Գաղութային

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւնը «Աշխարհին Խաղաղութիւն Է Պէտք» Թեմայով

Ս. Պ.                      Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը ներկայացուց իր կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը` վկայականներու բաշխումով: Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Նորայր եպս. Աշըգեանի, քահանայ հայրերու, քոլեճին խնամակալութեան, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու եւ ծնողներու հոծ ներկայութեամբ, 16 յուլիս 2013-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 26-րդ Հունձքը

Հինգշաբթի, 11 յուլիս 2013-ի երեկոյեան, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ  Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի  ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու: Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ   ներկայացուած Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճին քայլերգներով, որմէ ետք Նայիրի  Սասունեան ասմունքեց Պ. Սեւակի...

Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Տարեվերջի Հանդէս

              Հայ վարժարանը կանգուն պահել` կը նշանակէ` մեր ազգային կեանքի բերդը ամուր պահել: Այդ բերդը` հայ ժողովուրդի փարոսը վառ պահելու ի գին, ոչ մէկ ճիգ խնայած են հայ գիրի ու գրականութեան անվերապահ մարտիկներ, ազգին նուիրեալ հերոսներն ու մտաւորականներ: Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանը իր տասնեակ տարիներու սերնդակերտման առաքելութեամբ կը մնայ մեր ազգային կեանքի կարեւոր...

Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցան ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 38-րդ Մարզախաղերն Ու Փառատօնը

                ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ Նաւասարդեան մարզախաղերու յանձնախումբին ճիգերով 3-6 յուլիսին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի մարզախաղերն ու փառատօնը` Պըրմինկհեմ Հայ սքուլին մէջ, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քալիֆորնիոյ 18 մասնաճիւղերու մարզիկներու, սկաուտներու, ամէն տարիքի միութենականներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան: Չորսօրեայ փառատօնին ընթացքին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ իր միութենական վահանին տակ համախմբել աւելի քան երեսունհինգ հազար հայեր, որոնք...

100 Բանակող Փոքրիկներու Մասնակցութեամբ` Իր Դռները Բացաւ Հայ Գթութեան Խաչի Խալքիտիքիի Ամարանոցը

                23-րդ տարին ըլլալով, դարձեալ վերաբացուեցաւ Խալքիտիքիի մէջ Հայ գթութեան խաչին ամարանոցը, որ այս տարի կը հիւրընկալէ Յունաստանի տարբեր շրջաններէ (Աթէնք, Թեսաղոնիկէ, Թրակիա) 100 բանակող պատանիներ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանէն ժամանած 8 պատանի: Անցնող շաբաթավերջին սկսած ամարանոցը կանոնաւոր իր հունին մէջ մտած է արդէն, երկու օրէ ի վեր լրիւ գործադրուող յայտագրով: Ամարանոցի ամբողջ տեւողութեան...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակի Փառաշուք Ամավերջի Հանդէսը

              Ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ճիշդ ժամը 8:00-ին Վերտիի «Այտա»-ի քայլերգի հնչողութեան ներքեւ Հայ աւետարանական քոլեճի 2012-2013-ի աւարտականները եւ դպրոցի կրթական մշակները իրենց ակադեմական յատուկ տարազներով եկան գրաւելու յատուկ բեմերու վրայ իրենց յատկացուած տեղերը: Հայ աւետարանական քոլեճի ընդարձակ բակը լեցուն էր հանդիսականներով, որոնց մէջ էին ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Երկրորդականի 2012-2013 Տարեկան Հունձքը

                                      Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի վկայականաց բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Բոլոր շրջանաւարտներուն համար նշեալ օրը յիշատակելի եւ տպաւորիչ օր մըն էր, իսկ անոնցմով հպարտ ծնողները, կրթական օճախին...

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանին Ամավերջի Հանդէսներ

Մանկապարտէզ Ուրբաթ, 14  յունիս 2013-ի երեկոյեան  ժամը 7:00-ին Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր միասնաբար ըմբոշխնելու մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց  բաշխումը: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մեր փոքրերը  իրենց յատուկ ոճով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ անցան յայտագրի գործադրութեան: Անոնք հայերէն,անգլերէն  եւ  արաբերէն լեզուներով Աստուածաշունչէն  համարներով եւ երգերու գեղեցիկ փունջով  մը...

Հայկազեան Համալսարանի 156 Ուսանողներ Ստացան Իրենց Վկայականները

28 յունիս 2013-ին տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանին տարեկան վկայանաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 156 ուսանողներ աւարտեցին իրենց բարձրագոյն ուսման շրջանը: Հանդիսութեան ներկայ էին` պետական նախարար զօրավար Փանոս Մանճեան, որ կը ներկայացնէր իշխանութեան երեք պետերը, Մոհամետ Մաշնուք, որ կը ներկայացնէր նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը,  ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեան, ինչպէս նաեւ` այլ հիւրեր, շրջանաւարտներուն ծնողներ եւ...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Փաղանգ Մը

Այս տարի Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը սովորականէն տարբեր բնոյթ կը կրէր, որովհետեւ այս տարի Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանի 50 եւ նախկին Ս. Նշան վարժարանի հիմնադրութեան 110-ամեակն է: Հպարտութիւն է ըլլալ շրջանաւարտը լիբանանահայութեան կեանքին մէջ աւելի քան մէկ դարու ներդրում ունեցած վարժարանի մը հիման վրայ ստեղծուած քոլեճին, որուն դարպասէն ներս լալով մտած ու ժպտուն դէմքերով անկէ շրջանաւարտ եղած...

Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսներ

Ինչպէս ամէն տարեշրջանի աւարտին, այս տարի եւս խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարանի ամավերջի զոյգ հանդէսները` ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու: Արդարեւ, ուրբաթ, 14 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան երեք լեզուներով երգեր, նաեւ` արտասանութիւններ ու պարեր: Ցուցադրուեցաւ մանկապարտէզի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը: Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներն էին` Սէրլի Աղազարեան, Կրէյս Տիշաղճեան, Մարիա-Ռիթա...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Մանկապարտէզի Հունձքը

Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսները ունին իրենց իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու իմաստը, որովհետեւ այդ օրուան յիշարժան ձեռքբերումներն ու յուշերը երկար տարիներ անջնջելի կը մնան աշակերտներու յիշողութեան մէջ եւ տարիներ ետք զանոնք կը վերադարձնեն իրենց անմեղ ու անհոգ տարիներու գիրկը: Արդարեւ, ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին շրջափակը անգամ մը եւս կը խայտար դէպի փայլուն ապագայ ձգտող մանուկներու...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ամավերջի Հանդէս

              Ուրբաթ, 21 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած «Մենք Ճեմարանէն...

Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական  վարժարանը բոլորեց 2012-2013 կրթական տարեշրջանը, եւ վարժարան ու ծնողք քաղեցին այս տարուան հունձքերը: Մանկապարտէզի փոքրիկները, թիւով 19, ամավերջի իրենց հանդէսը կատարեցին Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցիին «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ: «Ճամբորդական միջոցներ» ընդհանուր նիւթին ծիրին մէջ սիրասուն փոքրիկները` Բողբոջիկ-Բողբոջ-Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու, աղօթեցին, երգեցին, պարեցին եւ թատերական տեսարան մը ներկայացուցին: Տպաւորիչ էր Հայաստանի քարտէսը կազմող...

Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 15 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Շրջանաւարտները իրենց վկայականի տարազներով մուտք գործեցին սրահ: Հանդէսին նիւթն էր` «Չորս եղանակները»: Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանին ուսուցիչներէն Լենա Մարգարեան, որ անդրադարձաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան եւ յայտնեց, թէ երբեք պէտք չէ վարանիլ հայ մանուկը հայկական վարժարան ուղարկելէ: Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ երեք...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Նախակրթարանի Աւարտական Դասարանի Հանդէս

Հակառակ անոր որ ՀԲԸ Միութեան Կարմիրեան վարժարանը դադրած է միայն նախակրթարան ըլլալէ եւ դպրոցին մէջ տարուէ տարի նոր` բարձր դասարան մը եւս կը հաստատուի, այնուամենայնիւ, տակաւին կը շարունակուի աւանդական դարձած վեցերորդ դասարանի վկայականաց տուչութիւնը: Դժուար է գրչի հարուածով մը վերջ տալ արմատաւորուած սովորոյթի մը, մանաւանդ երբ գեղեցիկ, յիշարժան եւ ուսանելի  է այդ սովորութիւնը: Ուսումնական այս տարեշրջանի աւարտին եւս, ինչպէս նախորդ...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Շքեղ Հանդէսը

Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի հանդիսասրահին մէջ, որ լեցուն էր հանդիսականներով: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան աղօթք մատուցանեց, ապա երբ վարագոյրը բացուեցաւ, երեւան ելաւ շքեղօրէն զարդարուած բեմը, որուն նիւթն էր` «Մեր դպրոցը 90 տարեկան է»: Հուսկ, մանկապարտէզի չորս դասարաններու աշակերտները...

Համազգայինը Գեղարուեստական Յայտագիր Մը Ներկայացուց «Ճիզըզ Էնտ Մերի» Քոլեճին Մէջ

«Ճիզըզ էնտ մերի» քոլեճի տնօրէնութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի քոլեճ հրաւիրել Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատան մէկ ներկայացուցիչը եւ տուեալ պետութեան ազգային մշակոյթը ներկայացնող խմբակներ: Տարեկան հանդիսութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ քոլեճի բակին մէջ: Յունիս 22-ին, շաբաթ յետմիջօրէին, նոյն նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` ներկայացնելու հայկական մշակոյթը գեղարուեստական յայտագիրով: Այս առիթով հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Հունձքը

              Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած հայ ժողովուրդին գոյատեւումը երաշխաւորելու եւ հայախօսութիւնը պահելու միտումով 1932-ին Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ հիմը դրուեցաւ Ազգային Լուսինեան վարժարանին: 1963-ին վարժարանի վերանորոգման առիթով ան մկրտուեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան անունով: Աւելի քան յիսուն տարիներ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը Նոր Սիսի մէջ հայախօսութիւնը պահելու եւ հայուն գոյատեւումը երաշխաւորելու նպատակով...

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 22 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանին, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանին, Քաղաքապետական խորհուրդի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, վարժարանի խնամակալութեան եւ ծնողական խորհուրդի, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ծնողներուն եւ հոծ բազմութեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ...

Page 87 of 114 1 … 86 87 88 … 114

Արխիւներ