Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց միութեան վարչութեան անդամ Սագօ Եագուպեանին հետ, որ պատմեց Արարատ բարձրանալու իր փորձառութեան մասին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արարատ բարձրանալու գաղափարը ինչպէ՞ս ծնաւ, եւ ի՞նչը քեզ մղեց այդ ճամբան բռնելու:
ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ.- Նախ նշեմ, որ այս տարուանը Արարատի գագաթ իմ առաջին բարձրանալս չէր, այլ` երկրորդ: Առաջին անգամ, երբ Արարատ լեռ բարձրացայ, պարզապէս իմ մէջի հայու երազս էր, որ կ՛ուզէի իրականացնել: Անձ մըն եմ, որ չեմ սիրեր խօսքերով բաւարարուիլ, կը սիրեմ խօսքերը գործի վերածել: Երբ կ՛երգենք «Արարատի գլխին դրօշ պիտի դնենք վաղ թէ ուշ», չեմ սիրեր, որ ատիկա միայն խօսքով ըլլայ, այլ կ՛ուզեմ, որ իրականութիւն ըլլայ: Այդ սկզբունքով միշտ ապրած եմ եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ: Իսկ այս երկրորդ բարձրանալու գաղափարը երբ ունեցայ, շատեր ինծի ըսին. «Արդէն մէկ անգամ բարձրացած ես, ինչո՞ւ երկրորդ անգամ ալ»: Երկրորդ անգամ որ բարձրացայ, ինծի համար չէ, որ բարձրացայ, այլ առաջին անգամ, երբ որ բարձրացած էի, ուխտած էի, որ երկրորդ չէ, այլ տասը, քսան, հարիւր անգամ ալ պիտի վերադառնամ, եթէ պէտք ըլլայ, բայց այս անգամ հետս նոր խումբեր եւ նոր մարդիկ պիտի բերեմ, որովհետեւ Արարատը միայն իմս չէ, այլ` ամբողջ հայութեան, ուստի բոլորն ալ պէտք է զայն տեսնեն, նուաճեն եւ հասնին անոր գագաթին:
Այս տարուան Արարատ բարձրանալու գաղափարը ծնաւ մէջս, երբ նոյեմբեր 2025-ին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց, որ հայկական անձնագիրներուն եւ ելեւմուտքի այլ փաստաթուղթերու մէջ կնքուած դրոշմէն Արարատի նկարը հանեն: Ներաշխարհիս մէջ այն համոզումը արթնցաւ, որ անոնք կրնան վերցնել Արարատի նկարը մեր անձնագիրներուն մէջէն, բայց հայութեան սրտերէն եւ մտքերէն չեն կրնար արմատախիլ ընել: Այդ պատճառով ալ որոշեցի յառաջիկայ ամառ (2026-ին) նոր խումբ մը կազմել եւ անոնց հետ Արարատ լեռ բարձրանալ:
Հ.- Բարձրացման ընթացքին ի՞նչ է ամէնէն դժուար պահը, եւ ի՞նչը քեզի ուժ կու տայ շարունակելու եւ ամէն դժուարութիւն յաղթահարելու:
Ս. Ե.- Այս երկրորդ փորձառութիւնս, ինչպէս որ ըսի, ինծի համար չէր: Դժուար պահ ունեցանք, երբ խումբի անդամներէն ոմանք դժուարութիւն գտան շարունակելու, իսկ մենք կը փորձէինք զանոնք ոգեւորել եւ ուժ տալ: Ըսեմ, որ այդ ալ շատ դժուար չանցաւ, գրեթէ բոլորն ալ խանդավառ էին, բայց որոշ տեղեր կը զգաս, որ բարձրացողը անզօր է, եւ դուն ալ որքան խօսիս, խանդավառես եւ ոգեւորես, չես կրնար օգնել տուեալ պարագային, հոն զգացի, որ դժուար է նաեւ առաջնորդելու գործը:
Հ.- Ի՞նչ էր զգացումդ, երբ հասար Արարատի գագաթին եւ այնտեղ բարձրացուցիր զանազան դրօշներ` եռագոյն, Արցախի դրօշ, միութենական դրօշներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի դրօշը` առաջին անգամն ըլլալով:
Ս. Ե.- Արարատի գագաթին հասնելու զգացումը բացատրելը ամէնէն դժուար բանն է: Արարատը հայերուն համար կատարելագործման, կատարեալին հասնելու իրագործումն է, կարծես` կը հասնիս կատարեալին եւ ամբողջ ազգին խորհրդանիշին: Երբ որ դուն ոտքդ անոր գագաթին կը դնես, կարծես` դուն արդէն հասած ես իտէալին, ճշմարտութեան եւ կատարեալին: Բախտաւորութիւն մըն է, որ կրցած եմ ապրիլ կրկնակի, երկու անգամներուն ալ նոյն զգացումը ունեցած եմ, աներեւակայելի է յուզումը, երբ ոտքդ գագաթին կը դնես, աչքերդ որքա՜ն կը լեցուին եւ լացդ չես կրնար զսպել: Իսկ դրօշակները, որոնք բարձրացան Արարատի գագաթին, բոլոր միութիւններունը, ներառեալ` ԶՈՄ-ինը, ուխտ էր ինծի համար, որովհետեւ այս բոլոր դրօշակները այն միութիւններն են, այն կրթական հաստատութիւններն են եւ միութիւններն են այն կուսակցութեան, ուր ես դաստիարակուած եմ, կազմաւորուած եմ, եւ անոնք այդ կատարեալին եւ իտէալին արժանի են: Երբ դուն այդ դրօշակը հոն կը բարձրացնես, այսինքն դուն այդ միութիւնը, այդ դպրոցը, այդ կուսակցութիւնը հոն կը բարձրացնես եւ անոնց տեղը այդ գագաթին վրայ է:
Հ.- Արարատը ի՞նչ կը խորհրդանշէ հայութեան համար: Ի՞նչ պատգամ կը փոխանցես երիտասարդութեան` իբրեւ անոր գագաթը նուաճած անձ:
Ս. Ե.- Արարատը հայութեան հիմքն է: Երբ Հայկ նահապետ Հայաստանը հիմնեց, Արարատ լերան շուրջն է, որ կառուցեց: Նոյեան տապանը Արարատի վրայ հանգչեցաւ եւ անոր շուրջ մարդկութիւնը երկրորդ կեանք ապրեցաւ, ոչ միայն հայութիւնը, այլ` մարդկութիւնը համայն: Մեր բոլոր թագաւորութիւնները պատմութեան ընթացքին միշտ կապուած եղած են Արարատ լերան: Միշտ մեր մայրաքաղաքները Արարատի մօտ եղած են: Արարատեան նահանգը, Արարատեան դաշտը մեր կեդրոնն էր: Այսինքն կրնանք ըսել, որ Հայաստանը Արարատով ճանչցուած է ամբողջ աշխարհին կողմէ: Այսօր, երբ ինչ-ինչ պայմաններու բերումով Արարատը ներկայ Հայաստանի սահմաններէն ներս չի գտնուիր, այդ չի նշանակեր, որ այդ լեռը հայկական չէ: Երբ Արարատ լեռ բարձրացողներս տուինք այդ յանդուգն որոշումը, որ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս պիտի մտնենք, որպէսզի Արարատ լեռը բարձրանանք, ատիկա չի նշանակեր, որ մենք Թուրքիա կը մտնենք, այլ կը նշանակէ, որ մենք պատրաստ ենք ամէն սահման կտրելու, որպէսզի մեր պատմութեան արմատներուն վերատիրանանք, փաստենք, որ այդ լեռը հայկական եղած է, այդ լեռը հայկական է՛ տակաւին: Պատմութիւնը միայն էջերու մէջ ամփոփուած չէ, այլ ապագայի էջերուն մէջ ալ Արարատը պիտի փորագրուի: Հայութեան համար Արարատը Հայաստան կը խորհրդանշէ, հայութիւն հայրենիք կը խորհրդանշէ: Պատգամս է երիտասարդութեան, որ չխրտչին, չյուսահատին իրենց տեսածներով եւ լսածներով, այս պարտուողական մտածելակերպէն դուրս գան: Եթէ մենք այդքան յոյս կ՛ուզենք ունենալ ապագային որեւէ բանի վերատիրանալու, մենք պէտք է այդ կրակը եւ կայծը, որ մեր մէջը կայ, վառ պահենք: Ճիշդ է, որ մեծ ու հզօր երկիր չենք, որպէսզի մեր ուզածը ընենք, ուր ալ ուզենք, սակայն մենք կը սպասենք յարմար առիթներու, որպէսզի շարժինք, ուստի պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի երբ այդ յարմար առիթը գայ, չկորսնցնենք զայն: Ուստի մենք միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք որեւէ յարմար առիթի շարժելու, այդպիսով ալ մենք կրնանք Արարատին, Արցախին եւ ամբողջ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին վերատիրանալ: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ատոր, եւ պատգամս է երիտասարդութեան, որ իրենց մէջէն վանեն ամէն տեսակ յուսահատութիւն, ժխտական մտածելակերպ, այլ լեցուին պայքարի եռանդով ու վճռակամութեամբ: Արարատը այդ կրակը վառ կը պահէ մարդոց մէջ, այսինքն Արարատ բարձրանալով` անոնք վստահաբար միշտ կապուած պիտի ըլլան այդ լերան եւ այդ կրակով պիտի բոցավառուին:


