Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծ Պատիւ Է Բանակին Եւ Խրամատին Մէջ Գտնուող Զինուորներուն Հետ Ըլլալն Ու Անոնց Երգելը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Գէորգ Հաճեան

Յունուար 6, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյց վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր հանրածանօթ երգիչ Գէորգ Հաճեանը: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ` իմանալու անոր յաջողութիւններուն եւ արձանագրած ձեռքբերումներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր յաջողութիւններուն մասին:

ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Վերջին երեք-չորս տարիներուն յատկանշական է իմ հանդիսատեսի կամ ունկնդիրի այն տեսակը, որ կը կոչուի հայոց զօրք-բանակ: Յաճախ կը գտնուիմ զօրամասերու մէջ եւ կը կանգնիմ հայ զինուորին կողքին մշակութային զէնքովս եւ նոր լիցք, նոր աւիւն ստացած` կը վերադառնամ տուն: Յաջողութիւններու երկրորդ փուլս նոր երգերու ստեղծումն է, որ բաւական երկար ճամբայ կտրած է. երկու կամ երեք տարբեր խումբերու կարելի է բաժնել զայն, մէկը` արեւմտահայ կարգ մը նահատակ բանաստեղծներու գործերը երգի վերածելով 100-ամեակի իմ բարոյական պարտաւորութիւնս կատարեցի: Ցեղասպանութիւնը նաեւ մշակութային էր, մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու կողքին, մենք հսկայական մշակոյթի կորուստ ունեցանք` դպրոցներ, շէնքեր, եկեղեցիներ, վանքեր, բերդաքաղաքներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեւոր մշակոյթի հսկայական կոտորածը, որ գրականութիւնն է: Կոմիտասէն մեզի կրնային հասնիլ հազարաւոր ժողովրդային երգեր, եթէ տեղի չունենար Ցեղասպանութիւնը: Այս իմաստով, կատարուած նախաձեռնութիւնը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Երեւանի մէջ. Դանիէլ Երաժիշտին հետ համագործակցելով` բանաստեղծութիւնները ընտրեցինք եւ երգի վերածեցինք: Երկրորդ խումբը նոր ձայնասկաւառակի մը ստեղծումն է, որ շուտով կեանքի կը կոչուի:Աւարտած են ձայնագրութիւները, վերջնական աշխատանքները կը կատարուին, մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ: Ամէն մէկ յաջողութիւն մարտահրաւէր է ինծի համար: Մարդու կողմէ առնուած իւրաքանչիւր քայլ պէտք է միշտ նպատակային ըլլայ, եւ այդ նպատակին հասնելու համար քայլերդ պէտք է առնես հաստատ համոզումով` հաւատալով քու ներքին ապրումներուդ:

Այս երգափունջը նուիրուած է ե՛ւ նահատակ հերոսներուն, ե՛ւ դէպքերուն, այնպէս որ, ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ Աստուած տուաւ առողջութիւն եւ կարողութիւնը, որ այդ քայլը առնեմ:

Ապրիլեան թէժ կռիւներու ժամանակաշրջանին մենք ունեցանք մեծ թիւով նահատակներ.հայու միտքը չէր կրնար չըմբոստանալ, չէր կրնար չընդվզիլ այդքան նահատակներու դիմաց: Սամուէլ Թադէոսեան մեր բեմադրիչ ընկերը յղացաւ  բանաստեղծութիւն մը` կոչելով զայն «Յարատեւ կռիւ», իսկ Սամուէլ Գաքսեան երգահանը երգի վերածեց զայն, եւ յարմար նկատուեցաւ, որ առաջին կատարողը ես ըլլամ: Այս պարտաւորեցնող տրամադրութիւնը շատ ճնշիչ էր, որովհետեւ նահատակութիւն, յարատեւ կռիւ, պաքար, յաղթանակ, յոյս, հաւատք, արժանապատուութիւն` այս բոլոր զգացումները պէտք էր համախմբէի, որպէսզի այդ երգը իր բովանդակութեամբ, իր շեշտադրումներով կարենայի արտայայտել, որպէսզի իւրաքանչիւր հայու սրտին համար դառնար բազկերարկի մէկ զարկ, կենսատու բաբախում: Հետեւաբար մինչեւ վերջնականօրէն զայն ձայնագրելը` բաւական մտորումներով մօտեցայ երգին, որովհետեւ ճակատագրական էր, կ՛երգես ճակատագրական պահուան մը հետ կապ ունեցող երգ մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր կռիւ ինքը ճակատագիր է, մահու կենաց հարց է: Ըսեմ նաեւ, որ «Յարատեւ կռիւ»-ը տեսավաւերագրական ժապաւէնի վերածուեցաւ Սամուէլ Թադէոսեանին կողմէ: Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ 6 սեպտեմբերին, «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ: (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E)

Ըսեմ նաեւ, որ ունիմ մեծ թիւով շրջագայութիւններ, համերգային հրաւէրներ, որոնց համար շատ ուրախ եմ:

«Ա.».- Խօսինք ձեր զգացումներուն մասին, երբ կը կանգնինք սահմանագիծին հայ զինուորի կողքին:

Հ.- Երկու ճնշիչ գաղափար միշտ կ’ուղեկցի ինծի: Սահմանագիծը այն կարմիր թելով սահմանն է, ուր մեր արծիւի եւ առիւծի պէս երիտասարդները միշտ արթուն կը հսկեն:

Սահմանին վրայ զինուորը միայն փամփուշտի կարիք չունի, զինուորին համար ամէնէն կարեւորը ապահով եւ պաշտպանուած զգալն է. զինուորը կը սպասէ քաղաքայիններուս աջակցութիւնը` տարբեր մակարդակներով, արուեստագէտը զինուորին կողքին կանգնելով, երիտասարդները, դպրոցական աշակերտները իրենց ուսուցիչներով, տնօրէններով այցելութիւններ կատարելով, գործարար մարդիկ իրենց բարերարութիւններով, քաղաքական գործիչներ իրենց ազգային նպատակներով, քաղաքական տեսլականներով. զինուորը պէտք է զգայ, որ ինք առանձին չէ սահմանին վրայ:

Երբ ես խրամատի մէջ կ’երգեմ, բնական է, որ զինուորը լարուածութեան մէջ ըլլայ: Պատահած է` երբ գիշերով խրամատի մէջ երգած եմ, թշնամիին կողմէ ծափահարութիւններ լսած ենք: Այս ամէնէն յուզիչ պահն է, երբ կը տեսնես, թէ մշակոյթը եւ հոգեւոր արժէքները ինչպէ՛ս կրնան թշնամիին վրայ ազդել: Ուր է` 500 հոգինոց դահլիճի մէջ գտնուիս, ամէն երգէ ետք ծափահարեն, եւ ուր է, որ երգես  խրամատին մէջ, 4 զինուորի հետ, դուն եւ երկինքը, դուն եւ ինքնապաշտպանութեան բարձր տրամադրութիւնը. անբացարտելի է, արդէն կը սկսի մտերմութիւն եւ ընկերութիւն զինուորներուն հետ: Մեծ պատիւ է բանակի եւ խրամատի զինուորներուն հետ շփում ունենալ, որովհետեւ եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ:

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արցախի Պաշտպանական բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան կողմէն արտօնուած եւ նաեւ շատ յաճախ իրենց կողմէ հրաւիրուած երգիչն եմ հայ զինուորին կողքին:

«Ա.».- Կարելի՞ է տարբերութիւն դնել հայրենիքին մէջ եւ հայրենիքէն դուրս ունեցած ելոյթներուն միջեւ:

Գ.Հ.- Հոն,ուր կատարելիք երգերդ բառերով, իմաստով, տրամադրութեամբ հասանելի են հայ բազմութեան, տուեալ երգահանդէսի կատարումը բնական է, որ աւելի խանդավառ ըլլայ: Երգը միայն երաժշտութիւն չէ, երգը միայն համախմբում չէ, երգը շատ մեծ եւ ազդեցիկ ներուժ ունի իր մէջ:

Հայ ունկնդիրը, աշխարհի որ անկիւնը որ գտնուի, պէտք է իմանայ, թէ ինչի՛ մասին է երգը. այդ պատճառով ալ պէտք է երգիչ կատարողը այնպիսին կատարէ, որ իր յստակութեամբ, բառերու արտայայտութեամբ հասանելի ըլլայ, որպէսզի հայ ունկնդրողի հոգիի խորքերը կարենայ թափանցել: Չկայ տարբերութիւն` համերգը Արցախի՞ մէջ է, Հայաստանի՞, Լիբանանի՞, թէ՞ Աւստրալիոյ. հայ երգը մշակոյթի ամէնէն կարեւոր բաղկացուցիչներէն մէկն է:

Մենք կը հրաւիրուինք հայ երգով երիտասարդութիւնը համախմբելու, հայ երգը տարածելու, հետեւաբար ինծի համար նպատակն է կարեւորը: Հայ երգը հայերէնի դասատուի մը գործին չափ կարեւոր է, չեմ ունեցած դժուարութիւն` հանդիսատեսին հետ հաղորդակցելու երգերուս ընդմէջէն, որովհետեւ ես կ՛երգեմ, եւ  երգին հողը ինքը հայն է:

«Ա.».- Ի՞նչ կ՛ըսէք այսօր նոր սերունդին:

Գ. Հ.- Ո՞վ ըսաւ, որ մենք նոր սերունդ չենք. իւրաքանչիւր օրը, որ կը բացուի մարդուն առջեւ, նոր օր  է. մենք չենք գիտեր, թէ այդ օրուան մէջ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Օրը կը բացուի, կ՛ըսենք` բարին հետը բացուի: Նորի եւ հինի տարբերութիւն պէտք չէ դնենք: Մենք պէտք է ապրելաձեւով,գործունէութեամբ այնպէս ընենք,որ սերնդափոխութիւնը շղթայական ձեւով կարենանք պահել:

Ես կը կարծեմ, թէ ողջ մարդը սերունդներու տարբերութիւն չի կրնար դնել, որովհետեւ, երբ ողջ ենք եւ սերունդներու մասին կը խօսինք, այնտեղ կամայ թէ ակամայ չափազանցութիւններ կրնան տեղի ունենալ: 10 տարեկանը 30 տարեկան հօրը հետ միասին շղթային օղակներն են, մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ շղթային օղակները ամուր մնան, չբաժնուին իրարմէ: Շղթային օղակուած յաջորդականութիւնը կու գայ նոյն ակունքէն, կ՛երթայ դէպի նոյն նպատակը. բոլոր օղակներուն նպատակը հայապահպանումն է, տարբեր ժամանակաշրջաններ, տարբեր մարտահրաւէրներ, տարբեր գործելաոճեր` բոլորիս ալ նպատակը նոյնն է` ամբողջական հայութիւն, ամբողջական Հայաստան, ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան. ես չեմ կրնար գտնել հայ մը, որ յանկարծ ըսէ, թէ ես չեմ ուզեր Հայաստան, կամ իր վախճանական նպատակը չէ Հայաստան հաստատուիլը:

Ես այն մարդը չեմ, որ թելադրեմ,յանձնարարեմ, ես պարտաւոր եմ ապրելու այնպէս, ինչպէս եկած է ինծի այդ օղակը, եթէ իմ վարքագծովս թուլցնեմ, կը նշանակէ` հօրս ինծի փոխանցածը դէպի իմ զաւակս թուլցուցի, եթէ զաւկիս մէջ թուլնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուածը, զաւակս արդէն չարմատաւորուեցաւ այնպէս, ինչպէս զիս արմատաւորած էր իմ հայրս: Իւրաքանչիւրս պէտք է ներդրում ունենանք` օղակները ամրացնելու, որպէսզի մեր ազգային դիմագիծի կերտման դիմաց ոչ մէկ խոչընդոտ յայտնուի եւ թուլացնէ: Անդրանիկ զօրավարի միտքը միշտ հետս է. «Ամէն գիշեր, երբ ձեր գլուխը բարձին դնէք, մտածեցէք` այսօր մենք հայանպաստ ի՛նչ գործ կատարեցինք»:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, որ առիթ ընձեռեց ինծի, որպէսզի Հայաստանէն գամ եւ 8 դեկտեմբեր 2017-ին ՀՅԴ-ի 127-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկին կատարումներովս մասնակցութիւն բերեմ: Շնորհակալութիւն նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան:

 

 

Նախորդը

Ընկեր Չեմպըրլէյնի Յիշատակին (Միսակ Պզտիկեան, Մահուան 20-ամեակ)

Յաջորդը

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Էտտէ Պաթրուն

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?