ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
«Քանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»-ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին` արկածախնդրական ծրագիրի մը»։
Սուրիոյ տագնապին առթած անկայունութիւնը իր մեծ անդրադարձը ունեցաւ հայկական կազմակերպ գաղութին վրայ` շատերը մղելով, որ գաղթեն կամ ծրագրեն գաղթել հարեւան երկիրներ կամ աւելի հեռաւոր ափեր, այս պարագային` արեւմտեան երկիրներ:
Խորհրդածութիւններուս առանցքը պիտի չըլլայ` իրաւացիութիւնը քննել նմանօրինակ ճակատագրական քայլի մը ու անոր անդրադարձը Սուրիոյ գաղութային իրավիճակին վրայ: Այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ քննել առանձին յօդուածով մը:
Զանց պիտի առնեմ իմ մտածումներուս մէջէն նաեւ բոլոր այն վարկածները, որոնք կը շօշափեն ուղղորդուած գաղթ կազմակերպելու կարելիութիւնները կամ գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներու միջեւ բաղդատականներ ընելը եւ պիտի կեդրոնանամ առաւելաբար Քանատան որպէս ընտրանք եւ կարելիութիւն տեսնելու շատերու բաղձանքին եւ կամ արդէն իսկ իրականացած ընտրութեան վրայ:
Քանատայի կառավարութեան գաղթականներ ընդունելու այս օրերու երեւոյթը` պատերազմական եւ քաղաքական անկայունութենէ տառապող երկիրներէ, նորութիւն մը չէ, ոչ ալ `յատուկ միջոցառում: Պարագայաբար, տարիներու վրայ երկարած, Քանատան իր իրերայաջորդ կառավարութիւններով 100 տոկոս միջոցներով ընդունած է գաղթականներ` Սոմալիայէն, Վիեթնամէն, Սրիլանքայէն, Պոսնիայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն եւ զանազան երկիրներէ:
Այս օրերու քանատական կառավարութեան կիրարկած` Սուրիայէն գաղթականներ ընդունելու միջոցները կը բաժնուին հիմնական երկու ենթաբաժանումներու: Մին ուղղակի կառավարութեան խնամատարութիւնը եւ նիւթական հոգածութիւնը վայելող գաղթականներն են, միւսը` անձնական երաշխաւորութեամբ գաղթականներու շերտը, որոնք կ՛երաշխաւորուին քանատական կազմակերպութիւններու եւ անհատ քաղաքացիներու փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ:
Երկրորդի պարագային, երաշխաւորող կողմը պատասխանատու կը մնայ եկուոր գաղթականին հանդէպ լման մէկ տարի` անոր մատուցելով ծառայութիւններ, որոնք կը հեշտացնեն ենթակային կայքը Քանատայի տարածքին: Հետեւաբար երաշխաւորող կողմերու դերակատարութիւնը շատ կենսական է եւ երբեմն` ճակատագրական ու երբե՛ք «ձեւական» չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն:
Այս ձեւաչափերով Քանատա հասնող հայորդիները մեծ մասամբ կը վայելեն իրենց հարազատներու, հարեւաններու, բարեկամներու եւ հայկական հաստատութիւններու ու եկեղեցիներու նեցուկը, որ երբեմն սահմանափակ չափերով կը ներկայանայ` համեմատած նոր եկուորներու ծով կարիքներուն:
Պէտք է ընդգծել, որ քանատական կառավարութեան ընձեռած գաղթի պայմաններու «առատաձեռնութիւնը», որ իր ձեւին մէջ «կակուղ» եւ կամ աւելի ճիշդ է ըսել` «թոյլ» կը ներկայանայ, պատճառ կը հանդիսանայ, որ շատեր առաւել քաջալերուին այս «արկածախնդրութեան» դիմելու` կորսնցնելիք բան չունենալու հոգեբանութեամբ: Իրաւացի կը թուին ըլլալ նմանօրինակ մտածողները, որովհետեւ, իրօք, Հալէպէն Պէյրութ երթեւեկը աւելի արկածախնդրութիւն եւ նիւթական պարտաւորութիւն կ՛ենթադրէ, քան` Քանատա հասնիլը: Երեւակայեցէ՛ք, որքա՜ն ուշագրաւ եւ քաշողական առիթ կը թուի ըլլալ առաջարկ մը, ուր զերօ ամ. տոլար ծախսով, ընտանեկան բոլոր պարագաներովդ կրնաս հասնիլ երկիր մը, ուր ժամանած վայրկեանէդ սկսեալ քեզի պիտի շնորհուի լիիրաւ քաղաքացիի կարգավիճակ, բժշկական լման հոգատարութիւն` ի հարկին, ուսումնական ձրի ծառայութիւններ եւ նոյնիսկ, կարգ մը պարագաներու, դեռատի զաւակներուն նիւթական կոկիկ օժանդակութիւն:
Շատեր ճամբայ կ՛ելլեն պատերազմական թէժ մթնոլորտէն հեռանալու դիտաւորութեամբ` ապաստանելով աւելի ապահով երկինքի մը տակ, ուր իրենց զաւակներուն կը սպասեն աւելի ձեռնտու պայմաններ` համեմատած իրենց տեսած 5 տարիներու վրայ երկարած աննախանձելի կեանքին: Ոմանք ալ Աւետեաց երկրի մէջ էլտորատօ գտնելու չփախցուելիք առիթին փաթթուելու սին հեռանկարով կը հասնին այս ափունքը: Բայց ի՜նչ ալ ըլլան սպասումներն ու յոյզերը եւ գաղթի այլազան մեկնակէտերը, պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ գաղթի որոշումը չվերածուի արկածախնդրական մէկ քայլի կամ «Լաւագոյն տղոց օտար ափերուն բախտ որոնելու» ոդիսականի:
Արեւմտեան երկիրներու մէջ կենցաղային պայմաններու շռայլութիւնը շատ ուշագրաւ երեւոյթ է, ուր ջուրն ու ելեկտրականութիւնը չեն ընդհատուիր, ապահովական-պատերազմական տագնապ գոյութիւն չունի, սակայն գոյ են կենցաղային, բնակարանային, կլիմայական, մշակութային այնպիսի ծանր պայմաններ, որոնց կարելի պիտի ըլլայ հանդուրժել ու տանելի դարձնել` քանի մը անհրաժեշտ նախադրեալներ ապահովելու պարագային միայն: Արդ`
1.- Գաղթող ընտանիքը կամ անհատը պէտք է ունենայ բաւարար նիւթական խնայողութիւն, որ կ՛երաշխաւորէ իր կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներու բաւարարումը առաջին ամիսներու ընթացքին:
2.- Տեղական լեզուի քաջածանօթ ըլլալը կրնայ մեղմացնել մշակութային ցնցումը: Մշակութային ցնցումը իր ծանր անդրադարձը կ՛ունենայ նոր գաղթականի հոգեկան վիճակին վրայ` ծնունդ տալով տուայտող ներաշխարհի, զայն մղելով իր անձի կարողականութեան հանդէպ անվստահութեան, ենթական մատնելով անճրկած իրավիճակներու: Այս տիպի դժուարութեան տեսակը նուազագոյնն է կա՛մ Լիբանանի, կա՛մ Հայաստանի մէջ հաստատուողներու պարագային, տրուած ըլլալով, որ արաբական եւ հայկական մշակութային եւ կենցաղային պայմանները շատ ալ հեռու չեն սուրիահայուն վարժութիւններէն ու սովորութիւններէն, ի մասնաւորի` լեզուի պարագան:
3.- Զինք ընդունող ու առաջին ամիսներու անհրաժեշտ կարիքներուն ցուցմունք ու նեցուկ կանգնող մօտիկ պարագայի մը ներկայութիւնը, որուն երբեմն պիտի սահմանուի երաշխաւոր կողմի դերակատարութիւն հասկացողութիւնը:
Ի տես քանատական իրականութեան այս օրերու զարգացումներուն ու գետնի վրայ պարզուող կացութեան` դէմ յանդիման կը գտնուինք հետեւեալ պատկերներուն:
Պատկեր Առաջին – Բնակարանի Փնտռտուք
Մեթրոփոլիթեն քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են Թորոնթոն կամ Մոնրէալը, տուն վարձելը ունի իր նախապայմանները, սկսած` սենեակներու թիւէն, որ պէտք է համընկնի ընտանեկան անդամներու թիւին: Երկրորդ` պէտք է ունենաս կայուն, մնայուն գործ, որ տանտէրը ունենայ այն ապաւէնը, թէ դուն ապահով յաճախորդ ես: Կամ ալ պէտք է ունենաս երաշխաւոր, որ կրնայ ստորագրել խնդրոյ առարկայ անձին փոխարէն` ներկայացնելով բաւարար ելեւմուտի ապաւէնի փաստաթուղթ: Ասոնց վրայ պէտք է գումարել կարգ մը իրաւացի նախասիրութիւններ, երբ եկուոր հայորդիները կը փափաքին տուն ունենալ հայկական եկեղեցիներու եւ ակումբներու մերձակայ շրջանի մէջ` վայելելու ջերմութիւնը այդ հաստատութիւններուն ու պահելու այն գողտրիկ վաղեմի հալէպեան վարժութիւնը ազգային հաստատութիւն-հայորդի մտերմիկ անքակտելի կապին:
Պատկեր Երկրորդ-Ուսումնական Հաստատութեան Փնտռտուք
Վարժարանը պէտք է ըլլայ վարձած տանդ մօտիկ, որպէսզի աշխատող ծնողը առիթը ունենայ դեռատի զաւակը հասցնելով` արագ մը ուղղուելու գործի: Պատահած է, որ բոլոր պետական վարժարանները, որոնք կը գտնուին հայութեամբ հոծ շրջաններու մէջ, օրէնքով սահմանուած աշակերտներու առաւելագոյն թիւը ապահոված ըլլալով` մերժած են ընդունիլ նորեկները: Ծնողներ հարկադրաբար դիմած են աւելի հեռաւոր վայրերու մէջ գտնուող վարժարաններ, որոնք թէ՛ հեռաւորութեան իմաստով, թէ՛ ուսումնական մակարդակով այդքան ալ նախանձելի չեն:
Հայկական վարժարանները նոյնանման կացութեան մատնուեցան, եւ պատասխանատու մարմիններ եւ դպրոցի տնօրէնութիւններ իրենց առաւելագոյնը ըրին պարփակելու համար առաւելագոյն չափով սուրիահայ նոր աշակերտներ` յատկացնելով նիւթական ուշագրաւ նպաստներ: Սակայն տեղի եւ դասարաններու թիւի սահմանափակումի օրէնքները պարտադրեցին, որ յաւելեալ նոր դիմողներու փափաքին չընդառաջուի:
Պատկեր Երրորդ-Գործի Կարելիութիւններ
Փափաքելի է, որ գաղթողը նախօրօք պատկերացում մը ունենայ Քանատայի գործի եւ արհեստներու կարելիութիւններուն մասին: Այդ մէկը կարելի է իրականացնել բարեկամներէ հաւաքուած տեղեկութիւններով, եւ աւելի վաւերականը` համացանցի ճամբով կատարուած գործի եւ արհեստներու որոնումով, ուր աւելի լայն տեղեկութիւններ քաղելով ու շօշափելով տեղական շուկայի պէտքերը` կարելի պիտի ըլլայ ուղղորդել առնուելիք քայլերը գետնի վրայ: Արդ, կարելի է պատրաստել Սի. Վի. (Resume) եւ դիմել տուեալ հաստատութիւններուն` նախքան Քանատա հասնիլը:
Քանատայի տարածքին ի գործ դրուած հայ ազգային գաղութային բոլոր ճիգերը, ըլլան անոնք միութենական թէ կրօնական, նոյնիսկ անհատական նախաձեռնութիւնները ի մտի ունին բոլոր եկուորներուն, անխտի՛ր, բարւոք ու պատուաբեր կեանքի նոր ընթացքը հեշտացնել:
Առկայ աննպաստ պայմաններուն առընթեր, քանատական կառավարութեան կողմէ պարտադրուած ու իրականացուած սեղմ ժամկէտով հոծ թիւով եկուորներ պարփակելու պարագան ստեղծեց կրկնակի դժուարութիւններ: Գաղութային ուժերու լարումով ու փոխադարձ համագործակցութեամբ, նոր ժամանած հայորդիներու եւ ազգային կառոյցներու ջանքերով, միասնական ճիգերով կը փորձուի մեղմացնել ստեղծուած անհամար խոչընդոտները ու հնարաւորինս կարգաւորել հաւանական դժուարութիւնները:
Վերջապէս, հասկնալով ու յարգելով հանդերձ բոլոր եկուորներուն պարագաները, պէտք է ընդգծել, որ Քանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»-ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին` արկածախնդրական ծրագիրի մը: Նոր բացուելիք հորիզոնները, եթէ չզուգորդուին չափուած-ձեւուած նուազագոյն պայմաններու գոյաւորումով, կայանալիք նախաձեռնութիւնը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ձախաւերութեան` յուսախաբութեան մատնելով ամբողջ ընտանիքի մը երազները:
Անձրեւէն փախչելով կարկուտի բռնուելու իրավիճակին չմատնուելու համար, մնալով հեռու աւազախրման մը հաւանական իրավիճակներէ, հարկաւոր է, որ գաղթել փափաքողները շատ հանդարտ կշռոյթով դիմեն նման քայլերու՝ ապահովելով նուազագոյն առարկայական կռուանները, որոնք մասամբ միայն կ՛երաշխաւորեն իրենց հեզասահ կեցութիւնը Նոր Աշխարհի տարածքին:
1. Այս յօդուածը երկիմաստ է, եւ նկատի առած բոլոր նշուած հարցերը, Գանատա գաղթել փափաքողներուն համար ուղեցոյց է:
2. Պէտք է նշել որ վերադարձողներ կան:
3. Պէտք է նշել որ գաղթողները միայն մէկ օրինական կշիռքով ճամբորդական պայուսակ կրնան տանիլ հետերնին:
4. Պէտք է նշել որ գաղթողը միայն 24 ժամ առաջ տեղեակ կ՛ըլլայ որ ընդունուած է եւ պիտի ճամբորդէ յաջորդ օրը, գրեթէ լման օր սպասելով օդակայանին մէջ, եւ պատահած է որ ոմանց համար օդանաւին մէջ տեղ չէ մնացած:
5. Պէտք է նշել որ դժբախտաբար այս հոսանքին միացած են նաեւ երկար տարիներ Լիբանան ապրող ոչ գաղթական եւ նիւթական լաւ պայմաններու տէր հայեր:
6. Այս բոլոր յիշածներս վկայութիւններ են, իսկ ժողովուրդին մօտ կան շատ աւելի վատ ու լաւ տարաձայնութիւններ: