Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Նախակրթարանի Աւարտական Դասարանի Հանդէս

July 3, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ անոր որ ՀԲԸ Միութեան Կարմիրեան վարժարանը դադրած է միայն նախակրթարան ըլլալէ եւ դպրոցին մէջ տարուէ տարի նոր` բարձր դասարան մը եւս կը հաստատուի, այնուամենայնիւ, տակաւին կը շարունակուի աւանդական դարձած վեցերորդ դասարանի վկայականաց տուչութիւնը: Դժուար է գրչի հարուածով մը վերջ տալ արմատաւորուած սովորոյթի մը, մանաւանդ երբ գեղեցիկ, յիշարժան եւ ուսանելի  է այդ սովորութիւնը:

Ուսումնական այս տարեշրջանի աւարտին եւս, ինչպէս նախորդ բոլոր տարիներուն, կարմիրեանցի վեցերորդ դասարանցիները, յետ քննական շրջանի, հանդէսի պատրաստութեամբ զբաղեցան:

Յունիս 23-ին դպրոցին հանդիսասրահը տօնական էր: ժամը տասնմէկէն առաջ ծնողներն ու հիւրերը սկսան գրաւել իրենց աթոռները: Զով ու մաքրութիւն բուրող սրահը յագեցած էր բաբաջանեանական երաժշտութեան հնչիւններով եւ ամէնուրեք թարմութիւն  ու ժպիտ էր:

Պատկերը բոլորովին այլ էր քուլիսներու ետին: Յուզմունք, տագնապ, վախ, արցունքներ… Հանդէսին խտացուած փորձերը աւարտած էին եւ հասած էր պատասխանատու հաշուետուութեան  ժամը…

Տասնմէկը քանի մը վայրկեան անց, երբ արդէն հնչած էին Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ եւ Կարմիրեան վարժարանի քայլերգները, գոց վարագոյրին դիմաց, վեցերորդցիները գրաւեցին բեմառաջի հարթութիւնը եւ հանդիսատեսին պատմեցին իրենց դասարանի ու բացակայ դասընկերներուն մասին: Դասընկերներ, որոնք բոլորիս ծանօթ պատճառներով, տարեվերջէն առաջ իրենց ընտանիքներուն հետ ստիպուած եղան ուրիշ երկիրներ հանգրուանել… Սփիւռքեան կարուսել… Իրենց շրջանաւարտութեան օրը վեցերորդցիները չէին կրնար չյիշել իրենց բացակայ ընկերները…

Քիչ անց բացուող վարագոյրը նոր պատկեր մը պարզեց: Բեմի ետնապատին լիբանանեան լեռներն էին, կղմինտրածածկ տանիքով տուները եւ պէյրութեան երկնաքերները, իսկ բեմահարթակին` հայու բնակարան էր, հայկական ընտանիք եւ հայկական հարցեր… Երեխայ, որ  հայկական վարժարան կը յաճախէ, եւ երեխայ, որ օտար դպրոցի մէջ կը դաստիարակուի… Վեցերորդ դասարանի դաստիարակը առիթը յարմար նկատած էր Ալ. Սարուխանի «Մենք հայերէն չենք գիտեր» թատրերկէն պատշաճ համադրութիւն մը ներկայացնելու:

Բեմին վրայ սարուխանեան ապրող կերպարներ ստեղծուած էին: Հանդիսատեսը մեծ հաճոյքով հետեւեցաւ բեմադրութեան ընթացքին ու ջերմ ծափողջոյններով գնահատեց շնորհալի աշակերտները:

Ներկայացման յաջորդեց ֆրանսական «Սէ լաւ վի» երգը, որ ուղեկցուեցաւ պարային շարժումներով, հայկական պար մը եւ Վաչէ Ավէեանի «Հայ ենք մենք» երգը: Բեմը ուրիշ հմայք կը ստանայ, երբ անոր վրայ երեխաներն են:

Այնուհետեւ երեք համադասարանցիներ սահուն ու վարժ անգլերէնով փոքրածաւալ, խրատական առակ մը ներկայացուցին:

Համառօտ, բայց բովանդակալից էր վարժարանի տնօրէնուհիին` Պալեօզեանին խօսքը: Ան շնորհաւորեց իր սաները, նոր նուաճումներ մաղթեց անոնց Կարմիրեանի հարազատ յարկին տակ եւ ընդգծեց.

«Կարմիրեան վարժարանին համար մնայուն հրամայական է հայրենասիրական ու ընկերային առողջ ոգիով դաստիարակել հայ մանուկները, որպէսզի անոնք կարենան մեծ նուաճումներ արձանագրել եւ միեւնոյն ժամանակ հպարտութիւն ներշնչեն իրենց դպրոցին ու ընտանիքին: Միեւնոյն ատեն մենք տարաբնոյթ ձեռնարկներով ու հանդէսներով մեր հզօր մշակոյթը կը ծանօթացնենք մեր սաներուն եւ հանրութեան` միշտ որպէս հեռանկար ու թիրախ ունենալով հայապահպանումը: Մենք ոչինչ կը խնայենք, որպէսզի մեր հաստատութեան վստահուած հայ երեխաները հասնին լաւագոյնին»:

Վարժարանին տնօրէնութիւնը շրջանաւարտներուն իր սրտի խօսքը ուղղելու համար հրաւիրած էր անուանի գրող-հրապարակագիր Թորոս Թորանեանը: Յարգարժան մտաւորականը շեշտեց, թէ իր խօսքը սրտի խօսք ըլլալէ աւելի միտքի՛ խօսք պիտի ըլլար.

– Լաւ սորվեցէք բոլոր օտար լեզուները,- ըսաւ ան աշակերտներուն,- ատիկա ձեր գրպանին համար է, բայց  առաւել լաւ ձեր մայրենի՛ն սորվեցէք, որ  ձեր հոգիին համար է:

Այնուհետեւ Թորանեան շնորհաւորեց բոլոր այն ծնողները, որոնք Կարմիրեան` հայկակա՛ն վարժարանին վստահած են իրենց զաւակները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց վարժարանին ուսուցիչները իրենց նուիրուած աշխատանքին համար: Սրահը յոտնկայս ու պոռթկումով ծափահարեց…

Կարգը վերջապէս հասած էր շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխումին:

Նախ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով համապատասխանաբար երկու տարբեր ուղերձներ կարդացին Ալին Պետոյեանն ու Աբրահամ Մսըրլեանը, ապա, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հնչեց Վերտիի լայնաշունչ ու հանդիսաւոր երաժշտութիւնը  եւ կապտաւուն պատմուճաններ հագած շրջանաւարտները իրենց ուսուցիչին առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի բեմ:

Բոլորին դէմքերը երջանկութեամբ կը փայլէին:

Բեմ բարձրացան նաեւ վարժարանի տնօրէնուհին, ՀԲԸՄ դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանը եւ  Կրթական յանձնախումբի անդամներ Լիզա Թելվիզեանն ու Մայք Կիրիթլեանը: Շրջանաւարտները միութեան ու դպրոցի ղեկավարներէն ստացան իրենց աւարտական վկայականները եւ տարբեր մարզերու մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւնները գնահատող յատուկ պարգեւներ:

Առիթը յարմար էր, որպէսզի պարգեւատրուէին նաեւ դպրոցի միւս դասարաններուն շնորհալի սաները: Բեմը հպարտառիթ ու բարձր տրամադրութիւն  փոխանցեց սրահին, ուր ծնողք եւ  ուսուցիչներ իրենց վաստակած ուրախութիւնը կը վայելէին հաւասարապէս:

Հանդիսութեան աւարտին հնչեց հայրենի երգիչին ծանօթ երգը, բայց` բոլորովին ուրիշ բովանդակութեամբ եւ… ուրիշ կատարումով: Շրջանաւարտները այնքան գեղեցիկ երգեցին.

Հէնց այսպէս էլ ապրում ենք
Մեր սիրած դպրոցում,
Կարմիրեան վարժարանն է
Մեզ իր գիրկը կանչում…

Ձեր բոլորին նորանոր նուաճումներ, սիրելի կարմիրեանցի շրջանաւարտներ:

ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտ` 1950-Ական Տարիներուն – Նոր Մարաշի Հայկական Վարժարանները

Յաջորդը

«Այո՛, Բոլորս Ալ Հայ Ենք»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.