Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քանդենք Ու Շինենք Նորը»

December 28, 2012
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՕՆԻԿ Տ.

Պատմութեան էջերուն մէջ ապրելու համակրելի զգացում մը յաճախ կը շրջապատէ մեր հոգիները, յատկապէս` պատմութեան այն էջերը, ուր խիզախ վերաբերմունք մը կը կայանայ, կը միաւորուի իրաւազրկուած հաւաքականութեան մը ապրումներուն հետ եւ վերջապէս կը ձգտի անոր անդորրութեան … ազատագրութեան …

Ժողովրդային շարժումներն ու կազմակերպութիւները այսպէս կը ծնին, հաւաքականութեան մը ճնշուածութեան արդիւնքն են անոնք: Երբ անարդարութիւնն ու կեղեքումը համատարած երեւոյթներ են, երբ զրկանքներն ու անիրաւութիւնները առօրէական անբաժանելի ստուերի մը բնոյթը կը կրեն ամէնուրեք… կը ծնին ու կը գործեն յանուն անարդարութիւններու վերացումին. Կ՛աշխատին կեղեքումի ու շահագործումի վերացման ի խնդիր. ու այսպէս կ՛ապահովուի անոնց շարունակականութիւնը, կ՛ապրին այնքան` երբ տակաւին իրենց ծնունդի արդիւնքին հիմամբ կ՛աշխատին, այնքան,  որքան իւրաւացի է անոնց պատմութեան հիմքը, հեռու «արուեստագէտ-պատմաբան»-ի մը գրիչէն:

Այս բոլորը ճշգրիտ են նաեւ մեր պարագային, մեր պատմութեան մէջ լուսաւոր էջեր ունեցող կազմակերպութիւններու, ժողովրդային շարժումներու, որոնց դերակատարութեան անկեղծութիւնը անհերքելի է ու փաստարկուած,  նոյնիսկ մօտիկ անցեալին, փաստը` պատմութիւնը:

Երկար տարիներու ընթացքին, իրերայաջորդ սերունդներու անսակարկ նուիրումով, զոհաբերութիւններով եւ ծառայութիւններով գոյացաւ կազմակերպութեան մը հզօրութիւնը ու վերանորոգուող պատմութեան մը տեսքը ստացաւ: Վերանորոգուողն է հիմքն ու սկզբնակէտը, որովհետեւ այնտեղ կայ տարիներու, սերունդներու տարբերութիւնը մը, նաեւ` շարունակականութիւն մը ապահովելու խնդիր … պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Արդէն իսկ հաստատուած է ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան մէջ, կը մնայ վերանորոգուող ուժի, շարունակականութիւնը ապահովող հաւատքի զգացումը, որ ներկան է:

Ու որպէսզի ամէն ինչ վերանորոգուող ըլլայ, ամէն զգացում անկեղծ ու մաքուր ըլլայ, յանուն գոյատեւութեան` պատմութիւն մը աղաւաղող ձեռքեր չըլլան, ինչպէս նաեւ, խաւար ներկայ մը «խաբկանք-պատմութիւն» մը վերածելու խնդիր չունենանք, ուրեմն լծուինք Լ. Շանթի «Վանահայր» հերոսի տեսութեան, որ իր նոր եկեղեցին կառուցելու համար կ՛ըսէ` «Քանդենք ու շինենք նորը»: Ուրեմն, ամէն օր քանդենք ու շինենք նորը` առանց երբեք շեղելու ժողովրդային շարժում ըլլալու անկեղծ հանգամանքէն:

Ներկան «արուեստագէտ-պատմաբանի» մը գրիչէն հեռու պահելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք, այլապէս պատմութիւնն ալ խաբկանք մը կ՛ըլլայ:

Պատմութեան էջերուն մէջ ապրելու համակրելի զգացում մը յաճախ կը շրջապատէ հոգիս … ներկան սարսափելի կրնայ ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Խոչընդոտ` Օտարացման

Յաջորդը

Ուխտագնացի Նօթեր (Զ.) Հողին Ուժը

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։