլլան անոնք քաղաքական, ընկերային, թէ ինքնութենական եւ ազգային փոքրամասնական հարցերու ծիրէն...

ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հրատարակութիւններու Եւ Քարոզչական Իրերու Ցուցադրութեան Առիթով

Զաւարեան ուսանողական միութեան առաքելութեան հիմնական մասը կը կազմէ իր անդամներուն եւ հանրութեան գաղափարական-քաղաքական զարգացումը: Այս առաքելութիւնը կ՛արտայայտուի ԶՈՄ-ի դաստիարակչական քարոզչական ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ` անոր կատարած քաղաքական-գաղափարական գիրքերու եւ յօդուածներու հրատարակութեամբ ու տարածումով: ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ, 1904-ին, Սիմոն Զաւարեանի հրահանգով Պէյրութի ամերիկեան համալսարան կը հասնին աւելի քան 100 գիրքեր, որոնք սեփականութիւնը կը դառնան հայ ուսանողութեան եւ կ՛ապահովեն անոնց քաղաքական-մտաւորական...

Առողջ Արմատներ, Հիւանդ Մարմին

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Պատմութիւնները ետ կ՛երթան մինչեւ այն օրերը, երբ գրիչ կար, սակայն գիրք չկար, այն օրերը, երբ հաւատք կար ու յարգանք, անմեղութիւն կար ու պարզութիւն, յանդգնութիւն ու խիզախութիւն: Երկար ու դաժան պայքարներէ ետք գիւղացիները փրկուած էին, սեւ օրերէ ետք անոնք ազատ էին: Փրկուած էին մէկ ընտանիքի շնորհիւ: Ընտանիք մըն էր, որ կու գար համեստ արմատներէ, ընտանիք մըն էր, որ բարոյական...

«Օսմանեան Իշխանութիւններու Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Մտադրութիւնները Կարելի Է Փաստել Նոյնինքն Օսմանեան Փաստաթուղթերու Վրայ Հիմնուելով» Կ՛ըսէ Թաներ Աքչամ

Թաներ Աքչամի Լիբանան այցելութեան առիթով «Զաւարեանական Էջ»-ը անոր հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ գլխաւորաբար կ՛անդրադառնայ Աքչամի վերջին գիրքին` «Երիտթուրքերու ոճիրը մարդկութեան դէմ»-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բերած նպաստին:   ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչը մղեց ձեզի ուսումնասիրելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մանրամասնօրէն գրելու անոր մասին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրականութեան մէջ զուգադիպութիւն էր: Համպուրկի մէջ սկսայ աշխատիլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ չարչարանքի պատմութեան նիւթով. երբ ուսումնասիրական ծրագիրս աւարտին կը...

Թուրք Ազգայնականութիւնը Հիմնական Ազդակ 1915-ի Եղեռնին

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Հասկնալ 1915-ի ցեղասպանութիւնը` ինքնին հսկայ հետազօտութիւն կը պահանջէ եւ կը պարտադրէ մեզի, որ մենք քննենք այս իրողութիւնը իր տարբեր անկիւններով եւ երեւոյթներով: Հետեւաբար այս յօդուածով կ’ուզեմ անդրադառնալ Ցեղասպանութեան առնչուող երեւոյթի մը, որ շատ յաճախ դուրս կը մնայ մեր դիտանկիւնէն, երբ կը փորձենք ներկայացնել կամ պատմաբնութագրել Մեծ եղեռնը: Սոյն յօդուածը փորձ մըն է ուսումնասիրելու 1915-էն առաջ առկայ այն մտածելակերպերը...

«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Վերջ Մը Չէ, Այլ` Նոր Փուլի Մը Սկիզբը» Զաւարեանական Էջին Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հարցազրոյց մը տուաւ Զաւարեանական էջին` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, այդ գծով ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն, թուրք-քրտական բանակցութիւններուն ունեցած անդրադարձին, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ յետընտրական իրավիճակին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը որքանո՞վ անկիւնադարձային կրնայ ըլլալ եւ ի՞նչ նշանակութիւն կը տեսնէք անոր մէջ: ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը վերջ մը չէ, այլ`...

Մեր Խօսքը. Ընկեր Հրաչ Մուրադեանի Յիշատակին

Հերոսներու կենդանութեան զերծ մնալ անոնց հասցէին գովասանքներէ, փառաբանումէ եւ գովերգանքէ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ անգիր օրէնք է, բարոյական ուժեղ եւ ժուժկալ նկարագիր կոփող սկզբունք: Աւելի՛ն. անշահախնդիր, անկեղծ եւ, վերջապէս, իսկական հերոսները իրե՛նք յաճախ կը խրտչին նմանօրինակ վարձատրութիւններէ, եւ իրաւա՛մբ. ան, որ անձնուրացօրէն կը զոհաբերուի յանուն ազնիւ գաղափարի, յանուն նպատակի, յանուն ուրիշի՛ն, մանաւանդ ա՛ն, որ տակաւին տալիք ունի, իր տարած գործին...

Հայերէնի Աղաւաղումը

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Շատ են մեր ազգին գոյատեւումը վտանգող տարրերը: Ազգի մը գոյատեւման համար անհրաժեշտ է հողին, մշակոյթին, պատմութեան, ինչպէս նաեւ լեզուին պահպանումը: Սակայն ներկայիս նկատելի է, որ մեր մայրենի լեզուն կ՛աղաւաղուի օրէ օր: Սփիւռքի մէջ ապրիլը, օտար ամուսնութիւնները, համացանցի վրայ հայատառ չգրելը եւ հայոց լեզուի դասապահերու նուազումը դպրոցներէն ներս... պատճառ կը դառնան մեր լեզուին նահանջին: Սփիւռքի մէջ ապրելով` բնական է,...

Ձօն Ջաւախքի

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ Հայոց աշխարհի անբաժան հատոր Դարձար օտարներու կալուած Մասիս սարին ընդմիշտ յարած Հայոց իշխանի կարօտով տոգոր Ռուբէնեան ուխտով կտրիճ զինուորներ Քեզ պիտի փրկեն մարտի դաշտերուն Գոռացիր ազատութիւն անվեհեր Թող ղօղանջեն զանգեր քո ժամերուն Հայ դատի թաքուն կամքի փորձաքար Հայոց լեռներու շղթայուած կռուան Եռա՛ ու պոռթկա՛ ընդդէմ բռնարար Հրաբուխ ազգի տենչով սրբազան Նոր Արցախ դարձի՛ր, անշէջ բռնկիր Երէկ Շուշի էր,...

Քսանհինգ Տարիներ Ետք. Պահպանե՛նք Խորհուրդը

Ինչո՞ւ կը նշուին ամեակներ, ինչո՞ւ կը փառաբանուին պատմական յաղթանակներ, եթէ ոչ` անցեալէն դասեր քաղելու, օրինակելի դրուագներ հասարակութեան մէջ տարածելու եւ հաւաքական արժէքներ սերունդէ սերունդ պահպանելու համար: Կը հաւատանք, թէ անցնող փետրուար ամիսը ներկայացուց այնպիսի զուգադիպութիւն, որուն շնորհիւ տօնակատարութիւն ու «ամեակ»-ի նշում վերոյիշեալ իմաստով արժեւորուելու եւ առաւելագոյնս օգտաշատ դառնալու առիթ կ՛ունենան: Արդարեւ, արցախեան գոյապայքարի 25-ամեակի նշումը եկաւ զուգադիպելու Հայաստանի նախագահական «ընտրութիւն»-ներուն...

Բաց Նամակ` Մեր Ուսուցիչներուն

ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ՄԸ Սիրելի՛ ուսուցիչներ, Մուշեղ Իշխան անկասկած կը պատկանի այն երանելի սերունդին, որ առիթը ունեցած է Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի նման իսկական մանկավարժներու հսկողութեան տակ դաստիարակուելու: Դաստիարակուիլ կ՛ըսեմ եւ ոչ` ուսանիլ, որովհետեւ ուսուցիչին դերը պարզապէս դասագիրքերու բովանդակութիւնը փոխանցել չէ: Ուսուցիչը դաստիարակ մըն է, եւ իր ասպարէզին էական առաքելութիւնն է կերտել մարդ անհատը, հայ պատանին, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ` ապագայի...

Սեւ Այգին Ողողուած Է

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Առատ ջուրով, պարարտ հողով, կանաչազարդ մեր այգին մէկ տէր ունի: Արիւնոտ հողով, արծուեբոյն գագաթով, մեր այգին մէկ տէր ունի: Սակայն ո՞վ է այս տէրը: Այգին պաշտպանո՞ղն է արդեօք, կամ ցանկապատ քաշո՞ղը: Արիւն թափո՞ղն է, կամ զոհուո՞ղը: Խաղող քաղո՞ղն է, կամ ծախո՞ղը: Այգիին կանչով առիւծներ ծնան, այգիին երգով անոնք մեծցան, այգիին ճամբուն վրայ զոհուեցան եւ հասան այգի: Փլեցին ցանկապատերը,...

Վերադարձէ՛ք

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ «Անհատները կարող են նմանուել, բայց ազգերը` ոչ: Եւ արժանապատուութիւն ունեցողը երբեք չի ձգտի նմանուել ուրիշի. եւ ինչպէս կարելի է ապրել նմանութեամբ` ըմբռնել չեմ կարող: Դա նշանակում է ինքնուրացութիւն, որ ստորնագոյն բանն է: Բնութեան մէջ ամէն մի բոյս ունի իր գոյնը, ամէն մի ծաղիկ` իր բոյրը, ամէն կենդանի` իր ձայնը, ամէն թռչուն` իր երգը ... եւ ոչ մէկը դրանցից...

Փետրուար 18-էն Փետրուար 18

ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Փետրուար 18-ին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրութիւնները: Դժբախտաբար արդիւնքները կանխատեսելի են: Հակառակ անոր որ Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս քիչեր են, որոնք գոհ են ներկայ վարչաձեւէն (փաստ` անբնական արտագաղթը եւ հայրենադարձողներու շատ քիչ թիւը), նոյն վարչաձեւը «հաւանաբար» շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ: Բնականաբար հասկնալի է, որ նորաստեղծ պետութիւն մը, որ դուրս եկած է ԽՍՀՄ-էն դիմագրաւէ դժուարութիւններ, սակայն մտահոգիչը...

Նախ Հայ, Ապա` Մարդ Անհատ

ԱՅԲ Ի՞նչ է մարդը, ո՞վ է ան: Մարդը, ըստ քրիստոնէական հաւատքին, էակ մըն է` ստեղծուած Աստուծոյ սուրբ շունչով: Գիտական իմաստով, մարդը ապրող էակ մըն է, որ կը մտածէ, կը զգայ, կ՛ուտէ, կը խմէ եւ կը շնչէ, որպէսզի ապրի: Հոգեբանական իմաստով, մարդը ապրելու համար պէտք ունի պատճառի, այլ մարդոց գոյութեան,  վայելքի, ընկերային կեանքի... Մարդը այսօր աշխարհի ո՛ր կողմը որ ըլլայ, ո՛ւր...

Երեսունմէկ Տարիներ Անց

Հ. Փ. Կը լրանայ նաեւ երեսունմէկերորդ տարին, որ Համբիկ Սասունեան կ՛անցընէ բանտին մէջ: 1970-ական թուականներուն ծայր առած զինեալ ցուցական գործողութիւններու շարքին Լոս Անճելըսի մէջ թուրք հիւպատոսի ահաբեկումէն եւ անոր իբրեւ արդիւնք` Համբիկ Սասունեանի ցկեանս բանտարկութեան դատապարտումէն երեսունմէկ տարիներ անց ի՞նչ նկատառումներ կարելի է ընել, ի՞նչ իրավիճակ կարելի է տեսնել եւ ի՞նչ պահանջ ունենալ: Փորձենք այս հարցադրումներուն պատասխանները գտնել Համբիկի տիպարն...

Հրանդ Տինքն Ու Պոլսահայերը Այսօր

ԳՈՃԱՅԵԱՆ ԱՐԱԶ Աւելի քան իննսուն տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Գրիգոր Զօհրապ իր մատը բարձրացուցած, կը ճօճէ խորհրդարանի նախագահ Հալիմ փաշայի դէմքին` զգուշացնելով, որ հայութեան դէմ գործուած բոլոր չարիքները պիտի չմնան անպատասխան, եւ անոնց հաշուեյարդարը պիտի կատարուի շուտով: Քանի մը ամիս չանցած` Գրիգոր Զօհրապի գլուխը կը փշրեն երկու քարերու մէջ: Վեց տարիներ առաջ Գրիգոր Զօհրապին կը միանայ նոյնինքն...

«Քանդենք Ու Շինենք Նորը»

ՏՕՆԻԿ Տ. Պատմութեան էջերուն մէջ ապրելու համակրելի զգացում մը յաճախ կը շրջապատէ մեր հոգիները, յատկապէս` պատմութեան այն էջերը, ուր խիզախ վերաբերմունք մը կը կայանայ, կը միաւորուի իրաւազրկուած հաւաքականութեան մը ապրումներուն հետ եւ վերջապէս կը ձգտի անոր անդորրութեան ... ազատագրութեան ... Ժողովրդային շարժումներն ու կազմակերպութիւները այսպէս կը ծնին, հաւաքականութեան մը ճնշուածութեան արդիւնքն են անոնք: Երբ անարդարութիւնն ու կեղեքումը համատարած երեւոյթներ են,...

Խոչընդոտ` Օտարացման

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Ինչպէս գիտենք, օտար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը կը բարձրանայ օրէ օր. Բազմաթիւ են հետեւանքները այս իրողութեան, ինչպէս` օտարացում, ձուլում, հայոց լեզուի ուրացում եւ այլն: Յօդուածիս նպատակը մեղադրել չէ այս կամ այն անձը, որ պատճառ կը դառնայ այս կացութեան, ոչ ալ` խօսիլ հետեւանքներուն մասին, այլ`առաջարկ մը տալ այս աշակերտներուն ծնողներուն, կարելի եղածին չափ առաջքը առնելու հետեւանքներուն... Նախ կ՛ուզեմ ըսել,...

Page 14 of 18 1 … 13 14 15 … 18