Նամակ Երկրէն. Հեռուից Ես Քեզ Գոնէ Տեսնեմ, Սիրեմ
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Շուրջ շաբաթ մը առաջ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հանդիպեցայ հայաստանցի ընկերոջս` Գարիկին: Ինքն ալ, ինծի նման, Պէյրութ կ՛երթար անձնական կիսաւարտ գործեր կարգի բերելու նպատակով: Մինչ կը սպասէինք մեկնումի ազդանշանին, հալէպցի ծանօթ զոյգ մը` Գօգոն եւ իր կինը, եկան եւ տեղաւորուեցան մեր մօտ: Բարեւելէ եւ առողջութեան ու ընտանիքի մասին փոխադարձ հարցուփորձէ ետք սկսանք խօսելու Սուրիոյ եւ Հայաստան ժամանած սուրիահայ...



















