Յօդուածներ

Մեր Սրբութիւն Սրբոցն Է Հայոց Ազատատենչ Ու Մարտունակ Բանակը  (Հայոց Բանակի Օր)

Մեր Սրբութիւն Սրբոցն Է Հայոց Ազատատենչ Ու Մարտունակ Բանակը (Հայոց Բանակի Օր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Շատեր կրնան մեզ մեղադրել հայոց բանակին տրուած վերոգրեալ բնորոշումին պատճառով: Ուրիշներ կրնան այպանել` ըսելով, թէ ազգային կեանքին մէջ, յատկապէս հոգեմտաւոր շտեմարանին, գոյութիւն ունին բազում նուիրական եւ անկրկնելի արժէքներ, որոնք նաեւ սրբութիւն սրբոց են մեզի համար, պէտք է ըլլան: Աւելի՛ն. կրնան ըլլալ նաեւ օտարներ-օտարականներ, որոնք, այսպէս ասած, արդի ժողովրդավար մտածողութենէ թելադրուած, չընդունին տրուած նման մակդիր թէ յորջորջում, եւ մեզ...

«Բանակի Ներկայիս Հզօրութիւնը 2016 Թուականի Մարտունակութեան Հետ Համեմատելի Չէ». Լեւոն Մնացականեան

«Բանակի Ներկայիս Հզօրութիւնը 2016 Թուականի Մարտունակութեան Հետ Համեմատելի Չէ». Լեւոն Մնացականեան

Պաշտպանութեան բանակի ներկայիս ունեցած հզօրութիւնը 2016 թուականի մարտունակութեան համեմատելի չէ: «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով, այս մասին յունուար 24-ին հրաւիրած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը: Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի 2017 թուականին կատարուած աշխատանքներուն մասին` Լ. Մնացականեանը ըսած է, որ համարժէք միջոցներ ձեռնարկուած են առաջին հերթին մարտական զօրահաւաքային պատրաստակամութեան մէջ: «Կառուցուածքային փոփոխութիւններու պարագային, բոլոր առումներով, մեր...

Արագահաս Սուրբ Սարգիս

Արագահաս Սուրբ Սարգիս

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ Ժողովրդապետ` Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ Հայ ժողովուրդը Առաջաւորաց պահքի յաջորդող շաբաթ օրը կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը, որ, զուգադիպելով միեւնոյն ժամանակաշրջանին, թիւրիմացաբար հանրութեան մօտ ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, թէ ասիկա այն պահքն է, որ նուիրուած է ի յիշատակ Սուրբ Սարգիսի վկայութեան: Վկայութիւնները, վարքերն ու ներբողները ծնունդ առած են քրիստոնէական կրօնին հետ, ծառայելով իբրեւ հզօր գաղափարական...

Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած  Սթրազպուրկէն

Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած Սթրազպուրկէն

ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին նախագահ Սարգսեանի խօսքն ու անոր հետեւած հարցումներու պատասխանները բնականաբար պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Տեւողութիւնը այս ամբողջութեան ուղիղ հաւասար համեմատութեամբ է. կէս ժամ գրաւոր խօսքը, որմէ ետք նաեւ կէս ժամ հարցումներուն տրուած պատասխաններ: Ամբողջականութիւն կը նկատուի նաեւ մշակուածութեան, քաղաքական գրագիտութեան, իրազեկութեան եւ մանաւանդ ուղերձներու բազմահասցէականութեան նուրբ դրոյթներու առկայութեամբ: ԵԽԽՎ-ի պաշտօնաթող նախագահին յղուած գնահատանքի խօսքը եթէ մէկ...

Անդրադարձ.  Աֆրինի Փրկութեան Ուրուագծուող  Կարելիութիւնը

Անդրադարձ. Աֆրինի Փրկութեան Ուրուագծուող Կարելիութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ամբողջ աշխարհը լքեց Աֆրինի քիւրտերը: Ռուսիան իր ուժերը ամբողջովին հեռացուց շրջանէն` թրքական բանակին արտօնելով անարգել շարժիլ: Քիւրտերու «հովանաւոր» Միացեալ Նահանգները սկիզբը ընդգծեցին` «Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ», այդպիսով «կանաչ լոյս» տալով Անգարային, ապա անոնց բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Ժոզեֆ Վոթըլ ո՛չ միայն վերահաստատեց այդ խօսքը, այլ նաեւ աւելցուց, որ իր երկիրը Աֆրինին մեծ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր: Ամերիկացիները մինչեւ...

Անդրադարձ Յայտնիներու Դիւանագիտութեան Եւ Սփիւռքի Քաղաքացիական Հասարակութեան

Յառաջադէմ Առաջին Հանրապետութենէն Մէկ Դար Անց Ժամանակն Է Հայաստանի Մէջ Քրէականացնելու Ընտանեկան Բռնութիւնը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ «Մայր Հայաստան»-ը` Երեւանի թերեւս ամենաբարձր արձանը, իր բարձունքէն ուշի-ուշով կը հետեւի թրքական սահմանին: Ազգային այս խորհրդանիշը նոյն պազալթէ պատուանդանին վրայ փոխարինեց դաժան բռնապետ Եոսիֆ Ստալինի արձանը, վերջինին մահէն ետք: Յուշարձանը, որ իր մէջ կը կերպարանաւորէ խաղաղութիւն` ուժի միջոցով, կարծես Հայաստանի կանացի մարմնաւորումն է: Ան նաեւ դիտողին կրնայ յիշեցնել աւելի քան մէկ դար առաջ երկարատեւ եւ արիւնալի հայկական ազատագրական...

Խենթանոց

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (3)

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Ի՜նչ փորձառութիւն... Ահաւասիկ ամուսնացած եմ անձի մը հետ, որուն հետ քանի մը բառ միայն փոխանակած ենք: Տեղեակ չէի, թէ ո՛ւր պիտի տանի զիս, բնակարան մը ունի՞, թէ՞ ոչ: Ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս սպառած էի: Հայկին ըսուած էր, որ իր հարսին հետ պէտք է առանձնանայ: Կեանքիս ամենատխուր օրը: Մեր ամուսնութեան թուականը` 28 սեպտեմբեր 1935: Միասին քալեցինք`...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Գաղափարական Հարցեր. Օլաֆ Փալմէ. Արմատական Ընկերվարականը

20-րդ դարուն արեւմտեան աշխարհի եւ միջազգային քաղաքական գետնի վրայ բռնատիրական-ամբողջատիրական կարգերը ցնցող, ամէն տեսակի խտրականութեան դէմ խօսող եւ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան ձայնը բարձրացնող աստղ մը փայլեցաւ Օլաֆ Փալմէ անունով: «Սկանտինաւեան ընկերվար-ժողովրդավարութիւն.- Գ. Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութեան զարգացման հոլովոյթը» խորագրեալ յօդուածիս մէջ (լոյս տեսած` «Ազդակ»-ի 9 նոյեմբեր 2017-ի թիւին մէջ) նշած էի, որ Օլաֆ Փալմէի ղեկավարութեան ժամանակաշրջանին պիտի անդրադառնամ այլ յօդուածով...

Ինչո՞ւ Անունները Այդքան Կարեւոր Են

Ինչո՞ւ Անունները Այդքան Կարեւոր Են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքականութեան եւ միջազգային դիւանագիտութեան, անունները կարեւոր են: Մենք գիտենք, որ կարեւոր են, որովհետեւ մարդիկ իրենց անունները յաճախ կը փոխեն: Անցեալ շաբաթ երկու հասցէներ փոխուեցան: ------------------------------------------------------------ Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը ինքզինք գտաւ տեղակայուած ոչ թէ Ուիսքոնսին փողոցին մէջ, այլ` Պորիս Նեմցով Փլազայի, որ անուանուած էր ի պատիւ ռուս ընդդիմադիր ղեկավարին: Եւ Թուրքիոյ մէջ Արաբական...

Լուսապաշտութիւնը, Այվազովսկին Եւ Իր Ազգային Պատկանելիութեան Հարցը (Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

Լուսապաշտութիւնը, Այվազովսկին Եւ Իր Ազգային Պատկանելիութեան Հարցը (Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Նափոլի Կը թուի, որ մենք` հայերս արեւապաշտ ըլլալէ առաջ եղած ենք լուսապաշտ: Անշո՛ւշտ ո՛չ արեւապաշտութիւնը եւ ո՛չ ալ լուսապաշտութիւնը մեր ազգային մենաշնորհն է: Թէ՛ լոյսը, թէ՛ արեւը` երկուքն ալ պաշտուած են հնդեւրոպական եւ այլ հին ժողովուրդներու կողմէ ու տարածուած` աշխարհով մէկ: Հին աշխարհի մէջ, անկախ արեւապաշտութենէն, գոյութիւն ունէին առանձին լոյսի աստուածութիւններ, որոնցմէ պէտք էր որ անկախաբար ծնած ըլլային...

Խմբագրական.  Ժողովրդահաճոյախօսութիւն,  Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

Խմբագրական. Ժողովրդահաճոյախօսութիւն, Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` վարչակառավարականէն ընկերային-տնտեսական, ուսուցիչներու խոստացուած աշխատավարձերու յաւելումներու առկախումէն մինչեւ կենսոլորտի, փտածութեան եւ քաղաքացիական շարժում անուան տակ առաջադրուող բազմաթիւ խնդիրներ, սուր կերպով իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ ներպետական հակասութիւններու սրումը դրսեւորուած հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ հեռակայ բանավէճով: Որքան ալ ընդգծուի այդ հակասութեան վարչական բնոյթը եւ հանգստեան կոչուած թոշակառուներու ստանալիք իրաւունքներուն հետ կապուած թնճուկի...

«Հայկական Երուսաղէմի Պաշտպանութիւնը Համահայկական Առաջնահերթութիւն Է». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայկական Երուսաղէմի Պաշտպանութիւնը Համահայկական Առաջնահերթութիւն Է». Արամ Ա. Կաթողիկոս

17-18 յունուար 2018-ին Գահիրէի «Ազհար» իսլամական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` «Ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմին» ընդհանուր խորագիրով: Համագումարին հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ համագումարին` իրեն հետ ունենալով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանը: Նկատի ունենալով յիշեալ համագումարին կարեւորութիւնը` «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը...

ՀՅԴ 127-ամեակի Ժողովրդային Խանդավառ Հանդիսութիւն Շուէտի Մէջ

ՀՅԴ 127-ամեակի Ժողովրդային Խանդավառ Հանդիսութիւն Շուէտի Մէջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակը հանդիսաւոր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ կիրակի, 21 յունուար 2018-ի յետմիջօրէին: «Սարդարապատ» նորաբաց կեդրոնին սրահը նեղ էր արդէն ճշդուած ժամէն առաջ իսկ ժամանած հոծ բազմութեան համար: Ուշագրաւ ու մանաւանդ գօտեպնդող երեւոյթ էր երիտասարդութեան տիրական ու մեծաթիւ ներկայութիւնը: Հանդիսութիւնը ձեռնհասութեամբ վարեցին ՀՅԴ ՇԵՄ-ի ընկերներ Գոհար Յակոբեանը եւ Սերոբ Պապափիլաւեանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ՀՅԴ ՇԵՄ-ի անունով, Վարդենի...

Սուրիա.  Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանը Կը Մասնակցի «Մատատ» Կեդրոնին Կազմակերպած Գիտաժողովին

Սուրիա. Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանը Կը Մասնակցի «Մատատ» Կեդրոնին Կազմակերպած Գիտաժողովին

«Բերիոյ Նիւզ»-ը կը յայտնէ, որ շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին Դամասկոսի «Շերաթոն» պանդոկի մէջ, «ՄԱՏԱՏ» հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ազգային ինքնութիւնը, Սուրիոյ ճգնաժամի լոյսի ներքեւ ընթերցումներ եւ ակնարկներ» խորագիրով գիտաժողովը: Կազմակերպուած գիտաժողովին մասնակիցները հաստատեցին ազգային ինքնութեան ամրապնդումը, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հասարակութեան միասնութիւնը. անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային ինքնութեան վտանգ հանդիսացող գործօններուն: Մասնակիցները ընդգծեցին պատերազմի ընթացքին ազգային...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Յովհաննէս Եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան» Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէին, 13 յունուարին հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Ֆութհիլի Հայ կեդրոնը անուանակոչուեցաւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելեկեան երիտասարդական կեդրոն»` շնորհիւ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին իշխանական նուիրատուութեան: Այս նպատակին համար «Լեռնավայր» կոմիտէին յառաջացուցած յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ձեռնարկի հանդիսավար Մանուկ Ջուխաճեանը, որ ընդգծեց Մելքոնեան ամոլին ցուցաբերած նշանակալի...

Խենթանոց

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (2)

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Շաբաթավերջին բոլորը գացին հայկական «փիքնիք»-ի, իսկ ես ինքզինքս բանտարկեցի սենեակիս մէջ ու մերժեցի ընկերանալ անոնց: Վերադարձին յայտնեցին, որ Շիքակոյէն ժամանած փեսացուն անակնկալօրէն անհանգստացած էր եւ զայն փոխադրած էին հիւանդանոց, ուր անմիջապէս կուրաղիի գործողութեան մը ենթարկուած էր: Կը նշանակէ, որ քանի մը շաբաթ պէտք է հիւանդանոց մնայ: Խնդիրը ինքնաբերաբար լուծուած էր: Կը մեղքնայի մարդուկին, միեւնոյն...

Ֆեթհիէ Չեթինի Խօսքը Հրանդ Տինքի 11-րդ Տարելիցին Առթիւ

Ֆեթհիէ Չեթինի Խօսքը Հրանդ Տինքի 11-րդ Տարելիցին Առթիւ

Բարե՛ւ ձեզ, սիրելինե՛ր, Արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը որոնողներ, յոյսի եւ փողոցի անուշիկ զաւակներ, բարե՛ւ, տասնմէկ տարի առաջ Հրանդ Տինքը այս մայթին վրայ ծոծրակէն կրակելով սպաննեցին: Ամիսներ առաջ Հրանդի տան եւ «Ակօս»-ի շուրջ հետախուզելով` կրակող խումբ կազմակերպած ժանտարման, ոստիկանութիւնը եւ գաղտնի սպասարկութեան ծառայողները այդ օր, այս մայթին վրայ, սրճարաններուն մէջ, բոկեղավաճառ խանութներուն մէջ նստած` երկար ժամանակէ ի վեր իրենց ծրագրած ոճիրի գործադրման...

Տեսակէտ.  Նկատումներ

Տեսակէտ. Նկատումներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տըրիան յայտարարեց. «Մտահոգ ենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի»: Ֆրանսայի կեցուածքը ուղղակի կրկնօրինակն է այս հարցով Ռուսիոյ կեցուածքին, այլ խօսքով` գործնական գետնի վրայ ոչինչ կը խոստանայ: Ֆրանսայի պահանջով երկուշաբթի օր գումարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ ու դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին ո՛չ որոշում մը որդեգրուեցաւ, ո՛չ...

Ի՞նչ Պատահեց Զոնկուլտաքի Մեր Հայ Եւ Յոյն Հարեւաններին. Ահա Պատասխանը

Ի՞նչ Պատահեց Զոնկուլտաքի Մեր Հայ Եւ Յոյն Հարեւաններին. Ահա Պատասխանը

Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ Ստորեւ «Ակունք»-ը թարգմանաբար ներկայացնում է թուրք ուսումնասիրող  Քատիր Թունճերի` Զոնկուլտաքում 2003 թ.-ից գործող «Քարաէլմաս» լրագրողների միութեան «Պայրամ» թերթում լոյս տեսած հետազօտութեան առաւել ուշագրաւ հատուածները. Յայտնի է, որ մինչ բնակչութեան փոխանակումը, որն իրականացուեց 1923 թ. յուլիսին, ինչպէս ամբողջ Անատոլիայի, այնպէս էլ Զոնկուլտաքի եւ շրջակայքի ամենահին բնակիչներից են եղել յոյներն ու հայերը: Հարիւրամեակներ շարունակ այդ հողերի վրայ ապրած հազարաւոր...

Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացաւ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին

Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացաւ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին

Տիգրան Մանսուրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին` «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ: Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 18-20 յունուարին, Լիւքսեմպուրկի մէջ: Ըստ «Արմենփրես»-ի, այս առիթով Տիգրան Մանսուրեան յայտնեց, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներուն` իր գործին նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերումէն: «Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է նաեւ 28 յունուարին տեղի ունենալիք «Կրեմմի» մրցանակի 60-րդ յոբելենական մրցանակաբաշխութեան` «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ...

Page 732 of 1110 1 … 731 732 733 … 1,110

Արխիւներ