Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Միջին Արեւելք Միջազգային Հրավառութիւնը Կը Շարունակուի

Յունիս 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժ. Չ.

Մինչ Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ոգեւորութենէն ետք խորհրդարանական ընտրութիւններուն թմրութիւն եւ քաղաքացիական կրաւորական վիճակ տիրապետեց, անդին, Միջին Արեւելքի մէջ, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու անոր դաշնակից Ծոցի երկիրներուն միջեւ քաղաքական հակադրութիւնները բոցավառեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի շրջան այցելութենէն երկու շաբաթ ետք:

Նախագահ Թրամփ, հակառակ իսլամութեան հանդէպ իր ժխտական յայտարարութիւններուն, կրցաւ Ծոց այցելութեան ընթացքին իր յարձակումներուն թիրախը դարձնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը` զայն ամբաստանելով իբրեւ ծայրայեղականութեան պաշտպան եւ միջազգային ահաբեկչութիւնը հովանաւորող: Իսկ Ծոցի երկիրները իրենց կարգին Իրանի դաշնակից հռչակեցին Ծոցի իրե՛նց դաշնակից Քաթարի իշխանութիւնը` զայն նոյնպէս ամբաստանելով միջազգային ահաբեկչութիւնը գանձատրելու մեղադրանքով եւ զայն տնտեսական մեկուսացումի ենթարկեցին:

Փաստօրէն, նախագահ Թրամփ Ռուսիոյ հետ կասկածելի իր կապերուն պատճառով ծայր աստիճան սուր քննադատութիւններու եւ յարձակումի ենթակայ, յաջողեցաւ կրակի նոր ճակատ մը բանալ Միջին Արեւելքի մէջ` օգտուելով Ծոցի երկիրներու ներքին հակադրութիւններէն, առժամաբար լրասփիւռներու ուշադրութիւնը շեղելով դէպի շահագրգռական այլ թեմաներ:

Այսպիսով, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը հրահրող ու գանձատրող Ծոցի գլխաւոր դերակատար երկու երկիրները` Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը, իրենք եւս զոհ դարձան այն պատերազմական խարդաւանքներուն, որոնց ետին կանգնած էին: Քաղաքական այս զարգացումները չէին կրնար Թուրքիան անմասն ձգել, որ առաջին կարգի օգտուողը եղած է սուրիական պատերազմին պատճառով` Ծոցի երկիրներու դրամական հսկայական օժանդակութիւններէն, մարդուժի փոխադրութեան, զինամթերքի հայթայթումի, պատերազմական աւարի եւ գաղթականներու հոսքէն: Առանց վարանումի, Թուրքիա Քաթարի իշխանութեան նեցուկ հանդիսացաւ`  յայտարարելով, որ` «անմարդկային վերաբերում է երկիր մը (իմա` Քաթարը) մեկուսացնել, որ հակառակ է իսլամի արժէքներուն»:

Մաքրոն, որ ժառանգեց Սարքոզիի եւ Հոլանտի ձգած սուրիական այս պայթուցիկ թղթածրարը, պիտի կարենա՞յ իրաւարարի դեր կատարել եւ մարել այս նոր կրակը` նկատի առնելով Ֆրանսայի կարեւոր դերակատարութիւնը Թուրքիոյ եւ Ծոցի պետութիւններու կողքին` սուրիական պետութեան քայքայման մէջ: Ամէն պարագայի, ա՛յս է սպասումը Էրտողանի, որ յայտարարեց, թէ նախագահ Մաքրոնի եւ Քաթարի իշխան շէյխ Ալ Թանիի հետ եռակողմ հեռազրոյց մը պիտի ունենայ այս տագնապէն դուրս ելլելու միջոցներ որոնելու համար:

Միջին Արեւելքի երկիրները մէկ առ մէկ կը բռնկին: Թուրքիա իբրեւ շրջանային ուժ` տակաւին թէ՛ հրավառի, թէ՛ ալ հրշէջի դերերը կը կատարէ, բայց` մինչեւ ե՞րբ:

 

 

Նախորդը

Այսօր Պատմական Հայաստանի Տարածքին Պէտք Էր Ունենայինք Առաւել Քան 170.000 Յուշարձաններ

Յաջորդը

Երբ Ամօթն Ալ Վերնայ…

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը
Անդրադարձ

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Համազգայինի 95-Ամեակի Անդրանիկ Հանդիսութեան Առիթով

Մարտ 21, 2023
Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակի Հանդիսութեան Օրուան Բանախօս Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In