Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

November 27, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1121_mesrobian-(1)21 նոյեմբեր 2014-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, դասարանային խմբակներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ` քերթուածներու, երգերու եւ պարերու միջոցով արտայայտելու համար օրուան խորհուրդը: Ներկայացուեցան խմբային եւ անհատական ինը ասմունքներ, վեց երգեր, թատերական երկու պատկերներ եւ երկու պար` խանդավառելով բոլոր ներկաները:

Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ աշակերտ  Վանեսա Հաժժար ըսաւ.

«Երկրի մը տարածութիւնը քառակուսի մեթրերով չէ, որ կը չափուի, ոչ ալ ժողովուրդներու պատմութիւնը` տարիներով: Կան երկիրներ, որոնք շրջանցելով պատմութեան ու աշխարհագրութեան չափանիշները, յանգած են երկնային առաքելութիւններու` դպրոց դառնալով մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան, եւ իրենց արժէքները տարածած են համայն աշխարհին մէջ: 71 տարիներ առաջ Լիբանանի անկախութեան ռահվիրաները, հրաժարելով իրենց անհատական փոքր շահախնդրութենէն եւ համայնքային պատկանելիութենէն,  այս երկիրը հասցուցին զարգացման բարձրակէտին` կրկին շողացնելով ազատութեան արեւը անոր վերեւ»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու վանահայր, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան: Գերապայծառ տէրը շեշտեց սիրոյ եւ համերաշխութեան, բարութեան եւ հանդուրժողականութեան կարեւորութիւնը ինչպէս մարդ անհատի կեանքին, այնպէս ալ ընկերութեան եւ հայրենիքներու առողջ գոյատեւումին եւ զարգացումին մէջ: Ան ըսաւ, որ երկրի մը անկախութիւնը նախ եւ առաջ կը հիմնուի բարոյական արժէքներու վրայ, որոնց պահպանումը մեծագոյն երաշխիքն է խաղաղութեան:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` ըլլալու արժանի հետեւորդները Լիբանան հաստատուած մեր հայրերուն եւ մեծ հայրերուն, որոնք իրենց վարքով դարձան օրինակելի քաղաքացիները այս երկրին: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգութեամբ Լիբանանի քաղաքացիները միշտ փայլած են իրենց աշխատասիրութեամբ եւ այս երկրին նկատմամբ մեծ սիրով` բոլոր մարզերուն մէջ նպաստելով անոր զարգացումին:

Նախորդը

Դաշնակցութեան 124-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան 71-րդ Տարեդարձի Հանդիսութիւն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.