Զաւարեանական

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանին հետ, որ անդրադարձաւ` արցախեան հարցի ներկայ փուլին, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, ազգային ու քաղաքական կառոյցներու պահպանման եւ Հայաստանի մէջ արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր ի՞նչ փուլի հասած է արցախեան հարցը, եւ որո՞նք են անոր քաղաքական ու դիւանագիտական լուծման հիմնական...

Հաղորդագրութիւն

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

Արցախը հայ ժողովուրդի պատմութեան, ինքնութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի անբաժան մասն է: Անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, հայրենի հողին վրայ ազատ ու ապահով ապրելու ձգտումը եւ իր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կամքը կը շարունակեն մնալ մեր ազգային պայքարի կարեւորագոյն հիմնահարցերէն: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան համար Արցախը միայն անցեալի յիշողութիւն մը չէ, այլ` ներկայի պատասխանատուութիւն եւ ապագայի յանձնառութիւն: 2020-ի պատերազմը, Արցախի շրջափակումը եւ...

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Տասնամեակներ շարունակ ամպիոններէ, լսարաններէ եւ հաւաքներէ լսուած ամէնէն կրկնուած կարգախօսներէն մէկը եղած է հետեւեալը. «Երիտասարդութիւնը մեր ապագան է»: Առաջին նայուածքով, այս արտայայտութիւնը կը թուի գնահատանքի եւ յոյսի արտայայտութիւն: Սակայն, աւելի խորունկ դիտարկումով, անիկա իր մէջ կրնայ պահել վտանգաւոր թիւրիմացութիւն մը` երիտասարդութեան դերն ու պատասխանատուութիւնը միշտ մղելով անորոշ, հեռաւոր ապագայի մը: Երիտասարդութիւնը սպասման սրահի մէջ գտնուող սերունդ չէ, որ...

Յարատեւ Դիմադրութիւն

Յարատեւ Դիմադրութիւն

ՄԷՐԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Երեք տարի անցած է, եւ ըսելիքը շատ է, բայց բառերը` քիչ: Այսքան տառապանք հազիւ թէ կարելի ըլլայ բացատրել երգերով կամ քանի մը պարբերութիւններով: 2020-ը անցաւ կորուստներով, բայց նաեւ` յոյսով. սակայն այդ յոյսը չտեւեց 2023-էն ետք: Մենք Արցախէն մասնիկ ենք, բայց Արցախի մասերը կորսուած են: Այո՛, մենք աւելի զօրաւոր, բայց ցաւով կը կանգնինք հողի այն կտորներուն վրայ, զորս փորձեցին...

Արեան Զարթօնք

Արեան Զարթօնք

ՄԵՂՐԻ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Արցախը պարզապէս աշխարհագրական տարածք մը չէ, այլ հայկական ինքնութեան, չկոտրուող ոգիին եւ սրբազան գոյատեւման բարձրագոյն խորհրդանիշն է, որուն ամէն մէկ քարն ու լեռնաշղթան դրոշմուած է մեր պապենական արեամբ, հաւատքով ու դարաւոր պատմութեամբ: Այս առասպելական լեռնաշխարհը մեր ժողովուրդին համար ազատութեան եւ արժանապատուութեան բաբախող սիրտն է, որուն իւրաքանչիւր մատոյցը դարեր շարունակ դարձած է հերոսական դիմադրութիւն եւ չկոտրուող կամք: Սակայն պատերազմի...

Հաղորդագրութիւն

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

Արարատ լեռը Հայկական Լեռնաշխարհի եւ հայ ազգի հզօրագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա իր էութեամբ մաս կը կազմէ հայկական ինքնութեան: Դարերու ընթացքին հանդիսանալով մեր մշակոյթի, գրականութեան եւ հաւատքի անքակտելի մէկ մասը` դարձած է Հայոց պատմութեան վկան: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կը հաստատէ, որ Արարատը սոսկ լեռ մը չէ, այլ Հայկական Լեռնաշխարհի հսկան է, որ սահմանէն անդին կանգնած է իբրեւ վկայ` սերունդներուն...

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց միութեան վարչութեան անդամ Սագօ Եագուպեանին հետ, որ պատմեց Արարատ բարձրանալու իր փորձառութեան մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արարատ բարձրանալու գաղափարը ինչպէ՞ս ծնաւ, եւ ի՞նչը քեզ մղեց այդ ճամբան բռնելու: ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ.-  Նախ նշեմ, որ այս տարուանը Արարատի գագաթ իմ առաջին բարձրանալս չէր, այլ` երկրորդ: Առաջին անգամ, երբ Արարատ լեռ բարձրացայ,...

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

ՎԱՐԱԳ ՊՈՐՈՅԵԱՆ Փոքր տարիքէս Արարատը ինծի համար եղած է լեռ մը, որ իր սովորական իմաստէն շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցած է: Բազմաթիւ անգամներ լսած եմ տարբեր մարդոցմէ Արարատ բարձրանալու իրենց փորձառութիւններուն եւ յուշերուն մասին: Անոնց պատմութիւններուն մէջ կային դժուարութիւններ, յաղթանակներ, յոգնութիւն, ուրախութիւն եւ զգացումներ, որոնք միշտ հետաքրքրած ու խոր տպաւորութիւն ձգած են վրաս: Այդ պատմութիւնները լսելով` կամաց-կամաց մէջս ալ ձեւաւորուեցաւ...

«… Մեզ Սպասող Լեռներ»

«… Մեզ Սպասող Լեռներ»

ՎԱՀԱԳՆ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ Կեանքի մէջ կան որոշ փորձառութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր իրենց նպատակով: Դէպի Արարատ ուղղուած իմ ճամբաս այդպիսին էր: Անիկա ինծի համար ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան ուղեւորութիւն մըն էր: Արարատին առաջին անգամ մօտենալու պահուն զգացի, որ իմ առջեւս պարզապէս լեռ մը չէր: Կարծես իմ ժողովուրդիս պատմութիւնը կանգնած էր դիմացս: Այնքան ծանօթ էր, հարազատ, բայց միեւնոյն ատեն միշտ անհասանելի եղած էր մինչեւ...

Հաղորդագրութիւն

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24-ը օր մը չէ, զոր տարին մէկ անգամ կը յիշենք: Ան զգացում մըն է, որ մեր կեանքին ագուցուած կը քալէ ամէն օր: Ան ներկայ է մեր մտածումներուն մէջ, մեր խօսքերուն մէջ, մեր լռութիւններուն մէջ: «Ո՞վ ենք մենք», «Ուրկէ՞ կու գանք»` հարցումներ, որոնց պատասխանները հազարաւոր անգամ լսած ենք: Բայց այդ պատասխանները երբեք չեն բաւարարեր այն խոր զգացումին, զոր ունինք` ապրելու...

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

ՄԵՐԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Մինչեւ այսօր կը պահանջենք իտէալականացուած պայքարով, արարքներով եւ «Նեմեսիս»-ով: Կ՛ապրինք զէնքի շաչիւնով, կիներու լացով` իրենց ամուսիններուն մահը սգացող, մայրերու լացով` իրենց սոված զաւակներուն համար, լացի ձայնովը մանուկներուն, որոնք որբացան կայսրութեան մը ձեռքով, որ կանխամտածուած ցեղասպանութիւն գործեց: 1915-ը չաւարտեցաւ: Կորսնցուցինք 1,5 միլիոն հայեր եւ մեր պապենական հողերը, աւելի քան հարիւր տարի ետք կորսնցուցինք Արցախը, կորսնցուցինք նաեւ 5000 անմեղ հոգիներ:...

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

ՍԷՐԼԻ  ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ Այսօր մեր ժողովուրդը կանգնած է լուրջ եւ խոր մտահոգութեան մը դիմաց: Մեր նահատակներուն յիշատակը, որ պէտք է ըլլայ մեր ազգային կեանքին սիրտը, հոգին եւ ուղղութիւնը, կարծես կը մղուի երկրորդական դաշտ: Անիկա այլեւս չի զբաղեցներ այն արժանի տեղը, որ պէտք է ունենայ մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Փոխանակ խոր յարգանքով, արժանապատուութեամբ եւ պատասխանատու մօտեցումով պահելու այդ սրբազան յիշատակը` մենք ականատես...

Հաղորդագրութիւն

Պահանջատիրութիւնը Կարիք Ունի Յեղափոխութեան

 ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ Սաստիկ հարուածներ ստացաւ հայութիւնը վերջին տասը տարիներուն: Ամէնէն ծանր հարուածները եղան Հայաստան-Ազրպէյճան երկրորդ պատերազմը եւ արցախահայութեան տեղահանութիւնը: Ասոր միացան Միջին Արեւելքի սանձարձակ քաոսը եւ մայր գաղութներու աստիճանական պարպումը: Այս բոլորը խորացուցին սփիւռքի մէջ վաղուց սկսած նահանջը: Թուլացան դպրոցական, եկեղեցական ու կուսակցական կառոյցները, եւ հասունցաւ սփիւռքի շարունակականութեան դէմ վտանգը: Յաջորդական այս «ապտակներ»-ը ոչ միայն նիւթապէս ու հոգեպէս մաշեցուցին արդէն պանդխտութեամբ...

Պահանջատէր Մնանք` Արդար Հատուցման Տեսլականով

Պահանջատէր Մնանք` Արդար Հատուցման Տեսլականով

 ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ 24 ապրիլ 1915: Թուական մը, որ ո՛չ միայն կը յիշենք, այլեւ խորապէս կը զգանք: Ամէն տարի այս օրը, հայութեան հոգին կը վառի կրակի մը պէս, որ ո՛չ կը մարի, ո՛չ ալ կը լռէ: Այս թուականին պատահածը Հայոց պատմութեան այն դէպքերէն է, որ մեզի կը յիշեցնէ ոչ միայն մեր ժողովուրդին կրած անսահման տառապանքը, այլեւ` անոր կամքն ու յարատեւ պայքարը:...

Աննահանջ Պայքարը Կը Շարունակուի

Աննահանջ Պայքարը Կը Շարունակուի

ԿԱՍԻԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ 21-րդ դարու հասարակութիւնը, հակառակ իր ապրած անցեալի պատմութեան դառն  փորձառութիւններուն, կը թուի, թէ ո՛չ իսկ մէկ քայլով դէպի յառաջ իրագործում մը կատարած է: Յանցագործութիւններու նկատմամբ անտարբեր կեցուածք որդեգրած ըլլալով` մարդկութիւնը նահանջի ընթացք մը բռնած է. այսօր ականատես կը դառնանք` կործանարար բնոյթ կրող հակամարտութիւններու, պետականօրէն կազմակերպուած ջարդերու, սովամահութեան, հալածանքներու եւ տեղահանութիւններու: Անմարդկային այս ջարդերը կազմակերպողները դատապարտումի չենթարկելով, ամբողջ աշխարհի...

Հաղորդագրութիւն

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

Մարտ ամիսը միայն գարնան սկիզբը չէ, այլ նաեւ յիշեցում մը` պայքարի եւ յառաջընթացի: Կիներու միջազգային օրը ծնունդ չառաւ իբրեւ սոսկ տօն, այլ իբրեւ ձայն բարձրացնելու օր` անարդարութիւններու, անհաւասարութեան եւ ճնշումներու դէմ: 1917 թուականին Ռուսիոյ մէջ կիներու բողոքները` «Հաց եւ խաղաղութիւն» պահանջող, դարձան շրջադարձային. քանի մը օր անց ցարը հրաժարեցաւ գահէն, եւ կիները ստացան ընտրելու իրաւունք: Տարբեր երկիրներու մէջ եւս կիներու...

Հայուհին` Ազգի Յառաջդիմութեան Շարժիչ Ուժը

Հայուհին` Ազգի Յառաջդիմութեան Շարժիչ Ուժը

ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԷՀԻԶԵԱՆ Մարտ ամիսը ընդհանրապէս եւ յատկապէս մարտ 8-ն համաշխարհային օրացոյցին մէջ ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Անիկա պարզապէս տօն մը չէ, այլ կենսական յիշեցում մը` կիներու իրաւունքներու համար մղուած տասնամեակներու պայքարին մասին: Հայ իրականութեան մէջ այս օրը նաեւ յարմար առիթ մըն է վերարժեւորելու հայ կնոջ տիպարը, որ դարեր շարունակ եղած է ընտանիքի անսասան սիւնը, ազգային գոյատեւման երաշխիքը եւ, երբ հարկը պահանջած...

Հաղորդագրութիւն

Հայրիշխանութեան Արմատները

ՄԱՐԳՕ ԽՈՐՇԻՏԵԱՆ Երբ փորձ կը կատարենք հասկնալու ընթացքի մը կարգավիճակը, պէտք է սկսիլ պատմութեան առաջին իսկ օրերէն` փնտռելով պատճառները եւ փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցան այս երկար ժամանակաշրջանին ընթացքին, եւ որոնց արդիւնքն է այսօրուան իրողութիւնը: Հայրիշխանական ժամանակաշրջանին արական սեռը կը տիրապետէր բարձր պաշտօններու, կը պարտադրէ իր որոշումները տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՛իշխէ աշխարհին:  Բարեբախտութի՞ւն, թէ՞ անբախտութիւն: Պէտք է փոխե՞լ, թէ՞ պահել:...

Հաղորդագրութիւն

Կիները` Քնքուշ Եւ Տոկուն

ԼԻԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Մարտ 8-ն Կիներու միջազգային օրն է, օր մը, որ նուիրուած է` կիներու իրաւունքներուն, պայքարին, յաջողութիւններուն եւ հասարակութեան մէջ անոր անփոխարինելի դերին: Հայ կինը պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է տոկունութեան, նուիրուածութեան եւ մտաւոր ուժի խորհրդանիշ: Ան եղած է մայր, ուսուցչուհի, մշակութային գործիչ, ինչպէս նաեւ` գիւտարար, դեսպան, գրող եւ ի պահանջել հարկին` ֆետայի: Հայ գրականութեան եւ հասարակական կեանքի մէջ նշանակալի...

Հաղորդագրութիւն

Կիներու Միջազգային Օրը

ՅԱՐՈՒԹ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ Կիներու նուիրուած ամէնէն կանուխ արձանագրուած տարբերակը «Կիներու օր»-ն էր, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, 28 փետրուար 1909-ին: Կիներուն հետ համերաշխութիւն ցուցաբերելով` համայնավար քաղաքական գործիչ Քլարա Ցետքին առաջարկեց «Աշխատաւոր կիներու օր» նշել, եւ այս առաջարկը ընդունուեցաւ 1910 թուականին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային ընկերվար կիներու համաժողովին, սակայն` առանց օր ճշդելու: Յաջորդ տարի առաջին...

Page 1 of 18 1 2 … 18