Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

Փետրուար 3, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԷՔԵԱՆ

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Կանուխ տարիքէս «Ազդակ»-ի ընթերցող եղած եմ եւ տարբեր էջերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցած եմ: «Ազդակ» կարդալով` ծանօթ կը դառնանք ո՛չ միայն լիբանանեան քաղաքական անցուդարձերուն, այլ նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի լուրերուն:

Ինչպէս շատերու համար, նոյնպէս ինծի, գաղութի ձեռնարկներու կամ երեւոյթներու մասին ակնարկները հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, եւ անպայման մէկ շունչով կը կարդամ զանոնք: Այդ ակնարկները պէտք է դաստիարակող ըլլան, եւ տարբեր տեսակէտներու «Ազդակ»-ի մէջ տեղ գտնելը, վստահ եմ, օգտակար կը դառնան ընթերցողին` հարցերուն աւելի ճիշդ մօտեցման իմաստով: Պէտք է աւելցնել, որ «Ազդակ» կուսակցութեան մը հովանաւորութեան տակ գործող իբրեւ օրկան, միշտ ալ, ինչպէս անցեալին, տեղ կու տայ նման հարցերու մասին քննարկումներու եւ ինքնաքննարկումներու:

Աւելի՛ն. երբեմն նոյնիսկ կը կարդանք այնպիսի ակնարկներ, որոնք անպայմանօրէն չեն համընկնիր մեր կուսակցութեան ընդհանուր քաղաքական ու գաղափարական ուղեգիծին: Սակայն այդ բոլորը կը գտնեմ օգտակար, որպէսզի առիթ ունենամ բաղդատականներով նաեւ իմ միտքս եւ հարցերու մօտեցման ճամբաս աւելի ճիշդ ընկալելու:

Վերջին շրջանին զգալի է կարգ մը ակնարկներու, անձի մը յիշատակին կամ մեծարուողի մը արժէքին մասին տեղ գտած գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու արժեւորումներուն մէջ քիչ մը մակերեսային ու միտումնաւոր կարծիքներու եւ արտայայտութիւններու շարան մը, որոնք կրկնութեան գնով կը գրուին:

Յաճախ կ՛ունենամ այն տպաւորութիւնը, որ կարգ մը գրողներ անհատի կամ ձեռնարկի մը մասին իրենց գրած ակնարկով կ՛ուզեն թաքուն պատգամ մը փոխանցել ու այդ ճամբով հասնիլ հասցէներու: Կարծէք` ակնարկը կը գրեն ղեկավար մը կամ ընդհանրապէս ղեկավարութիւն մը անուղղակի ձեւով թիրախ դարձնելու համար: Երբեմն նիւթը անհասկնալի կը մնայ, բայց կայ միտում մը տողատակի` բան մը հասկցնելու: Շատ յաճախ այս գրութիւնները երբ կը փորձեն միայն այդ միտումը գործադրել, իրենց բովանդակութեամբ բան մը չեն ըսեր ու կը դառնան անիմաստ: Յաճախ կը մտածեմ, որ արդեօք այդ գրողները իրենց գրածը չե՞ն կարդար: Վստահ եմ, որ եթէ յաջորդ օրը կարդային, անպայման իրենք զիրենք պիտի քննադատէին:

Կը հասկնամ կարծիքի կամ տեսակէտի ազատ արտայայտութիւնը, բայց կը կարծեմ, որ մամուլը ուսուցանող պէտք է ըլլայ. թէ՛ գրողը եւ թէ՛ ընթերցողը անհրաժեշտ է աւելցնեն իրենց գիտելիքները եւ ոչ թէ նեղուածութեան մը կամ անբաւարարուած զգալու վիճակի մը դրսեւորման բեմ պէտք է դարձնեն ակնարկներու պատրաստութիւնը: Այդպիսի ակնարկներու յարմար տեղը ընկերային ցանցերու վրայ է, ուր ամէն օր, երբեմն ալ ամէն վայրկեան կ՛երեւին ստորագրուած, պահուած անունով եւ կամ ալ` առանց ստորագրութեան գրութիւններ, որոնք անհատի մը այդ վայրկեանի հոգեվիճակի արտայայտութիւնը կ՛ըլլան եւ կամ կը հետապնդեն այլ մութ նպատակներ:

Խնդրանքս է, որ խմբագրութիւնը որոշ ակնարկներու պարագային (անշուշտ յարգելով ազատ կարծիքի իրաւունքը), բծախնդիր ըլլայ կարգ մը մտահոգութիւններու եւ միշտ մտածէ այդ գրութեան դաստիարակիչ ու շինիչ դերի մասին: Այս մէկը գրաքննութիւն պէտք չէ սեպել, այլ թերթին պարտականութիւնը` յօդուածագիրը եւ ընթերցողը ճիշդ մթնոլորտի մէջ պահելու համար: Այլապէս իւրաքանչիւր անձ երբեմն հիմնաւորեալ, երբեմն ալ առանց հիմնաւորումի ու մշուշով զարդարուած կարծիքները օգտակար չեն կրնար դառնալ մեր միջավայրին, մանաւանդ որ այդ գրողները շատ յաճախ իրենք գտնուած են նոյն այդ կացութիւններու մէջ, որոնց կ՛ակնարկեն: Օրինակներ տալու կարիքը չկայ, որովհետեւ չեմ ուզեր անիմաստ հակադարձութեան դուռ բանալ: Այս հարցի լուծման համար իմ առաջարկս կ՛երթայ թերթի խմբագրութեան եւ ոչ` անհատներու:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ կ՛ակնկալեմ, որ գրողները բազմանան, որովհետեւ այս ճամբով միայն կարելի կ՛ըլլայ հարստացնել մեր լեզուն, գաղափարները եւ ընդհանրապէս` ազգային ապրումները:

Յարգանօք`

 

Նախորդը

Լուսաւոր Ապագայ

Յաջորդը

Նորա Արիսեան Ընդգրկուած Է Սուրիոյ Խորհրդարանի «Սահմանադրութիւնը Քննարկող Յանձնախումբ»-ի Կազմին Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?