Գաղութային

1201_ArthurK-Dubai-2014

Տոքթոր Յ. Նագուլեանի Գործերը Կը Ցուցադրուին Տուպայի Մէջ

Տոքթոր Յարութիւն Նագուլեանի (Arthur K.) հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 21-ի երեկոյեան, Տուպայի «Հիլթըն տապըլ թրի» պանդոկի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Տոմինիաք ամոլին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի հիւպատոսներուն: Ցուցադրութեան դրուած են երեսունէ աւելի ստեղծագործութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր շարքերու` Լիբանանի կղմինտրածածկ տուներ, փիւնիկեան մշակոյթէն ներշնչուած համադրական գործեր եւ հայկական ժայռապատկերներու, խորհրդանշաններու կերպարներ: Բացման խօսքէն ետք...

1122_anjar-(2)

Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Թատերական Ներկայացում

Շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած թատերական երգախառն ներկայացում մը` վարժարանի աշակերտութեան կողմէ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարժարանի ուսուցիչ Լինա Թիւմպէրեանը, որ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուելիք թատերախաղին մասին` «840-ի ամառը» խորագրուած, որուն բեմադրական աշխատանքները ինք տարած էր,  բեմայարդարման բաժինը ստանձնած էին Լուսի Անտոնեանը եւ Միրնա Շէրպէթճեանը, իսկ գեղարուեստական բաժնի աշխատանքները տարած...

1121_aved-(1)

Հայ Աւետ. Քոլեճի Աշակերտները Վարչապետարան Այցելեցին

Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները, նախօրօք առնուած յատուկ արտօնութեամբ, կառավարական պալատ` վարչապետարան այցելեցին` առաջնորդութեամբ դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ ուսուցիչներու: Պատասխանատուի մը առաջնորդութեամբ աշակերտները շրջագայեցան  վարչապետարանի սրահներուն, անցքերուն մէջ ու բարձրացան մեծ պատշգամ, անոնց առիթ տուաւ, որ  յիշատակի նկարներ առնեն: Ամէն մէկ այցելուի տրուեցաւ գրքոյկ մը` վարչապետարանին մասին, եւ կատարուեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Աշակերտներ գոհ...

1121_Harboyan-school

Լիբանանի Անկախութեան 71-րդ Տարեդարձի Հանդիսութիւն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Լիբանանի անկախութեան 71-ամեակին առիթով Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ վարժարանի աշակերտութիւնը պատրաստած էր կոկիկ յայտագիր մը, որ ներկայացուց ուրբաթ,  21 նոյեմբերին: Արդէն քանի մը օրէ լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք միջնակարգ բաժնի արաբերէնի ուսուցչուհի Արզէ Ալամ բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ`...

1121_mesrobian-(1)

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

21 նոյեմբեր 2014-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, դասարանային խմբակներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ` քերթուածներու, երգերու եւ պարերու միջոցով արտայայտելու համար օրուան խորհուրդը: Ներկայացուեցան խմբային եւ անհատական ինը ասմունքներ, վեց երգեր, թատերական երկու պատկերներ եւ երկու պար` խանդավառելով բոլոր ներկաները: Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ աշակերտ  Վանեսա...

IMG_2327

Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

Շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00  «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական միօրեայ սեմինար` կազմակերպութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնին, որ կը գործէ 2013 թուականէն սկսեալ: Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն է նեցուկ կանգնիլ, օգնել եւ մասնագիտական ուղղութիւններ տալ այն հայ աշակերտներուն, որոնք ուսումնական սկզբնական շրջաններուն լեզուական, հաղորդակցական, վերաբերմունքի եւ սորվելու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն,...

1031Apkarian1

Թարգմանչաց Տօնը Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Ազգային Աբգարեան վարժարանը ոգեկոչեց Թարգմանչաց տօնը եւ գիրերու գիւտը, ուրբաթ, 31 հոկտեմբեր 2014-ին, ատենամարզանքի կոկիկ յայտագրի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղան Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Մարալ Անթոյեան եւ ծնողներ: Աշակերտները Մեսրոպ Մաշտոցին յարգանք մատուցեցին` վառած մոմեր եւ սպիտակ ծաղիկներ զետեղելով անոր յիշատակը անմար պահող քանդակին դիմաց, ապա կենդանի պատկերով մը Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Խորենացին եւ Կողբացին, որոնք նոր սերունդին կտակեցին...

1030_hrip-(2)

Ս. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Սրբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Սրբ. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը` յատուկ հանդիսութեամբ եւ ծնողներուն ներկայութեամբ: Հանդիսասրահին մէջ օրուան պատգամը խորհրդանշող բեմական յարդարանքը, հայկական ուրախ երաժշտութիւնն ու աշխուժ եռուզեռը գրաւեցին բոլորին սրտերը: Հանդէսը սկիզբ առաւ լիբանանեան, հայկական եւ դպրոցին քայլերգներով` կատարողութեամբ 5-րդ եւ 6-րդ կարգերու միացեալ երգչախումբին: Օրուան բացման խօսքը արտասանեց 9-րդ դասարանէն Արինա Պերեճիքլեան, որուն յաջորդեցին հայոց լեզուի, մեսրոպագիւտ...

1028_photo8

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւնը Մեսրոպեանի Մէջ. Բանախօսութիւն` Նուիրուած Յովհաննէս Շիրազին

28 հոկտեմբեր 2014-ին Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի ընդհանուր փոխանորդ Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական բաժանմունքի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը վերածեց հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ հայ գրականութեան ոգեւորիչ դասի` ընդմէջէն Յովհաննէս Շիրազի նուիրուած իր դասախօսութեան, որ վստահաբար երկար ժամանակ պիտի մնայ բոլոր ներկաներուն յիշողութեան մէջ: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ այս տարուան թիւով երրորդ Թարգմանչաց հանդիսութիւնը հրաւիրուած էր յատկապէս երկրորդական...

1024_khatch

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Կը Նշուի Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. Խաչ¬Հարպոյեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Անիթա Շիրվանեան բացման խօսքով ներկայացուց պատմականը թարգմանչական աշխատանքին, որով հայ ժողովուրդը զինուեցաւ ինքնապաշտպանական հզօր զէնքով, որուն շնորհիւ առ այսօր մենք կը մնանք անխոցելի` արտաքին մշակութասպան սպառնալիքներուն դիմաց: 12-րդ դասարանի աշակերտ Փիթըր Պետրոսեան ըսաւ. «Բանաստեղծ Գէորգ Էմին հայոց տառերը կը...

1102_bourj-hamoud-(1)

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Մեկնարկ. Մասնաճիւղի 2014-2015 Տարեշրջանի Պաշտօնական Վերամուտ

ՀՄԸՄ-ի  պատմութեան մէջ իր տեղն ու արժէքը ունեցող Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը 2015-ին պիտի բոլորէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: 1935-ին հիմնուած մասնաճիւղը տասնամեակներու ընթացքին հայութեան տուաւ ազգային գործիչներ, տիպար միութենականներ եւ ազնիւ մարզիկներ: Այս պատճառով 2014-2015 տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնն ու հանդիսութիւնը կ՛արժէր ձօնել մասնաճիւղին 80-ամեակը աւետող բարեբաստիկ տարեդարձին: Վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնն ու հանդիսութիւնը տեղի ունեցան կիրակի, 2 նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Ազգային...

1102_Antilias-(5)

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Սկաուտական Վերամուտ

Կիրակի, 2 նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութիւնը: Ժամը 4:00-ին «Աղբալեան,ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտի թրիպիւնը լեցուած էր հոծ բազմութեամբ: Այս անգամ անոնք եկած էին ո՛չ թէ քաջալերելու իրենց նախասիրած Եռագոյն շապիկը կրող պասքեթպոլի տղոց կամ աղջկանց խումբերը, այլ` ՀՄԸՄ-ի ողնասիւնը կազմող սկաուտները: Պէտք է ըսել, որ նախատեսուած էր տողանցք մը ճեմարանէն...

1026_Iran-f

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եզրափակեց Իրան Այցելութիւնը

«Մենք Գաղութէն Հեռացողներով Մտահոգ Չենք, Բայց Մնացողներով Հպարտ Ենք». Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրան կատարած իր հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյեան, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական Խորհուրդը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ երեսփոխանները, միութիւններու պատասխանատուներն...

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ» Երաժշտական Դպրոցի Վերամուտ

«Լիպանիզ միուզիք սքուլ» երաժշտական դպրոցի  2014-2015 տարեշրջանի վերամուտի արարողութիւն տեղի ունեցաւ դպրոցի լսարանին մէջ: Երաժշտական դպրոցի ուսուցիչները` գլխաւորութեամբ դաշնակահար Քրիստինա Փափազեանի, ներկայացան իրենց մանկավարժական տարիներու հմուտ աշխատանքի արգասիքներով, որոնց վառ ապացոյցն են երեք տարիներու ժամանակամիջոցին կազմակերպուած, հանրութեան գնահատանքին ու ծափահարութեան արժանացած համերգները: Բացման խօսքին մէջ ներկայացուեցան նախորդ տարիներուն կատարուած աշխատանքները ու նոր տարեշրջանի մէջ ծրագրուած նորարարութիւնները` «Լիպանիզ միուզիք սքուլ»-ի դաստիարակներու...

PR039_20141031_Att1

ՀՕՄ-ի Նորակազմ Մասնաճիւղ` Պելճիքայի Մէջ

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները` Պելճիքայի նորակազմ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի անդամներուն հետ: Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան հոկտեմբեր 15-16, 2014-ին, այցելեցին Պրիւքսէլ, Պելճիքա, ուր  Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ներկայութեամբ մասնակցեցան Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄ-ի համակիրներուն եւ գիրքի հեղինակ Աննա Աստուածատուրեան-Թրքոթին հետ հանդիպման:...

DSC09983

Եգիպտոս . Եգիպտական-Հայկական Մշակութային Երեկոյ

Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայ մշակութային «Յուսաբեր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 30 հոկտեմբերին «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ուտի նշանաւոր զոյգ «Տինա եւ Ղասան»: Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանը, անոր բնութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքները ներկայացնող տեսերիզ մը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ, պետական անձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի բանակի բանբեր` գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սամիր, տեղեկատուութեան նախկին նախարար,...

Cairo University_Jaber Nassar

Գահիրէի Համալսարանին Մէջ Հայագիտական Կեդրոնը Կը Վերաբացուի

Գահիրէի համալսարանի խորհուրդը, համալսարանի նախագահ դոկտ. Կապեր Նասսարի գլխաւորութեամբ, որոշած է համալսարանին մէջ վերաբանալ Հայագիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոնը, որ անցեալ տարի փակուած էր անսպասելիօրէն: Համալսարան կատարուած դիմումներուն ի պատասխան ըսուած էր, որ անիկա պիտի վերաբացուի արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ, ինչ որ չէր իրագործուած ու ցարդ մնացած էր առկախ: Անցեալ հոկտեմբերի 29-ին համալսարանի նախագահ դոկտ. Նասսար յայտարարած է, որ վերաբացուող կեդրոնը կորիզը պիտի...

1024_yeyeghetzi

Արամ Ա. Կաթողիկոս Թեհրանի Մէջ. Այցելութիւն` Ս. Սարգիս Եւ Ս. Վարդանանց Եկեղեցիներ

24 հոկտեմբեր 2014-ին Իրան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Թեհրանի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, զոր մատուցեց Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան: Իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց հաւատացեալներուն, թէ կեանքի աղբիւրը Աստուած է, ուստի մարդը սեփականատէրը չէ իր կեանքին, այլ մարդը կոչուած է իր կեանքը ապրելու...

Armenians-in-2115-conference-f

«Հայերը 2115-ին» Նիւթով Ռազմավարական Սեմինար

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը հայ ղեկավարներու երկօրեայ եզակի սեմինար մը հիւրընկալեց` ապագայի տեսիլքով: Յատուկ հրաւէրով կազմակերպուած հոկտեմբեր 13-14-ի հաւաքոյթը բարձր մակարդակի համախմբում մըն էր, ուր ռազմավարական քննարկումներ տեղի ունեցան առանձնացած միջավայրի մը մէջ: Մասնակիցներուն կիզակէտը հայաշխարհը յուզող ու ձեւաւորող միտումներն էին: Հայութեան վրայ ներգործող բանալի հարցեր, ինչպէս` Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ...

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբին Ամանորեայ Ներկայացման Փորձերը

Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերախումբի «Ոսկի խնձորը» թատերախաղին առաջին փորձը: Թատերախաղին գրական հենքը Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» հեքիաթն է, որ «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի հեղինակութեամբ ձեռք բերելով նոր գերխնդիր եւ ընդարձակ դիպաշար, ստացած է իւրօրինակ մեկնաբանութիւն` այժմէական, սուր, կատակերգական երանգներով` մէկ ժամ տեւողութեամբ: Ներկայացման ընթացքին շուրջ երեսուն կերպարները` բեմադրիչ...

Page 70 of 114 1 … 69 70 71 … 114