Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

June 27, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 22 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանին, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանին, Քաղաքապետական խորհուրդի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնանց միութեան վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, վարժարանի խնամակալութեան եւ ծնողական խորհուրդի, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ծնողներուն եւ հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, որ աշակերտները «Ուրախ տարեդարձ» թեմայով հանրութեան պիտի հրամցնեն այն ուրախ մթնոլորտը, որ կը տիրէ մանկապարտէզէն ներս, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր աշակերտ իր ծնունդի յիշատակումով իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնելով իր մօր` պիտի զօրակցի վեհափառ հօր «Հայ մօր տարի» հռչակման խորհուրդին. եւ վերջապէս, փոքրիկները պիտի անդրադառնան ազատագրական պայքարի նուիրեալ մարտիկներուն, որոնք հայ  մայրերուն օրհնութեամբ նուիրաբերեցին իրենց կեանքերը` յանուն սրբազան ՄԱՅՐ հայրենիքին:

Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի խնամակալութեան եւ  բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են մանկապարտէզի բարգաւաճման ու զարգացման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ  ծնողներուն` իրենց աջալուրջ գործակցութեան համար:

Ապա աւելցուց` ըսելով. «Այդ հաւաքական աշխատանքին արդիւնքը պիտի քաղենք այսօր` մեր մանուկներէն լսելով հայաշունչ եւ ազգայնաշունչ խօսքեր եւ դիտելով աշխուժ պարեր» :

Տասնչորս ծաղիկներ, ինչպէս նաեւ Կոկոն, Բողբոջ եւ Ծիլ դասարաններու քառասունութ աշակերտներ հերթաբար բեմ բարձրացան եւ   Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին շրջափակը վերածելով բուրաստանի` ներկայացուցին տարեդարձներու կարեւորութեան ընդմէջէն հայ ժողովուրդի նորօրեայ ժամանակաշրջանի յաղթանակներու պարծանքը հանդիսացող Արցախ աշխարհի ազատագրման 25-ամեակը, ինչպէս նաեւ երգերու ու լոզունքներու ընդմէջէն հաստատեցին, թէ իրենք պատրաստ են վեհափառ հօր յայտարարած «Հայ մօր տարի»-ն ծաղկեցնելու եւ միշտ երախտապարտ ըլլալու իրենց ծնողներուն, երկրորդ մայրերուն` ուսուցիչներուն եւ ամենամեծ մօր` Մայր Հայաստանին, ու դրօշները բարձր բռնած`  խոստացան միացնել զայն իր կորսնցուցած որդւոյն` Արեւմտահայաստանին:

Վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան անդրադառնալով տարեդարձներու կարեւորութեան` ըսաւ, որ տարեդարձ նշել` կը նշանակէ ծագումի կառչիլ, պատկանելիութիւն փնտռել, ժառանգութիւն մը զգենուլ եւ ինքնատիպ անհատականութիւն մը ծաղկեցնել: Ան հաստատեց, որ իր ծագումին կառչող մարդը աւելի ուրախ եւ կենսառողջ է: Իր պատկանելիութիւնը ծնողքին , մայրենի լեզուին եւ իր հայրենիքին մէջ փնտռող անհատը աւելի հարուստ է ժառանգութեամբ եւ անոր ինքնութիւնն ու էութիւնը` հզօր:

Ապա խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ.

«Դուք յիշեցիք եւ յիշեցուցիք, որ այս տարի մեր ազգային նորագոյն զարթօնքի` արցախեան շարժման 25-ամեակն է, եւ ըսիք, թէ Արցախը, երբ մեծնայ ու զօրանայ, կ՛ուզէ իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն միանալ: Այդ քոյրերն ու եղբայրները նաեւ դուք էք եւ մենք, որ այնքան պէտք է մեծնանք եւ զօրանանք , որպէսզի կարենանք մեզմէ խլուած  եօթը դրախտները վերադարձնել մեզի եւ բոլորս ըլլանք Մեծ Հայաստան»:

Տնօրէնը իր խօսքի աւարտին աշակերտներուն ըսաւ, թէ այս վկայականով անոնք կը ստանան վարիչ-մանկապարտիզպանուհիին ու մանկապարտէզի անձնակազմին վկայութիւնը, որ կը հաստատէ, թէ անոնք պատրաստ են անցնելու նախակրթարան մասնակցելու ուսման  մագլցումի արշաւին:

Ապա մաղթեց, որ այս վկայականները հարստացնեն Ծաղիկ դասարանի աշակերտները` ինքնութեան, պատկանելիութեան, ուխտի եւ վերջապէս ուրախ տարեդարձներով:

Հանդէսի աւարտին Արմէն Թաշճեան բեմ հրաւիրեց Արսէն քհնյ.Քէշիշեանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Սանդուխտ Հերկելեանն ու վարժարանի բարերար Քէօշէեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Պայծառ Քէօշէեանը, որպէսզի կատարեն  վկայականաց բաշխումը:

Հրավառութեան  գեղեցիկ պատկերով վերջ գտաւ 2012-2013 տարեշրջանի մանկապարտէզի ճոխ հանդէսը:

 

Նախորդը

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Յաջորդը

Իմաստասիրութիւնը Մանուկներուն Մօտեցնելու Նախաձեռնութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.