Յօդուածներ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Մարտակերտի Գրաւումը Եւ Շրջանի Բնակչութեան Բռնագաղթը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Մարտակերտի Գրաւումը Եւ Շրջանի Բնակչութեան Բռնագաղթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մարտակերտի շրջանին մէջ 1992-ի յունիսի կէսերուն սաստիկ մարտեր կը մղուէին: Շահումեանի անկումէն ետք ազերի ուժերը կը շարունակէին յառաջխաղացքը եւ Արցախի կացութիւնը կը նկատուէր ճակատագրական: Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը թէեւ ազերիներուն համապատասխան զէնքեր եւ սպառազինութիւն չունէին, սակայն խիզախօրէն կը դիմադրէին յառաջացող ուժերուն: Միւս կողմէ, Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջանի գաղթականները կ՛ուղղուէին դէպի Ստեփանակերտ: Ազերիները հրասայլերով եւ զրահապատներով մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Յեղաշրջման Փորձէն Ետք Թուրք Մտաւորականը Համարձակօրէն Կը Խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն երկու օր առաջ` յուլիս 13-ին, Պոլսոյ Սապանճի համալսարանի դասախօս Հալիլ Պերքթայ պատասխանեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Սպանիոյ մեծագոյն` «Էլ Փայիս» թերթին բարձրացուցած գրաւոր վեց հարցերուն: Սակայն, երբ «Էլ Փայիս» չհրապարակեց անոր պատասխանները, դոկտ. Պերքթայ որոշեց օգոստոս 15-ին իր հարցազրոյցը տեղադրել թրքական «Սերպեսթիյեթ» կայքին վրայ` «Ցեղասպանութիւնը եղած է եւ կը մնայ...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.  Արցախի Անկախութեան 25-Ամեայ Ճանապարհը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Արցախի Անկախութեան 25-Ամեայ Ճանապարհը

  «Պայքարով պէտք է նուաճենք մեր ապրելու իրաւունքը» ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Պատմութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը, իր դիմագրաւած արհաւիրքներէն ետք, վերազարթնած ու կենսաւորուած է ապրելու ու պայքարելու նոր աւիւնով: Այդպէս է, որ ունեցած ենք մեր հաւատքի վէմ Աւարայրը, Դաւիթ Բէկի օրով օրհասական Մարաղան, Եղեռնէն ետք յառնող մայիս 28-ը, բռնութեան դէմ ծառացող փետրուար 18-ը եւ պատմական անարդարութեան դէմ...

Հիւսիսային Պողոտան

Արիւնով Շահուածը…

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հայ ժողովուրդը փոքր ու մեծ բազմաթիւ յաղթանակներ արձանագրած է իր պատմութեան ընթացքին, սակայն երբ թուելու կ՛ելլենք զանոնք, կը յիշատակենք կարեւորագոյնները միայն, ինչպէս` Վարդանանց պատերազմը, Զէյթունի հերոսամարտը, ֆետայական ինքնապաշտպանական կռիւները, «Նեմեսիս»-ը, Սարդարապատի ճակատամարտը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութիւնն ու անկախութիւնը: Ազգերու համար յաղթանակները, փառքի պսակներ ըլլալու կողքին, են նաե՛ւ ազգին ազատ ու անկախ ապրելու ցանկութեան գրաւականներն ու խթանները. յիշենք Շահնուրի...

Մենք Այստեղ Ենք, Ամէն Մի Զինուորի Կողքին

Մենք Այստեղ Ենք, Ամէն Մի Զինուորի Կողքին

ԱՐՄԻՆԷ ՆԱՌԻՆԵԱՆ   Ապրիլեան քառօրեան հայկական իրականութեան մէջ շատ բան փոխեց. այն համայն հայութեան ուշադրութիւնը, անկախ մասնագիտութիւնից եւ ապրելու վայրից, սեւեռեց դէպի առաջնագիծ, ուր 18-20 տարեկան զինուորն ու իրենից ոչ այնքան տարիքով սպան որոշեցին համայն հայութեան, անկախ մասնագիտութիւնից եւ բնակութեան վայրից, ճակատագիրը` անկարելին անգամ կարելի դարձնելով: Զոհասեղանին ամենաթանկն էր` բազում մատաղ կեանքեր... Այսօր, 5 ամիս անց, ապրիլեան քառօրեան ու նրա...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Արցախը Մեր Արեւելեան Դարպասն Է (Իսկ Որեւէ Դարպաս Ամուր Կը Պահուի)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող ապրիլ ամսուն, Թալիշի խրամատներէն մէկուն մէջ, հեռադիտակով ինծի ցոյց տուին դիմացը բլուրի մը վրայ գտնուող գիւղ մը, որուն ծայրը` կարմիր տանիքով տուն մը: «Դա Շահէն Մեղրեանի բնակարանն է», ըսին: «Դիմացը» ըսուածը Արցախի Շահումեան շրջանն էր, իսկ գիւղը` Շահէն Մեղրեանի ծննդավայր Գիւլիստանը: Շահումեանի շրջանը այսօր կը մնայ բռնագրաւուած` Ազրպէյճանի կողմէ: Արցախի անկախութեան հռչակումով, 25 տարի առաջ, հայութեան արդար...

Օսմանահայեր…

Բանակցային Գործընթացի Նախապայմանը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արցախի անկախ պետականութեան 25-ամեակը վճռական հանգրուան մը պէտք է ըլլայ Արցախի հարցի կարգաւորման միջազգային բանակցութիւններու ապագայ ընթացքը ճշդելու տեսակէտէն: Այսօր հրապարակուած ՀՅ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը յստակօրէն կը սահմանէ կարգաւորման սկզբունքները եւ կը գծէ ճանապարհը, որմով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու գլխաւորած բանակցային գործընթացը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ եւ տարածաշրջանը առաջնորդել խաղաղ եւ արդիւնաւէտ համակեցութեան` ի շահ բոլոր շահագրգռուած կողմերուն: Եւ սակայն......

Յուզիչ Բերքի Տօն Այնճարի Մէջ, Կամ` Խնձորի, Դեղձի Եւ Սալորի Ողբերգութիւնը

Յուզիչ Բերքի Տօն Այնճարի Մէջ, Կամ` Խնձորի, Դեղձի Եւ Սալորի Ողբերգութիւնը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Զարմացաք չէ՞. այս ի՞նչ տօն է, որ  յուզիչ է: Տօնը ուրախութեան եւ տրամադրութիւն բարձրացնող առիթ է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ յուզիչ է այս տօնը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ  բերքի տօն: Կայ տակաւին աւելին. ողբերգութիւնը կրնայ առնչուիլ անձի մը, հաւաքականութեան մը եւ կամ ազգի մը, բայց զարմանալի է, որ վերի ակնարկութիւնը պտուղներու հետ կապ ունի: Ուրեմն անհրաժեշտ է յստակացնել...

Սեբաստիոյ Հայկական Եկեղեցին` Ոչնչացման Եզրին

Սեբաստիոյ Հայկական Եկեղեցին` Ոչնչացման Եզրին

Սեբաստիոյ հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է, կը գրէ «Հայթերթ»-ը: Արդարեւ, ներկայ Թուրքիոյ Սվազի շրջանին մէջ (պատմական Սեբաստիա), «Նուրի Տեմիրտաղ» օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող հայկական հին եկեղեցին մատնուած է լքումի եւ ամէն անցնող տարուան հետ աւելիով կը քանդուի անիկա: Համայնքը քանի մը անգամ ահազանգած է, որ  եկեղեցին ունի նորոգման կարիք, այլապէս պիտի ոչնչանայ: Նահանգապետարանը նախաձեռնած է քանի մը ծրագիրներու, որոնց շնորհիւ`...

Կրկին Լեզուական Հարցեր

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Վերջին տարիներուն սկսած արեւմտահայերէնին տագնապը, որուն տուն տուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը, թէ` «արեւմտահայերէնը մեռնող լեզուներու շարքին կը դասուի», կը շարունակուի` առանց հիմնական լուծումներու: Եթէ պահ մը նկատի առնենք ծախսուած հսկայ գումարները այս հարցին համար` համագումարներու, խորհրդաժողովներու թէ աշխատանոցներու, կրնանք պահ մը կենալ եւ մտածել. այո՛, մտածել, որովհետեւ, ըստ արդիւնքին, ոչ մէկ արդարացում կայ այսքան հսկայ մսխումներու համար: Ի՞նչ...

Արմատական Ձախի Վերելքը

Արմատական Ձախի Վերելքը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Արդի արմատական ձախը ծնունդ առաւ 2003-ի Իրաքի պատերազմէն, 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն եւ 2011-ի Ֆոքոշիմայի հիւլէական կայանի պայթումէն ետք, որոնք բոլորն ալ բացասական հետեւանքներ ունեցան մարդկութեան համար: Մարդիկ տեսնելով աշխարհի անկայուն կացութիւնը, ընկերային անհաւասարութեան արագ աճը եւ կլիմայական փոփոխութիւնը` հարցականի տակ առին ժամանակակից տիրող երկու քաղաքական գաղափարախօսութիւնները` նոր-ազատականութիւնը եւ երրորդ ճամբան (ընկերվար-ժողովրդավարութեան որդեգրած կեդրոնամէտ դիրքորոշումը, որ ի զօրու...

ՀՅ Դաշնակցութեան Բազմամարդ Քաղաքական Հաւաքը`  Ի Զօրակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Ռուստամեան. «Պէտք Է Զարգանալ` Առանց Զիջելու»

Խմբագրական «Ժողովուրդ»-ի. Հին Ընկերոջ Պէս

Անկախ իշխանական քոալիսիոններում լինել-չլինելուց` Հայաստանի ամենահին համարուող քաղաքական ուժը չի դաւաճանել իր սկզբունքներին։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնում տեղի ունեցաւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառում, որի ժամանակ 200-ից աւել երիտասարդներ երդում տուեցին եւ ընդգրկուեցին Դաշնակցութեան շարքերը: Միջոցառման սկզբում ցուցադրուեց ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ելոյթը, ապա ելոյթ ունեցաւ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը: Աւելի ուշ Կիրօ Մանոյեանի եւ քաղաքական...

Քաղաքականութեան Անապատացում

Վերստին Դառնանք Արեւելք

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու բամպակի արտերուն վրայ աշխատող երբեմնի ստրուկները նոյնիսկ, իրենց յօրինած երգերով, հաստատած են, թէ ամրան եղանակին ապրիլը դիւրին է: Միայն բամպակը չէ, որ կ՛աճի, այլ բոլոր առօրեայ հարցերը պահ մը թմբիրի մէջ կը մտնեն: Ցաւերը կը պատուաստուին ազդեցիկ թմրեցուցիչներով: Ծովային հորիզոնները կ՛արգելակեն, որ ականատես ըլլանք մեր քիթին ծայրը միշտ կրակի վրայ մնացած գլխացաւանքներուն: Միջազգային հանրութիւնը շատ լաւ...

Ապրի՜ն Արցախի Փոքրիկները

Ապրի՜ն Արցախի Փոքրիկները

«Ա. Օ.» Սիրոս կղզիի իրենց հանգստավայրէն վաղը Աթէնք կը վերադառնան Արցախէն հիւրաբար Յունաստան այցի եկած 23 հայ տղաքն ու աղջիկները: Արդէն աւելի քան քսանամեայ աւանդութիւն է, որ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններու կազմակերպութեամբ, ամէն ամառ Յունաստան կը հրաւիրուին եւ Սիրոս կղզիի կողմէ կը հիւրընկալուին արցախեան հերոսամարտին զոհուած հայոց ազատամարտիկներուն երեխաները:...

Անդրադարձ.  Դրակա՞ն, Թէ՞ Ժխտական  Յայտարարութիւն

Անդրադարձ. Դրակա՞ն, Թէ՞ Ժխտական Յայտարարութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիա կ՛արգիլէ գերմանացի երեսփոխաններուն այցելել Ինճիրլիքի մէջ տեղակայուած գերմանացի 250 զինուորներուն` պահանջելով, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռացնէ Պունտեսթակի որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն: Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին հաղորդեց, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու վարչապետի գրասենեակը համաձայնած են, որ կառավարութեան բանբեր Շթեֆըն Զայպերթ մամլոյ ասուլիս մը տայ եւ յայտարարէ, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռու կը...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Ռ. Հատտէճեան – 90. Առաստաղէն Դէպի Առաստաղին Միւս Կողմը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հոն` Վոսփորի ափին,Պոլիս, կայ հայու սիրտ մը, որ հեւքով ու աշխուժով կը տրոփէ 90 տարիէ ի վեր: Սիրտ մը, որուն բաբախումները կ՛արագանան կամ կը դանդաղին` ըստ հայ կեանքի ելեւէջներուն, ըստ մեր ժողովուրդին խանդավառութիւններուն կամ տագնապներուն, ըստ մեր մշակութային ձեռքբերումներուն կամ տոհմային ընկրկումներուն: Սիրտ մը, որ երբ 10 տարի առաջ (2006) վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, վիրաբուժները զարմանքով նշմարեցին, որ անոր մաշած...

Հարցազրոյց «ՀՅԴ Կուսակցական Մամուլը Օսմանեան Թուքիայում» Ուսումնասիրութեան Հեղինակ Մարիամ Յովսէփեանի Հետ

Հարցազրոյց «ՀՅԴ Կուսակցական Մամուլը Օսմանեան Թուքիայում» Ուսումնասիրութեան Հեղինակ Մարիամ Յովսէփեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Մարիամ Յովսէփեանի «ՀՅԴ կուսակցական եւ համակիր պարբերական մամուլը օսմանեան Թուրքիայում 1909-1915 եւ 1918-1923» ուսումնասիրութիւնը, 310 էջ ծաւալով: Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ 1909-1915 եւ 1918-1923 թուականներուն օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած ՀՅԴ կուսակցական եւ համակիր պարբերականներն ու թերթերը: Ներկայացուած են նաեւ դաշնակցական ուղղուածութիւն ունեցող գաւառահայ մամուլի օրկաններու պատմութիւնը եւ խաղացած դերը հայ կեանքէն ներս: Գրքի...

Հեղինակային Իրաւունք Եւ Մասամբ Նորին

Հեղինակային Իրաւունք Եւ Մասամբ Նորին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Անկասկած որ արուեստի զարգացման եւ տարածման համար անհրաժեշտ է արուեստագէտի հեղինակային իրաւունքի գնահատումն ու պաշպանութիւնը: Ունինք բազմաթիւ արուեստագէտներ (ըլլան անոնք գրողներ, երաժիշտներ, գեղանկարիչներ, թէ այլ տեսակի), որոնց իրաւունքները միշտ չէ, որ յարգուած ու պաշտպանուած են: Պերճ Չաքեճեանի ստեղծագործութիւնը Ֆրանսական գիրքի մը կողքին -Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը` զետեղուած ՆՓԱԿ-ի դիմաց Հեղինակային իրաւունքները պաշտօնականացնելու եւ պաշտպանելու համար հարկաւոր են...

Զաւեշտ. Միացեալ Նահանգներու  Ընտրարշաւ

Զաւեշտ. Միացեալ Նահանգներու Ընտրարշաւ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 նոյեմբերին: Արդէն իսկ բեմին վրայ եռուզեռ է: Դերակատարներն ու յուշարարները լաւ պատրաստուած են եւ կը ներկայացնեն իրենցմէ պահանջուածը, որ, ըստ երեւոյթին, ամէն բան է... բացարձակապէս ամէն բան, զուրկ` փափկանկատութենէ, պատշաճութենէ, նոյնիսկ բարոյականութենէ: Երբ ընդհանուր արժէքներու եւ չափանիշներու անկումին մէջն ենք, անշուշտ  պէտք չէ զարմանանք ի տես այս երեւոյթներուն: Մրցակից...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մեր Բոլորին Սուրբ Արցախը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեր Բոլորին Սուրբ Արցախը

«Փոշիացել են շա՜տ կայսրութիւններ, Բայց վերէն ձայնը կը լսուի փրկութեան` Անոնք չեն, օ՜ ո՛չ, Արցախի տէրը, Արցախը ի՛մս է ու նաեւ` ձե՛րը» Լիուպիցա Միլետիչ (Սերպ փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ) 2 սեպտեմբեր 1991 թուականը պատմական չէ միայն: Պարզապէս հայոց պատմութեան էջ մը չէ, որ կը դարձնենք: Ընթերցողը պէտք է որ կանգ առնէ, կարդայ ու կրկին կարդայ այդ օրուան օրագրութիւնը: Խոր իմաստ ունէր...

Page 896 of 1110 1 … 895 896 897 … 1,110

Արխիւներ