Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անպատժելիութեան Վերջ Դնելու Միջազգային Օր

November 10, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 2013-ին ընդունեց այն բանաձեւը, որ 2 նոյեմբերը կը հռչակէ իբրեւ «Լրագրողներուն դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը դադրեցնելու միջազգային օր»: Բանաձեւը կոչ ուղղած է անդամ պետութիւններուն` իրականացնելու յստակ միջոցներ, որոնք կը հակադրուին անպատժելիութեան ներկայ մշակոյթին: Թուականը ընտրուած էր 2 նոյեմբեր 2013-ին Մալիի մէջ սպաննուած երկու ֆրանսացիներու յիշատակին:

Այս կարեւոր բանաձեւը կը դատապարտէ բոլոր յարձակումները եւ վայրագութիւնները, որոնք կը կատարուին լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու դէմ: Բանաձեւը անդամ պետութիւնները նաեւ կը պարտաւորեցնէ, որ իրենց առաւելագոյնը ընեն կանխելու համար լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն նկատմամբ վայրագութիւնը եւ երաշխաւորեն, որ զոհերը ստանան համապատասխան բուժումները: Ատիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ անդամ պետութիւններուն, որ խթանեն ապահով եւ յարմարաւէտ միջավայր մը` լրագրողներուն համար, որպէսզի անոնք ինքնուրոյն եւ առանց յաւելեալ միջամտութեան կատարեն իրենց աշխատանքը:

Բանաձեւին մէջ նշուող անպատժելիութեան վրայ կեդրոնացումը կը մեկնի այն մտահոգիչ կացութենէն, որ վերջին 11 տարիներուն ընթացքին 930 լրագրողներ սպաննուած են հանրութեան լուրեր եւ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Միայն 2016 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը դատատարած է սպանութիւնը 102 լրագրողներու, լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու եւ ընկերային ցանցի վրայ հանրութիւնը հետաքրքրող լրագրութեան արտադրողներու: 2012-ը լրագրողներուն համար ամէնէն արիւնալի տարին էր, երբ 124 պարագաներ արձանագրուեցան:

Այս թիւերը չեն ընդգրկեր այն բազմաթիւ լրագրողները, որոնք օրական կը տառապին ոչ մահացու յարձակումներէ, ներառեալ` չարչարանք, ստիպողական անհետացումներ, կամայական կալանք, սպառնալիք եւ հալածանք` պատերազմական եւ ոչ պատերազմական կացութիւններու մէջ: Աւելի՛ն. իգական սեռի լրագրողները յատուկ վտանգներու կ՛ենթարկուին, ինչպէս` սեռային յարձակում:

Մտահոգիչ է այն փաստը, որ վերջին տասնամեակին լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն նկատմամբ 10 պարագաներէն միայն 1-ը համապատասխան պատիժ ստացած է: Այս անպատժելիութիւնը կը քաջալերէ ոճրագործները եւ նոյն ատեն կը ցնցէ հանրութիւնը, ներառեալ` լրագրողները: Անպատժելիութիւնը անպատժելիութիւն կը յառաջացնէ եւ կը սնուցանէ վատ շրջանակ մը:

Ըստ լրագրողներու ապահովութեան եւ անպատժելիութեան վտանգին մասին 2016-ի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին զեկոյցին, 2006-2015 տարիներուն լրագրողներու սպանութիւններու 827 պարագաներէն 8 առ հարիւրը ներկայացուած է իբրեւ լուծուած: Պարագաներուն 40 առ հարիւրը ընթացքի մէջ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոստիկանական կամ դատական հետաքննութիւնները  կը շարունակուին, կամ պարագաները արխիւի մէջ դրուած են, կամ համարուած են իբրեւ չլուծուած: Պարագաներուն 51 առ հարիւրին մասին, ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացուած է, կամ անդամ երկիրը, ուր տեղի ունեցած է սպանութիւնը, միայն ղրկած է պատասխան մը` տեղեկացնելով, որ ստացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին հայցը:

Երբ լրագրողներու դէմ յարձակումները անպատիժ մը մնան, շատ ժխտական պատգամ մը կը յղուի, որ հաղորդելով «նեղացնող ճշմարտութիւնը» կամ «չուզուած կարծիքները»` սովորական մարդիկ դժուարութեան կը մատնուին: Աւելի՛ն. ընկերութիւնը կը կորսնցնէ հաւատքը իր սեփական դատական համակարգին վրայ, որուն պարտականութիւնն է պաշտպանել բոլորը: Հետեւաբար լրագրողներուն նկատմամբ ոճիրներ գործողները կը քաջալերուին, երբ կը զգան, որ կրնան իրենց թիրախներուն վրայ յարձակիլ` առանց դատական հետապնդման ենթարկուելու:

Ընկերութիւնը իբրեւ ամբողջութիւն` անպատժելիութենէ կը տառապի: Այն լուրերը, որոնք «կը լռեցուին», ճիշդ ատոնք են, որ հանրութիւնը պէտք է գիտնայ: Տեղեկութիւնը շատ կարեւոր է, որպէսզի մարդիկ լաւագոյն որոշումները կայացնեն իրենց կեանքին մէջ, ըլլայ անիկա տնտեսական, ընկերային կամ քաղաքական: Վստահելի եւ որակաւոր տեղեկութիւն ստանալը ժողովրդավարութեան, լաւ կառավարման եւ արդիւնաւէտ կառոյցներու անկիւնաքարն է:

Այդ միջազգային օրը շահագրգիռ կողմերուն ռազմավարական կարելիութիւն կու տայ հանրութեան ուշադրութիւնը դարձնելու լրագրողներու դէմ ոճիրներու համար անպատժելիութեան դադրեցման կարեւորութեան վրայ: Ատիկա նաեւ կարելիութիւններ կու տայ անոնց, որոնց հիմնական շահերը կրնան տարբեր ըլլալ լրագրողներու ապահովութենէն: Օրինակ, նկատելի առնելով լրագրողներու խորհրդանշական նշանակութիւնը անպատժելիութեան եւ արդարութեան լայն հարցին նկատմամբ, բոլոր անոնք, որոնք կ՛աշխատին իրաւական համակարգին մէջ, ինչպէս` իրաւական եւ դատական գործընթացներուն մէջ ներառուող մարդիկ, անոնք ալ ներգրաւուած են: Ուրիշներ, որոնք հետաքրքրուած են հանրային մասնակցութեան եւ քաղաքացիներու իրաւունքներով, խօսելու տարբեր հարցերու մասին, ինչպէս` փտածութիւնը կամ ընտանեկան բռնութիւնը, նոյնպէս շահագրգրռուած կ՛ըլլան լրագրողներու նկատմամբ յարձակումներու անպատժելիութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ բանաձեւին մէջ: Այս լրագրողները դերակատարներ են հանրութեան աչքին եւ անոնց կացութիւնը ազդանշան կ՛ուղարկէ հասարակութեան բոլոր շերտերուն:

Զգալիօրէն, մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ «Ճաքարթա հռչակագիրը» ունի 16 կէտեր, որոնք կը վերաբերին լրագրողներու ապահովութեան: Հռչակագիրը ընդունուած է 1500 մասնակիցներու կողմէ, Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցած Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան ընթացքին: Հռչակագիրը «կը դատապարտէ ամէն տեսակի բռնութիւն, յարձակում եւ հալածանք լրագրողներուն դէմ եւ կը ճանչնայ յատկապէս կին լրագրողներուն դիմագրաւած յատուկ վտանգները, ներառեալ` սեռային բռնութիւնը»: Ատիկա նաեւ կ՛ընդգծէ «կարեւորութիւնը հանրութիւնը հետաքրքրող բարձրորակ լրագրութեան, ներառեալ` քննչական լրագրութիւն` ժողովրդավարական քաղաքացիական եւ քաղաքական կեանքի համար, յարգելով արհեստավարժ եւ բարոյական չափանիշները եւ վայելելով աղբիւրներու գաղտնիութեան պահպանութիւնը եւ կը ճանչնայ, որ այս տեսակի լրագրութիւն հանրային օգտակար է ընկերութեան բոլոր անդամներուն»:

 

Փաստեր եւ թիւեր 2006-2016

  • 930 լրագրողեր սպաննուած են այս ժամանակաշրջանին:
  • Սպաննուած լրագրողներու 10 պարագաներէն 9-ը լուծուած չէ:
  • Սպաննուած լրագրողներուն 93 առ հարիւրը տեղական լրագրողներ են, իսկ 7-ը` օտար:
  • Արական սեռի սպաննուածներուն տոկոսը 94 առ հարիւր է:
  • Սպաննուած լրագրողներէն 29 առ հարիւրը կ՛աշխատէր պատկերասփիւռի կայաններու համար:
  • Սպաննուած լրագրողներուն 17 առ հարիւրը կ՛աշխատէր իբրեւ անկախ լրագրող:

Օգտագործուած աղբիւր՝
«ԵՄՈԱԵՍՔՕ»

Նախորդը

«Աստուածաշունչի Դաստիարակութիւնը Մեր Ազգային Դաստիարակութեան Անբաժան Մէկ Մասը Պէտք Է Ըլլայ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան

Յաջորդը

Հենրիք Իբսեն. «Ժողովուրդի թշնամին»

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.