Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Մ. Նահանգներու Բարեկա՞մ, Թէ՞ Բարեկամանման Թշնամի

Յունուար 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԹԻՎԸՆ ՔՈՒՔ

Թուրքիա դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն բռնատիրական երկիրներէն մէկը: Օրինակ, իշխանութիւններուն կողմէ հոն բանտարկուած եւ սպաննուած մարդոց թիւը կը ներկայացնէ շրջանի ամէնէն բարձր համեմատութիւններէն մէկը: Անշուշտ մարդկային իրաւունքներու վատթարացումը եւ թուրք ղեկավարութեան կողմէ ժողովրդավարական սկզբունքներու բռնաբարումը սկսած է շատ աւելի առաջ, քան` 2016 յուլիսին տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջումը, սակայն ամերիկացի ծերակուտականները սկսան դատապարտել այդ վարքագիծը միայն այն ատեն, երբ Մեթին Թոփուզը ձերբակալուեցաւ անցեալ հոկտեմբեր 4-ին:

Մեթին Թոփուզի հարցը ուշագրաւ է, որովհետեւ անիկա չի նմանիր ձերբակալուած հազարաւոր մարդոց պարագաներուն, որոնք կը ներկայացնեն` այլախոհներ, լրագրողներ, խմբագիրներ, քիւրտ քաղաքական գործիչներ, ոստիկաններ, դատաւորներ եւ իրաւաբաններ: Վերջին 30 տարիներուն Թոփուզ կը պաշտօնավարէր Պոլսոյ` ամերիկեան հիւպատոսարանին մէջ իբրեւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան արգելակումի գործակալութեան անդամ: Անոր ձերբակալութիւնը դիւանագիտական մեծ խախտում նկատուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ Թրամփի վարչամեքենան որոշում տայ դադարեցնելու, բացի ներգաղթի պարագաներէն, բոլոր վիզաները թուրքերու համար, որուն դիմաց թրքական կառավարութիւնը որոշեց Թուրքիա մուտքի արտօնագիր չտալ բոլոր ամերիկացիներուն:

Կը նախատեսուէր, որ այս հարցին լուծում մը գտնուէր Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմի վերջերս Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին: Սակայն քիչ բան կար խօսելիք «վիզայի տագնապին» մասին, որովհետեւ անիկա կապուած է Թուրքիոյ քաղաքական ներքին հարցերուն, որոնք հազարաւոր մղոններ հեռու` կը փորձեն միջամուխ ըլլալ Մ. Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տնօրինումներուն, եւ եթէ առիթ տրուի, Թուրքիոյ տիրակալները պիտի փորձեն տկարացնել նաեւ օրէնքի գերակայութիւնը այդ երկրին մէջ:

Ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը շատ հաւանաբար գաղափար չունի, որ աշխարհի տարածքին ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնները պիտի չկարենան գործել առանց հիւրընկալ երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնք կ՛աշխատին Միացեալ Նահանգներու համար: Այդ պաշտօնեաները կը կատարեն ամէն տեսակի գործառութիւններ: Անոնք կը հանդիսանան առաջին անձերը, որոնց կը հանդիպինք մարինզներէն ետք, երբ կ՛այցելենք դեսպանատուն մը կամ հիւպատոսարան մը: Անոնք վարորդներ են, մաքրողներ եւ խոհարարներ, ինչպէս նաեւ` զանազան մարզերու խորհրդատուներ:

Այս նուիրեալ անձերը` տղամարդիկ եւ կանայք, նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական վերլուծաբաններ են, մշակութային գործերու պատասխանատուներ եւ տնտեսական զարգացման մասնագէտներ: Նկատի ունենալով, որ ամերիկացի դիւանագէտներ

միայն մէկէն երեք տարուան համար կը գործուղուին արտերկիր, հիւրընկալ երկիրներու այդ պաշտօնեաներն են, որ կ՛ապահովեն հաստատութենական յիշողութիւնն ու շարունակականութիւնը այդ կառոյցներուն: Թոփուզի ձերբակալութենէն ետք թրքական կառավարութիւնը աւելի եւս սաստկացուցած է իր հալածանքները: Հոկտեմբերի սկիզբը ոստիկանները խուզարկած են Պոլսոյ հիւպատոսարան աշխատող մէկ այլ պաշտօնեայի` Մեթէ Չենթրուքի բնակարանը, եւ կարճ ժամանակով ձերբակալած են նաեւ անոր կինն ու դուստրը: Չենթրուքը երբեք չէ ձերբակալուած` հակառակ թրքական իշխանութիւններու պնդումներուն, որ ան Փենսիլվանիա աքսորուած ընդդիմադիր հոգեւորական Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցներէն մէկն է:

Թոփուզի ձերբակալութիւնը կը յաջորդէր Մ. Նահանգներու` Ատանայի հիւպատոսարանի երկարամեայ աշխատակից Համզա Ուլուչայի ձերբակալութեան, որ անցեալ տարուան մարտին բանտարկուած էր: Երկուքն ալ կ`ամբաստանուին «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու յանցանքով»: Թրքական կառավարութիւնը ինչո՞ւ կը ձերբակալէ այս պաշտօնատարները: Անգարայի մէջ պաշտօնական տեսակէտը պարզ է: Թոփուզ Կիւլենի կողմնակիցներէն մէկն է եւ, առ այդ, կ՛ամբաստանուի իբրեւ մեղսակից` անցեալ տարուան յեղաշրջումի փորձին: Պետական հարցաքննիչները կը պնդեն, որ, օրինակ, Թոփուզ բացայայտ կապի մէջ էր այլ կասկածելիներու հետ:

Գրեթէ անկարելի է գիտնալ իրականութիւնը, թէ Թոփուզ իսկապէս յանցաւո՞ր է ըստ մեղադրանքի, թէ՞ ոչ: Թուրքիոյ մէջ դատախազները յաճախ ոչ միայն ոչ անաչառ կերպով կը կիրարկեն իրաւական գործընթացը իրաւաքննութեան ենթակայ անձերու նկատմամբ, այլեւ կը գործեն իբրեւ կամակատարները Էրտողանի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Այլ խօսքով, անոնք իրենց հետաքննական իրաւունքը կ՛օգտագործեն կործանարար հետեւանքներով` ոչնչացնելով ոչ միայն մեղադրեալներու կեանքը, այլեւ` Թուրքիոյ այժմու բեւեռացած քաղաքական միջավայրին մէջ` անոնց ընտանիքները:

Յուլիսեան յեղաշրջման եւ ընդհանրապէս ենթադրեալ կիւլենիստական դաւադրութեան մը մասին մամլոյ տեղեկութիւնները նոյնպէս խաթարուած են: Վերջին տասնամեակին լրագրողներու եւ խմբագիրներու ձերբակալութիւնները այնպիսի մթնոլորտ ստեղծած են Թուրքիոյ մէջ, որ մամուլի մէջ աշխատողներու մեծամասնութիւնը կա՛մ կոպիտ փրոփականտիսթ է, կա՛մ կը վախնայ վարչակարգէն:

Բացայայտ է, որ Թոփուզի եւ անոր գործընկերներուն ձերբակալման պաշտօնական բացատրութիւնները փաստօրէն իրականութիւնը չեն արտայայտեր: Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան նոյնիսկ պատահական դէտերը գիտեն, որ թրքական կառավարութիւնը կը պնդէ 1990-ի վերջերէն ի վեր Մ. Նահանգներ ապաստանած Ֆեթհուլլա Կիւլենի յանձնումի պահանջին վրայ, որպէսզի ան դատուի 2016-ի յեղաշրջման մէջ իր ունեցած դերակատարութեան համար` ըստ թրքական պնդումներուն:

Թուրք պաշտօնատարները կը պնդեն, որ իրենք Մ. Նահանգներու արտաքին եւ արդարադատութեան նախարարութեան տրամադրած են յեղաշրջման փորձին մէջ Կիւլենի անմիջական դերակատարութեան մասին փաստեր: Սակայն ցարդ Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնելու ոչ մէկ նշան կայ: Ակնյայտ է, որ ամերիկացի փաստաբանները չեն հաւատար, որ Կիւլենի դեմ ներկայացուած ապացոյցները այնքան ալ հաւաստի են, ինչպէս կը պնդեն թուրքերը: Արդի՞ւնքը, թրքական զայրոյթ, որ Կիւլենի ապահով կեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ կ`ամրապնդէ թրքական տարածուած այն համոզումը, որ Ուաշինկթըն ձեւով մը մեղսակից է յեղաշրջման փորձին: Թուրքերը ամէն բան կ՛ընեն Կիւլենը հեռացնելու Միացեալ Նահանգներէն` յանձնումի գործընթացին տալով քաղաքական գունաւորում, ձեւ եւ թրքական ոճ, մինչ ամերիկացիներուն համար անիկա ունի զուտ իրաւաբանական բնոյթ:

Նոյնպէս, թուրքերը կը փորձեն խոչընդոտել Ռեզա Զարրապի դատավարութիւնը Մ. Նահանգներու մէջ: Զարրապ իրանցի թուրք գործարար է, որ ձերբակալուած է 2016 մարտին` դրամատնային զեղծարարութեան եւ Պոլսոյ մէջ ոսկիի վաճառականներու եւ թրքական պետական «Հալգըպանք»-ի մեղսակցութեամբ Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները շրջանցելու յանցանքներով: Զարրապի դատավարութիւնը կը նեղացնէ Էրտողանն ու իշխող կուսակցութիւնը երկու ձեւով: Նախ, Զարրապը սերտ կապեր ունեցած է թրքական կառավարական շրջանակներու հետ` բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: Եթէ նախաքննական հետապնդումներու եզրակացութիւնները, զորս Նիւ Եորքի հարաւային շրջանի դատախազները հաւաքած են, ներկայացուին դատարան, շատ հաւանաբար բաւական թրքական աղտոտ լուացք փռուի դատարանի դահլիճին մէջ:

Երկրորդ, պատժամիջոցներէն խուսափելու Զարրապի եւ «Հալգըպանք»-ի բացայայտումները կրնան լուսարձակի տակ առնել թրքական այլ դրամատուներ: Մամլոյ տեղեկութիւններ անցեալ հոկտեմբերին կը նշէին, որ թրքական հինգ դրամատուներ կրնան մինչեւ 6 միլիառ տոլար տուգանքի ենթարկուիլ` պատժամիջոցները խախտելու յանցանքով: Թուրք պաշտօնատարներ կը հերքեն այդ լուրերը, իսկ Էրտողան Զարրապի դատավարութիւնը կը նկատէ ուղղուած իրեն դէմ` իբրեւ մէկ արտայայտութիւնը զինք վար առնելու ամերիկացիներու ջանքերուն: Այնուամենայնիւ, եթէ Միացեալ Նահանգները իսկապէս պատժամիջոցներ որդեգրեն թրքական դրամատուներու, նման քայլ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Թուրքիոյ ամբողջ դրամատնային մարզին վրայ եւ կրնայ վնաս պատճառել Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան քաղաքական հեռանկարներուն:

Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումին ընթացքին Էրտողան հարց տուած է, թէ արդեօք նախագահը կրնա՞յ որեւէ բան ընել Զարրապի հարցին վերաբերեալ: Ան նոյն հարցը արծարծած է նախագահ Թրամփի հետ իր առաջին հանդիպման ժամանակ: Թրամփի երդման արարողութենէն անմիջապէս ետք, Զարրապի պաշտպան փաստաբաններու կազմին կը միանայ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճուլիանին, որ կը նկատուի Թրամփի սերտ դաշնակիցներէն: Տակաւին, Զարրապի դէմ ամբաստանագիր ներկայացուցած ընդհանուր դատախազ Փրիթ Պհարարան պաշտօնազրկուած է: Այնուամենայնիւ, Զարրապի դատավարութեան թուականը կրնայ յայտարարուիլ այս ամսուան ընթացքին:

Հարցում. կրնա՞յ ըլլալ, որ Թոփուզի եւ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ այլ թուրք պաշտօնատարներու ձերբակալութիւնները Մ. Նահանգներու վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներ են Կիւլենի եւ / կամ Զարրապի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան մը յանգելու նպատակով: Ամերիկացիներուն համար գրեթէ անկարելի է հաւատալ, սակայն անցեալ սեպտեմբերին Էրտողան ակնարկած է, որ թրքական կառավարութիւնը պատրաստ է ազատ արձակելու Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի կղերական Անտրիւ Պրունսընը` Կիւլենի յանձնումին փոխարէն: Պրունսընը Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած առնուազն 15-20 ամերիկացիներէն մէկն է, որոնք ամբաստանուած են յեղաշրջման փորձին մասնակից ըլլալու կամ քրտական ՔԱԿ-ին օժանդակելու յանցանքներով: Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանրապէս խուսափած էր մեկնաբանելէ ձերբակալութիւնները` մինչեւ Թոփուզի ձերբակալութիւնը: Միջազգային ներումի համաձայն, ձերբակալուած ամերիկացիները «պատանդներ» են:

Թուրքիոյ հետ Մ. Նահանգներու յարաբերութիւնները յաճախ բնորոշուած են իբրեւ ռազմավարական կամ օրինակելի: Արդեօ՞ք: Այդ երկիրը շատ ալ բարեկամի չի նմանիր: Անիկա աւելի «բարեկամանման թշնամի» է:

https://www.salon.com/2017/11/12/turkey-friend-or-frenemy-a-tangled-relationship-keeps-getting-worse/

 

Նախորդը

Նախագահ Թրամփ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Երկու Ապտակ Ստացաւ ՄԱԿ-ի Մէջ

Յաջորդը

Երուանդ Ղազանճեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?