Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հեթանոսական
ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ Աստուածները միանալով, համադրաբար` Ներդաշնակութիւն, կատարելագործութիւն, Ծնունդ տուին անոր: Ան` ձմրան ամպերէն մութ, Բարձր, ինչպէս ձիգ լեռներ, Զօրեղ, ինչպէս կոփուած ժայռերը: Շուարած, անոր սիրոյն ուժգնութեամբ Խոչընդոտներու դէմ պայքարեցայ... Հասայ ճակատին... Ուզեցի ողջագուրել զայն... Ամբողջութիւնս վերածուեցաւ Համբոյրի մը տօթակէզ... Որ ջերմութեամբ Արթնցուց զիս երազէս: 2017



















