Տեղեկատու
ԶՈՄ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար- յառաջդիմական կուսակցութեան եւ «Մասար» միութեան կազմակերպած «Համալսարանը` համախմբողը» նիւթով խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էր Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները: Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտը դրուեցաւ համալսարաններու մէջ ուսանողական ընտրութիւններ կազմակերպելու ընդմէջէն համալսարանական կեանքը աշխուժացնելու, Լիբանանեան համալսարանի ուսանողներուն ազգային համադաշնակցութիւնը վերաշխուժացնելու, համալսարանները երկրին մէջ...


