Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոս . Եգիպտական-Հայկական Մշակութային Երեկոյ

November 6, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09983Եգիպտոսի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայ մշակութային «Յուսաբեր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 30 հոկտեմբերին «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտական-հայկական մշակութային երեկոյ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան ուտի նշանաւոր զոյգ «Տինա եւ Ղասան»: Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանը, անոր բնութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքները ներկայացնող տեսերիզ մը:

DSC01586DSC01653Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան դեսպաններ, պետական անձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի բանակի բանբեր` գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սամիր, տեղեկատուութեան նախկին նախարար, Մարդու իրաւունքներու ազգային խորհուրդի նախագահ, դեսպան Մոհամետ Ֆայեք, եգիպտական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ պաշտօնական հիւրեր:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը այն եգիպտացի բանակայիններուն, որոնք վերջերս զոհ գացին ահաբեկչական յարձակումներու:

Տոքթ. Արմէն Մելքոնեան
Տոքթ. Արմէն Մելքոնեան

Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արմէն Մելքոնեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եգիպտացիներուն եւ հայերուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններուն ու ամուր կապերուն, որոնք ոչ միայն դարաւոր անցեալ ունին, այլ նաեւ` զարգացման մեծ հեռանկարներ: Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարեբեր արդիւնքներուն մասին, որոնք շօշափելի են զանազան բնագաւառներու մէջ: Դեսպան Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ այս բոլորին կողքին, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ է նաեւ քաղաքական ամբողջական եւ կառուցողական փոխհասկացողութիւն:

Դեսպան Արմէն Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներու արդի յարաբերութիւնները խարսխուած են ամուր հիմքերու վրայ, որոնց խթանիչ ուժը եգիպտահայ գաղութին եւ եգիպտացիներուն միջեւ ողջունելի ու սերտ բարեկամութիւնն է: «Մենք Հայաստանի մէջ չափազանց հպարտ ենք Եգիպտոսի ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ եգիպտահայութեան ունեցած շօշափելի ներդրումով եւ այն բարի վարքով, զոր անոնք կը վայելեն այս երկրին մէջ` շնորհիւ Եգիպտոսի նկատմամբ եգիպտահայերուն ունեցած հաւատարմութեան ու նուիրումին», շեշտեց դեսպանը:

DSC01630«Շատ քաջալերելի եւ ողջունելի լուր էր այն, որ Եգիպտոսի համալսարանը որոշած է Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերաբանալ իր յարկին տակ, որովհետեւ հոն կարելի է հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին վերաբերող բազում ուսումնասիրութիւններ կատարել` այսպիսով աւելի եւս սերտացնելով երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս կեդրոնը 2007 թուականէն ի վեր արդիւնաւէտ կերպով կը գործէր, սակայն ապրիլ 2013-ին անոր աշխատանքները սառեցուեցան տարօրինակ պայմաններու մէջ: Իսկ ներկայիս այդ կեդրոնին վերաբացման որոշումը ցուցանիշ է կառավարութեան եւ եգիպտացիներուն կողմէ եգիպտահայութեան ու Հայաստանի հետ յարաբերութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մեծ հետաքրքրութեան եւ անոնց կարեւորութեան», ըսաւ դեսպանը:

Տոքթ. Արմէն Մազլումեան
Տոքթ. Արմէն Մազլումեան

Արմէն Մելքոնեան աւելցուց, որ վերջին շրջանին մեծապէս նկատելի է հայութեան հարցերուն եւ յատկապէս Հայ դատի ու 100 տարի առաջ հայութեան ենթարկուած Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ եգիպտական մեծ հետաքրքրութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ օսմանցիներուն կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած այդ ոճիրին պատճառով հայերը ապաստան գտան Եգիպտոսի մէջ, որ մեծապէս հիւրընկալեց եւ օժանդակեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը, բան մը, որուն համար հայութիւնը մնայուն կերպով երախտապարտ պիտի մնայ Եգիպտոսին:

Ապա խօսք առաւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ ըսաւ, թէ Եգիպտոսի մէջ հայութիւնը ունի պատուաբեր պատմութիւն, որուն կերտման մէջ իր դերը ունեցած է նաեւ Եգիպտոսի եւ անոր ազնիւ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած վեհ վերաբերմունքը` հանդէպ 1915-ի ջարդէն ճողոպրած եւ Եգիպտոս ապաստանած հազարաւոր հայերուն:

«Եգիպտոսի հայութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ այս մարդկային եւ քաղաքակիրթ վերաբերումը, որ արտացոլացումն է պատմական եւ մշակութային մեծ արժէքներու տէր ժողովուրդին նկարագիրին եւ ազնուութիւնը` այս մեծ պետութեան, որուն քաղաքացիները ըլլալու պատիւը ունինք: Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կը գործէ եգիպտական-հայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման առնչութեամբ, կը կազմակերպէ համագումարներ` յօգուտ զոյգ ժողովուրդներու կապերու սերտացման», եզրափակեց տոքթ. Ա. Մազլումեան:

Նախորդը

Գահիրէի Համալսարանին Մէջ Հայագիտական Կեդրոնը Կը Վերաբացուի

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Նորակազմ Մասնաճիւղ` Պելճիքայի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.