Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Մեկնարկ. Մասնաճիւղի 2014-2015 Տարեշրջանի Պաշտօնական Վերամուտ

November 14, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1102_bourj-hamoud-(1)ՀՄԸՄ-ի  պատմութեան մէջ իր տեղն ու արժէքը ունեցող Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը 2015-ին պիտի բոլորէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: 1935-ին հիմնուած մասնաճիւղը տասնամեակներու ընթացքին հայութեան տուաւ ազգային գործիչներ, տիպար միութենականներ եւ ազնիւ մարզիկներ: Այս պատճառով 2014-2015 տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնն ու հանդիսութիւնը կ՛արժէր ձօնել մասնաճիւղին 80-ամեակը աւետող բարեբաստիկ տարեդարձին:

1102_bourj-hamoud-(4)Վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնն ու հանդիսութիւնը տեղի ունեցան կիրակի, 2 նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու Շրջանային խմբապետութեան ներկայացուցիչներու, շրջանին մէջ գործող թաղականութիւններու ներկայացուցիչներուն, խուռներամ ծնողներու եւ համակիրներու: Տեղին է նշել նաեւ, որ վերամուտի առիթով մասնաճիւղին բոլոր խումբերը անխտիր, սկաուտավայել կեցուածքի ու կարգապահ շարքերու մէջ, պատրաստ էին վերամուտի:

1102_bourj-hamoud-(2)1102_bourj-hamoud-(3)Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ սկաուտական տողանցքով` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին: Պուրճ Համուտի փողոցներէն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ տողանցող ՀՄԸՄ-ականները, սկաուտական մեծ կայմի մը վրայ ամրացուած դրօշակներուն ներքեւ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն ու բացուած յայտարարեցին վերամուտն ու օրուան հանդիսութիւնը: Դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն: Ապա, վերջերս տեղի ունեցած միջմիութենական ֆութպոլի մրցաշարքին` 16 տարիքէն վեր խումբերու մրցումներուն ախոյանութիւն ապահոված Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին խումբը ախոյանութեան բաժակը յանձնեց մասնաճիւղի վարչութեան: Կարգը հասած էր գեղարուեստական յայտագիրին, որուն ընթացքին սկաուտական բուրգերու կողքին, տեղի ունեցաւ 80-ամեակի նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն: Աւարտին, մասնաճիւղի երիցագոյն անդամներէն Աբրահամ Մոսիկեան 80-ամեակի նուիրուած խոստում մը կարդաց: Ներկայ սկաուտները բարձրաձայն կրկնեցին խոստումը եւ ուխտեցին շարունակել միութենական երթը, մինչեւ որ Եռագոյն դրօշը ծածանի ազատագրուած Արարատի գագաթին: Խոստումի վերանորոգութեան յուզումնախառն պահէն ետք,պաշտօնական հիւրերուն մասնակցութեամբ, 80-ամեակի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ: Հանդիսութեան աւարտին Պ.Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Չըպլաքեան, որ իր կարգին նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին զուգադիպող մասնաճիւղի 80-ամեակը բոլորը կը հրաւիրէ կրկնակի պատասխանատուութեան ու կազմակերպուածութեան` արժանավայել կերպով բարձր պահելու ՀՄԸՄ-ի ու Պուրճ Համուտի անունը հայկական իրականութեամ մէջ: Տեղին է նշել նաեւ, որ մասնաճիւղը այս առթիւ որդեգրած է կարգախօս մը` «Մասնաճիւղիս հետ, միութեանս համար»:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Սկաուտական Վերամուտ

Յաջորդը

Նարեկ Դուրեան Պիտի Ներկայացնէ «Քոմա Նոստրա» Կատակերգութիւնը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.