Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հողագործութեան Բնագաւառի Խնդիրները

Նոյեմբեր 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Արմենիա» հեռատեսիլի 11 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան լուրերու հաղորդումը անդրադարձաւ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միամեայ գործունէութեան: Նախարարը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուեց գիւղատնտեսութեան մարզի 9 գլխաւոր խնդիրները: Վիճակագրութիւնը կը հրապարակուի տարեվերջին:

Նախարար Իգնատի Առաքելեանի մամլոյ ասուլիսը

«Գլխաւոր խնդիրներն են`

1.- Գիւղտեխնիկան (հողագործութեան մեքենաները – Յ.Չ.) բաւարար չեն:
2.- Վարկերու տոկոսները բարձր են:
3.- Ոռոգման համակարգը թերի է:
4.- Չկայ հողագործութեան ապահովագրութիւն:
5.- Կրթութիւնն ու խորհրդատուութիւնը թերի են:
6.- Նորարարութիւնները քիչ են:
7.- Իրացման (վաճառման – Յ.Չ.) համակարգը թերի է:
8.- Հողը սխալ կ՛օգտագործուի:
9.- Օրէնսդրական դաշտը թերի է:

Իրավիճակը փրկելու քայլեր կը ձեռնարկուին: 2018-ին կը սկսի հողագործութեան ապահովագրութեան փորձառական ծրագիրը: Որոշ վարկեր կը տրամադրուին 2 տոկոսով:

Ըստ նախարարին, գիւղացին միսի գինը չէ բարձրացուցած: Խոզի միսը սղած է միջազգային շուկային մէջ, ոչխարինը, անցեալ տարուան բաղդատելով, 12000 գլուխէ աւելի Իրաք արտածելու պատճառով: Տաւարի միսի 100-150 դրամ սղաճը կարելի է բնական համարել:

Թէ ի՛նչ օժանդակութիւն կը ստանան չոր եղանակին պատճառով տուժած գիւղացիները,  քննարկումները դեռ չեն սկսած» (1), (2):

Օձունի «Հալալ» սպանդանոցի ոչխարի արտադրութիւնը

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Իրաքին 12000 գլուխ ոչխար վաճառած վաճառականը իր շահը ներդրա՞ծ է ոչխարաբուծութեան մէջ` յաւելեալ արտադրութեան համար: Եթէ արտածումը ընդհանրապէս ի վնաս ժողովուրդին է,  տնտեսական ինչպիսի՛ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած է այդ: Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի սննդամթերքի կամ այլ ապրանքի արտածումի քաղաքականութիւն` մի՛այն աւելորդ քանակը արտածելու: Այս հարցին մէջ սնունդի ապահովութեան եւ սպառողական ապրանքներուն գիները հսկող պետական տեսչութեան դերը ի՞նչ է: Կազմակերպելով անասնաբուծութեան մարզը` գիտական մօտեցումով, կարելի կը դառնայ շատ աւելի մեծ թիւով ոչխար արտածել` առանց վնաս պատճառելու տեղական շուկային:

Սկսելով հիմնականէն` Հայաստանի հասարակութեան, ներառեալ աւագանիին` կառավարութիւն եւ խորհրդարան, «գիւղատնտեսութեան» կապակցութեամբ գլխաւոր հարցը հաւանաբար նաեւ կը կայանայ անուանումներուն մէջ, որ ի սկզբանէ իրենց ենթագիտակիցին մէջ բոլորովին սխալ տպաւորութիւն ստեղծած է: Նախարարութեան անունը «Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն» է, կարծէք թէ այս բնագաւառը` հողագործութիւն եւ անասնաբուծութիւն, կը վերաբերի եւ վերապահուած է մի՛ այն գիւղերուն եւ գիւղացիներուն: Աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլար «Ագարակային» կամ «Հողագործութեան նախարարութիւն» կոչել, իսկ գիւղատնտեսութիւնը` գիւղերուն տնտեսութիւնը, վերապահել տարածքային զարգացման ու կառավարման նախարարութեան:

Բնականաբար գիւղացիներէն շատեր, իրենց կարգին, կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնաբուծութեամբ: Սակայն, ընդհանուր առմամբ, «Գիւղացի» եզրը կ՛օգտագործուի` փոխանակ «Հողագործ», «Մշակ» եւ, «Ագարակապան» եզրերուն, կարծէք թէ քաղաքներու բնակիչներուն չի վերաբերիր այս խիստ կարեւոր եւ ըստ երեւոյթին, անտեսուած մարզը, հիմնուելով վերեւ նշուած 9 անարդարանալի եւ զարմանք պատճառող խնդիրներուն վրայ:

Հնձող մեքենայ

Արդարեւ, «Հայաստանի ազգային ագրարային (ագարակային-Յ.Չ.) համալսարան»-ը այս ուսումնական տարեշրջանին (2017-2018) ունի 3300 ուսանող եւ հեռակայ դրութեամբ` 4900 (3): Իսկ 2015-ին` իր 85-ամեակին, ունէր 55 հազարէ աւելի շրջանաւարտ (4): Ուսանողութեան այս մեծ թիւը կ՛ենթադրէ նաեւ շրջանաւարտին աշխատանքի ապահովութիւնը: Այս պատկառելի թիւով ուսանողներով եւ մասնագիտացած շրջանաւարտներով հարուստ մեր երկրին մէջ անբացատրելի ու անհաւատալի է նախարարին վերեւ նշուած 9 թերութիւններէն` մասնագիտութեան վերաբերող թիւ 5-ը «Կրթութիւնն ու խորհրդատուութիւնը թերի է», 6-ը` «Նորարարութիւնները քիչ են», եւ 8-ն` «Հողը սխալ կ՛օգտագործուի»: Ակներեւ է համակարգային գործելաոճի՛ մը բացակայութիւնը եւ ո՛չ թէ` մասնագէտներու պակասը:

Մասնագիտացած վճարովի խորհրդատուական ընկերութիւններուն կողքին, անհրաժեշտ է նախարարութեան կողմէ կատարել ձրի եւ պարտադիր խորհրդատուութիւն, նման` այլ երկիրներու: Խորհրդատուական միջոցները պէտք է ընդգրկեն եւ ապահովեն իւրաքանչիւր ցանքի կամ անասնաբուծութեան վերաբերեալ ընդհանուր տեղեկութիւններ, նորութիւններ եւ ցուցմունքներ` ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, բջիջային հաղորդագրութեան (SMS), պարբերաթերթերու եւ անփոխարինելին` պաշտօնական բացիկ-հրատարակութեան միջոցով: Իսկ մասնայատուկ` եղանակային եւ ըստ կարիքի տեղւոյն վրայ այցելութիւններ, մշակներու եւ ագարակապաններու յատուկ մարզային հերթական ժողովներ` փորձառութիւններ փոխանակելու, յատուկ հարցերու քննարկում-լուծումներ եւ ցուցմունքներ` նորարարութիւններ կիրարկելու, ինչպէս նաեւ` շտապ խորհրդատուութեան հեռաձայնային յատուկ կապ:

Նշուած թերիներէն աններելի է թիւ 3-ը` «Ոռոգման համակարգը թերի է»: Ջուրի պաշարով հարուստ հայրենիքին մէջ աններելի են, այլեւ` ամօթալի, այս կամ այն շրջանին մէջ երաշտի` «չոր եղանակի» ամէն տարի կրկնուող դէպքերը: Հայաստանը ագարակային երկիր է եւ կը պահանջէ համապատասխան ռազմավարութիւն եւ համակարգային քաղաքականութիւն (5): Պէտք է օրինակ քաղել Հոլանտայէն, որ իր անբարենպաստ աշխարհագրական դիրքով եւ կլիմայով դարձած է, Ամերիկայէն ետք,  սննդամթերք արտածող աշխարհի երկրորդ երկիրը, տես` «Այս փոքր երկիրը աշխարհը կը կերակրէ» (6), (7):

17 հոկտեմբեր 2017

(1) (https://www.armeniatv.am/hy/63883-63883)
(2) (https://youtu.be/t_JlR9tcP9M)
(3) (https://anau.am/hy/about-us/info)
(4) (https://www.anau.am/?id=48)
(5) (https://www.aztagdaily.com/archives/364045)
(6) (https://www.aztagdaily.com/archives/369316)
(7) (https://www.aztagdaily.com/archives/370783)

Նախորդը

Դասեր Քաղելով Բաւարարուի՞նք

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յաչս Պտղատու Եւ Բերքառատ Արցախին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?