Ազրպէյճանի Կողմէ Վարձատրուող Գործակալները Ինչպէ՞ս Կը Չարաշահեն Ամերիկեան Լրատուական Միջոցները
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Վերջին քանի մը տարիներուն տասնեակ յօդուածներ յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Եւրոպայի թերթերուն մէջ` շռայլօրէն փառաբանելով Ազրպէյճանը եւ խստօրէն քննադատելով Հայաստանը: Այս յօդուածներուն մեծ մասը գրած են ոչ ազրպէյճանցիներ, որոնք առատօրէն կը վարձատրուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Քէյսի Միշէլ անունով ամերիկացի մը քաջութիւնը ունեցած է բացայայտելու այս կեղծիքը` «Ազրպէյճանի կողմէ ամերիկեան լրատուական...



















