Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Մանկապարտէզի Հունձքը

July 8, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսները ունին իրենց իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու իմաստը, որովհետեւ այդ օրուան յիշարժան ձեռքբերումներն ու յուշերը երկար տարիներ անջնջելի կը մնան աշակերտներու յիշողութեան մէջ եւ տարիներ ետք զանոնք կը վերադարձնեն իրենց անմեղ ու անհոգ տարիներու գիրկը:

Արդարեւ, ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին շրջափակը անգամ մը եւս կը խայտար դէպի փայլուն ապագայ ձգտող մանուկներու ներկայութեամբ: Բեմի յարդարանքը իր գոյներով եւ հմայիչ դիմակներով իտալական մթնոլորտ կը ներշնչէր, իսկ իտալական հանրածանօթ պարեղանակները կու գային յաւելեալ հմայք աւելցնելու այդ մթնոլորտին:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, աշակերտները միաբերան արտասանեցին «Սաղմոս 91»-ը եւ միասնաբար ներկայացուցին հոգեւոր երգերու շարք մը` Շողիկ Թորոսեանի ղեկավարութեամբ:

Փոխանցման խօսքէն ետք գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, որոնց բարձր տրամադրութիւնը վարակեց ներկաներու հոծ բազմութիւնը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափողջոյններով հետեւեցան յայտագրին:

Մանկապարտէզին առօրեան յաւերժացնող նկարներու ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի Անիթա Քէլէշեան, որ անդրադառնալով մանկապարտէզի աշխուժ գործունէութիւններուն` ընդգծեց խմբային աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ երախտագիտական խօսքեր փոխանցեց վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն: Ան հաստատեց, որ երբ մանուկներու համար պատեհ առիթներ կը ստեղծուին, անոնք անհաւատալի արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն եւ անոնց մէջ սկիզբ կ՛առնէ մարդկային վեհ արժէքներու սկզբունքները: Ան ընդգծեց, որ ծնողներու եւ ուսուցիչներու դերը ճակատագրական է, որովհետեւ անոնք կը հանդիսանան փոքրիկներու հոգիներուն ու մտքերուն գանձարանները բացող բանալիները, եւ անոնք են, որ մարդկային արժէքներու հունտերը կը սերմանեն անոնց հոգիներուն մէջ:

Ապա շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով` ստացան իրենց առաջին վկայականները, որոնք նոր հանգրուան մը նուաճելու դռները կը բանային անոնց առջեւ:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Ս. Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հրաժեշտի նախորդող վայրկեաններուն հնչեցին շնորհաւորական երգեր եւ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Վկայական ստացան`

Այնթապլեան Յովիկ, Գասապեան Միրապել, Գարավարդանեան Լիանա, Թօփէեան Սինտի, Լոշխաճեան Տեսիլ, Կարապետեան Քարլօ, Մինասեան Քարլօ, Յարութիւնեան Հրակ, Յովսէփեան Մարիա, Շահինեան Կալի, Շիշեճեան Գրիգոր Միհրան, Չաքըրեան Հայրօ-Ճեք, Պալեան Պարետ, Պալեան Պերնատեթ, Պետրոսեան Գեղարդ, Պուչաքճեան Գրիգոր, Սարգիսեան Ալիք, Փոլատեան Հայկ, Օհանեան Աննա Զառիկ, Օննիկեան Քրիսթ եւ Ֆստըքճեան Գէորգ:

Նախորդը

«Խելացի Բազմութեան Դարը». Կը Մեքենագրեմ, Ուրեմն Կամ

Յաջորդը

Մեր Առօրեայէն. Ո՞վ Է Օրինակելին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.