Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

November 19, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_2327Շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00  «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական միօրեայ սեմինար` կազմակերպութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնին, որ կը գործէ 2013 թուականէն սկսեալ:

Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն է նեցուկ կանգնիլ, օգնել եւ մասնագիտական ուղղութիւններ տալ այն հայ աշակերտներուն, որոնք ուսումնական սկզբնական շրջաններուն լեզուական, հաղորդակցական, վերաբերմունքի եւ սորվելու դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, որպէսզի կարենան յաղթահարել այս մարտահրաւէրները, ինքնաբաւ դառնալ եւ լիովին օգտագործելով իրենց կարողականութիւնը` հասնին բարձրագոյն ուսման:

IMG_2334Հաստատութիւնը այս կեդրոնին մէջ կը տրամադրէ ուղղախօսութեան (Speech theraphist), ուղղավարժութեան (Special educator), հոգեշարժի (Psychomotor therapist), հոգեբանութեան (Psychotherapist), վարքագծային բարեփոխումի (Behavioral theraphy), խորհրդատուութեան, ծնողական ցուցմունքներու եւ իրազեկումներու գնահատման եւ միջամտութեան յատուկ ծառայութիւններ:

Նկատի ունենալով, որ յատկապէս վերջին տարիներուն դպրոցներուն մէջ մեծ թիւով աշակերտներ դժուարութիւններ կ՛ունենան յաղթահարելու իրենց դժուարութիւնները ու ինքնաբաւ դառնալ, հետեւաբար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ սեմինար մը` «Մանուկներ, որոնք ունին ուսումնական դժուարութիւններ եւ վարքագծային մարտահրաւէրներ» խորագիրով, որ տեղի կ’ունենայ երկու յաջորդական շաբաթներու վրայ` շաբաթ 15 եւ 29  նոյեմբեր 2014-ին եւ հրաւիրեց Լիբանանի տարածքին գտնուող 24 հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուները, որպէսզի միասնաբար լսեն մասնագէտներուն ցուցմունքները, քննարկեն հարցերը եւ համապատասխան լուծումներ գտնեն յօգուտ հայ աշակերտի ուսման բարելաւման:

Այս սեմինարի առաջին հանգրուանին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2014-ին, կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ աշխատակազմին կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, Pontifical mission-ի պատասխանատու Մարլեն Քոսթանթինը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի (4), Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի (3), Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի (2), Ազգային Աբգարեան վարժարանի (4), Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի (2), Ազգային Ռուբինեան վարժարանի (2), Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի (2), Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի (9), Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի (4), Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի (3), Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի (3), Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարանի (4), ՀԲԸՄ-ի Նազարեան(5), ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի(4), Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի(5), Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի(3), Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի (2), Հայ աւետարանական Կերթմէնեան վարժարանի (2), Այնճարի Հայ անարատ յղութեան քոյրերու վարժարանի (3), Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի (2), «Զուարթնոց» կեդրոնի (1), Վահան Թէքէեան վարժարան (4) եւ Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդի տնօրէնները, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուներն ու ընկերային ծառայողները` 82 հոգի:

IMG_2315Սեմինարի բացման խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, որ յայտնեց, թէ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` որպէս մանկախնամ կեդրոն, իր ուշադրութեան եւ կեդրոնացման հիմնական առարկան դարձուցած է մանուկը անոր մարմնական, մտային եւ հոգեկան երեսներով: Ս. Օհանեան ըսաւ.  «Որպէս մանկախնամ հաստատութիւն` մեր առաքելութիւնն է տեսնել հայ մանուկը առողջ եւ ուրախ. հետեւաբար մենք մեր կարելին պիտի ընենք եւ  աջակցութեան ձեռք երկարենք ու հասնինք հայ մանուկին ոչ միայն մեր  կեդրոնին մէջ, այլ նաեւ` դպրոցներուն մէջ, որպէսզի վարժարաններու տնօրէններու եւ պատասխանատուներու գործակցութեամբ կարենանք մղել մեր աշակերտները, որպէսզի իրենց լաւագոյնը տան կրթական համակարգէն ներս»: Ան նաեւ շեշտեց ներառական կրթութեան կարեւորութիւնը հայկական վարժարաններուն մէջ:

Խօսք առաւ Pontifical mission-ի պատասխանատուներէն Մարլեն Քոսթանթինը: Առաջին հերթին ան ներկաներուն հակիրճ կերպով ներկայացուց Pontifical mission-ի պատմականն ու անոր առաքելութիւն, ապա բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տարած անխոնջ աշխատանքները յատկապէս մանուկներու աշխարհէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Կեդրոնի պատասխանատու Յասմիկ Տօնոյեան-Նալպանտեան փաուըրփոյնթի վրայ ներկայացուց տուեալ ծրագիրին նպատակն ու աշխատելաձեւը, ապա հերթաբար հրաւիրեց կեդրոնին մէջ գործող աշխատակազմը, որպէսզի իւրաքանչիւրը զեկուցէ իր մասնագիտութեան մասին:

Առաջին զեկուցաբերն էր հոգեբան Նաթալի Տէր Սահակեանը, որ զեկուցեց «Մանուկները հոգեբանական եւ ուսումնական դժուարութիւններով» նիւթին մասին:

Կարճ դադարէ մը ետք խօսք առին երկրորդ եւ երրորդ զեկուցաբերները` ուղղախօսութեան մասնագէտ  Շաղիկ Կոկոնեանն ու Ճենիֆըր Ապեթեանը, որոնք խօսեցան «Խօսքի եւ լեզուի խանգարումներ» նիւթին մասին:

Չորրորդ զեկուցաբերն էր հոգեշարժ  Նաթալի Աւեսեանը, որ խօսեցաւ «Հոգեշարժման միջամտութեան ոլորտները» նիւթին մասին:

Ճաշի դադարէն ետք խօսք առաւ հինգերորդ զեկուցաբերը`  ուղղավարժ Մարիա Պիլեմճեանը, որ խօսեցաւ սորվելու դժուարութիւններուն մասին:

Սեմինարի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան յատուկ հարցաթերթիկներ, որպէսզի արժեւորեն տուեալ սեմինարին ներկայացուած նիւթերը:

Սեմինարի երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 29 նոյեմբեր 2014-ին:

 

 

 

Նախորդը

Արաբ Բունար-Քոպանի Կամ Քրտական Լենինկրատ

Յաջորդը

Մոմավառութեան Մատուռի Եւ Կաթողիկոսական Դամբարանի Հիմնօրհնէք Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.