Գաղութային

Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 յունիս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Ամավերջի հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեանը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, Ազգային Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ծնողներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կարգ...

26 Ծաղիկներ Աւարտեցին Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մանկապարտէզը

Շաբաթ, 22 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մանկապարտէզի հանդէսը, որուն ներկայ  էին Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան (Պատրիարքական փոխանորդ Լիբանանի կաթողիկէ հայոց թեմի), Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, հարազատներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Հանդէսին նախագահութիւնը ստանձնած էր Քարոլ Պապիկեան¬Քոքոնի: Հայաստանի, Լիբանանի եւ վարժարանի քայլերգներու...

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում

                        Երեքշաբթի, 25 յունիս 2013-ին տեղի ունեցաւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ամառնային դպրոցին բացումը: Բացումին ներկայ էին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներէն տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեան եւ Սօսի Պալեան, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, UNHCR, «Ուըրլտ վիժըն« եւ «Ուոր չայլտ Հոլանտ» կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` 180 աշակերտներն ու...

Մեսրոպեան Վարժարանի Ծաղկաստանէն 50 Աշակերտներ Ստացան Իրենց Վկայականները

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Գայեանէ Մուրատեան, Հրայր Աթաշեան եւ...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Կրկին Տարեվերջ Է…

Յունիս 9-ի առաւօտեան ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հանդիսասրահը մեղուի փեթակ կը յիշեցնէր: Աջ ու ձախ ժպիտներ, անհամբերութիւն, սպասում, ներքին տագնապ ու լիցքաթափուելու պահանջ... Երիտասարդ ծնողներ, դեռ նոր մեծ մայր ու մեծ հայր «օծուած» բախտաւոր զոյգեր սիրով իրենց տեղերը կը գրաւէին ու շուրջիններուն հետ զրուցելով` հարցուփորձ կ’ընէին. - Ձեր ձագո՞ւկն ալ շրջանաւարտներուն մէջ է: - Հապա՞, երեւի ձերն ալ:...

«Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Մրցանակաբաշխութեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հաստատեց` «Դուք Էք Հպարտութիւն Ու Վստահութիւն Ներշնչող Այն Պատասխանը, Որ Երիտասարդ Սերունդը Տէրն Է Իր Ազգային Գիտակցութեան Եւ Յատկապէս Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Գոյապայքարին»

Իրերայաջորդ հինգ շաբաթներու վրայ երկարած սուր մրցակցութենէ ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ չորս տարի առաջ սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական ամէնամեայ մրցումներուն չորրորդ հանգրուանը վերջ գտաւ եզրափակիչ հանդիսութեամբ, կիրակի, 16 յունիս 2013-ի կէսօրին, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ: Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանը ամբողջութեամբ գրաւուած էր բախտաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, տնօրէններու, ծնողներու եւ ազգայիններու կողմէ, որոնք...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 16 յունիս 2013-ին, ժամը 10:30-ին, քոլեճի սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Հեքիաթներու աշխարհ»: Մանկապարտէզի աշակերտները այս հեքիաթային աշխարհը ներկայացուցին թատրոնով մը, որուն իւրաքանչիւր արարէն ետք մթնոլորտը ճոխացուցին պարով մը: Բեմը վերածուած էր անտառի, ուր Ձիւնաթոյրը կը փնտռէր կորսուած թզուկները: Փնտռտուքի ընթացքին ան հանդիպեցաւ հեքիաթային տիպարներու, ինչպէս` Սասունցի Դաւիթ, Մոխրիկ, Մոկլի,...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Կիրակի, 9 յունիսին, կէսօրէ առաջ  ժամը 11:30-ին,  Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը կը ներկայացնէր պալատ մը: Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, Ծաղիկ դասարանէն Քրիստ Դարբինեան եւ Լոռի  Պզտիկեան արտասանեցին բացման խօսքը ու նշեցին, թէ հանդէսը նուիրուած է հայ մօր: Ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսներ

«Իննսուն երկա՜ր տարիներ ի սպաս հայ մանուկին... Հռիփսիմեանցը իննսունամեայ Լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ...»: 2012-2013 տարեշրջանի աւարտին, իննսունամեայ  կրթական ամրոցին շառաւիղը դարձած ոսկի  հունձքը ժողվելու` մանկապարտէզի դեռատի մանուկներու  հանդէսներ   վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ երեք տարբեր թուականներով ներկայացուեցան: Առաջին հերթին, կիրակի, 2 յունիս 2013-ին Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու սիրասուն մանուկները իրենց խորոտիկ շարժուձեւերով եւ պարերով, մեղրածորան արտասանութիւններով հմայեցին հանդիսականները: Ծաղկոցի մատղաշ փոքրիկները, առանձին հանդէսով...

Մեր Վարժարանները, Մեր Ապագան. Սա Մեր Դպրոցն Է

Ուսումնական-կրթական ամավերջի հանդիսութիւնները սկսած են արդէն: Մանկապարտէզները պատրաստած են իրենց յայտագիրները մանկական երգ ու պարերով, մեր մանուկներուն լեզուները բացուած են, կ՛արտասանեն, ներկայացումներ կը կատարեն թատերական զուարճալի պատմութիւններով: Յունիս ամսուան 16-ն է, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնն է, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսն է: Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ...

«Թռչնոց Բոյն»-ի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 15 յունիս 2013¬ի առաւօտեան ժամը 10:30¬ին, տեղի ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Նկատի ունենալով, որ 2013 տարին վեհափառ հօր կողմէ հռչակուած է ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ, ուստի փոքրիկները ներկայացուցին Ղազարոս Աղայեանին «Երջանիկ խրճիթը»` երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով: Հանդէսին գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ  դասարանները: Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի...

Մասնակցութեամբ «Շուշի» Պարախումբին, «Հաւասի» Համոյթին, Վարժարանի Երգչախումբին, Տուտուկի Խումբին Եւ Նուագախումբին. Մեսրոպեան Վարժարանի Գեղարուեստի Խումբերու Միացեալ, Անդրանիկ Եւ Իւրայատուկ Ելոյթ

Այսօր կիրակի, 2 յունիս 2013-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական գծագրութիւններու ցուցահանդէս եւ գեղարուեստի խումբերու ելոյթ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, վարժարանի բարեկամներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային խումբերու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ հայ դպրոցը միայն կրթութիւն փոխանցող եւ պետական քննութիւններուն բարձր նիշ ապահովող կառոյց չէ, այլ ունի ազգային եւ...

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Հիմնադրութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2013-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Զուարթնոց»  կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, որ ներկայացուած էր Սալմա Սապունճեանով: Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նշումը` «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադրութեան 25-ամեակին, սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրով: Երգիչ Ղասսան Սալիպայի կատարողութեամբ, Տանի Ասմա «Սաութաք» երգի խտասալիկի եւ զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Միշէլ Ժանիան եւ Անի...

Մասնակցութեամբ 71 Աշակերտներու. «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրէն 47 Աշակերտներ Ստացան Իրենց Անդրանիկ Վկայականները

Շաբաթ, 8 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի մանկամսուրի պատասխանատու Սալբի Մուղալեան, որ նշեց, թէ աշակերտները մանկամսուրին մէջ խաղերուն ընդմէջէն ընկերային, զգացական եւ կրթական առումով զարգացան ու յառաջդիմեցին: Ան հաստատեց, որ երեխաները արդէն...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի «Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Փայլուն Ելոյթը

Շաբաթ, 18 մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ սկսաւ Հայ  աւետարանական քոլեճի ,Ծիրանիե մանկապատանեկան երգչախումբին ձեռնարկը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք դպրոցի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ դպրոցի հիմնադրութեան 90-ամեակին կը զուգադիպէր այս տարեշրջանի երգահանդէսը: Ան յիշեց հայր Ղեւոնդ Ալիշանի խօսքը` ,Ուր որ հայերէն երգեր կը լսուին, հոն հայրենիքը ողջ էե,...

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» Մասնաճիւղի Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու տօն»-ին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 30 մայիս 2013-ին,Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Կարս եւ «Աստղիկ» մասնաճիւղերու վարչական ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ի կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Զարուհի Գալեմքերեանին եւ հիւրերու: Վարչութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան բացման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարչական անդամներուն տարած աշխատանքը, որոնց շնորհիւ միշտ յաջողութեամբ կ՛աւարտին ձեռնարկները. շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն...

Ընդառաջելով Ընկերային Ապահովութեան Նախարարութեան Կոչին. Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանը Կը Զօրակցի Մանուկներու Իրաւունքներուն

Նախաձեռնութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան, 4-6 յունիսին նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը: Այս 3 օրերը նուիրուած էին այն մանուկներուն, որոնք զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն, ինչպէս նաեւ` խաղալ, դպրոց երթալ, ապահով զգալ իրենց միջավայրին մէջ եւ այլն: Առ այդ, ընդառաջելով ընկերային հարցերու նախարարութեան կոչին` զօրավիգ կանգնելու նման մանուկներուն, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի աշակերտութիւնը` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, փողոց իջնելով վարդեր բաժնեցին անցնող ժողովուրդին...

ՀԲԸ Միութեան Վարժարաններու «Շուշի» Դպրոցական Թատերախումբն Ու Յակոբ Պարոնեանը

Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր հայ ժողովուրդը  Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին միասնաբար ու  միակամ կը նշէ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ բեկումնային դարձած մայիսեան յաղթանակները: Մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն մէջ իր անգնահատելի դերն ու նշանակութիւնը ունի հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշիի հերոսական ազատագրումը, որ դարձած է մեր ժողովուրդի անկոտրում ոգիի, ռազմական փառքի ու յարատեւութեան խորհրդանիշը: Շնորհիւ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի վարժարաններու «Շուշի»...

Յովհաննէս Թումանեանի Մահուան 90-ամեակ. Մեսրոպեան Վարժարանի Թատերախումբի Անդրանիկ Ներկայացում

Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 90-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հ.Կ.Մ.ի «Արարատեան» սրահին մէջ վարժարանի արտադասարանային խումբերու թատերախումբը ներկայացուց «Քաջ Նազար» եւ «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» թատրերգութիւնները` բեմադրութեամբ պրն. Վազգէն Մուղալեանին եւ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն: Երաժշտախառն թատերական ներկայացումին մասնակից 21 աշակերտները իւրայատուկ բեմական կատարումներով մէկ ժամուան ընթացքին ներկաներուն պարգեւեցին հաճելի թատրոն` արժանանալով ներկաներուն...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ստեղծագործական Յաջող Ցուցահանդէսը

Հայ աւետարանական քոլեճի տարեկան ցուցահանդէսին, շաբաթ, 1 յունիս երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ, եւ նշեց, թէ այս տարուան աշակերտական ստեղծագործական ցուցահանդէսը կը զուգադիպէր դպրոցի 90-ամեակին: Տնօրէնը մէկ առ մէկ նշեց ցուցահանդէսին մէջ բաժին ունեցող ուսուցիչները` Վազգէն Մուղալեան (գծագրութիւններ եւ ձեռային աշխատանքներ), Նուարդ Ղորղորեան եւ Յասմիկ Տեմիրճեան (գիտական գործեր), Կարինէ Չոլագեան եւ...

Page 88 of 114 1 … 87 88 89 … 114

Արխիւներ