Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիւդվիկ Խաչատուրեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով. Սկզբունքայնութիւն` Յանուն Իրաւութեան

Հոկտեմբեր 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ  

Լիւդվի՛կ ջան,

Տրուած ըլլալով, որ երկուքս ալ կրօնի մօտիկ մարդիկ եղած ենք ու կը հաւատանք նաեւ անդենական կեանքին, յոյսով, եմ որ, յետմահու քեզի յղած այս երկտողը կը հասնի քեզի, ու գոհունակութեամբ կը կարդաս զայն:

Կը յիշես, չէ՞, մենք ծանօթացանք 1972-ին, Վազգէն Մանուկեանի տան նկուղը, ուր բախտախաղ խաղալու պատրուակին տակ ընդյատակեայ ժողովներ կը գումարէինք: Թէեւ այդ օրերուն խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ ազգային գետնի վրայ ճնշումներ կային, սակայն  միահամուռ  եւ տարերային պայքար մը կար ռուսականացման դէմ: Համեմատաբար աշխուժ էր նաեւ ազգային-մշակութային կեանքը: Իսկ մօտիկ անցեալին, Հայաստանի երկրորդ անկախացումէն ետք, անցնող քառորդ դարու ընթացքին, հայրենիքի ընդհանուր կացութեան պատկերը հետզհետէ աւելի կը մթագնէր ու կը դառնար աւելի տխուր ու մտահոգիչ: Տագնապը համատարած էր ու վերապահութիւնները` տեղին: Դուն շրջան մը կը փորձէիր ահազանգ հնչեցնել` յայտարարելով, որ վտանգը շատ աւելի մեծ է ու ճակատագրական, քան մենք կը կարծենք: Կը պնդէիր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին «խորհրդաւոր ուժեր», որոնք  համաշխարհայնացման եւ ազատամտութեան պիտակներու տակ ծրագրուած ձեւով  կ՛աղաւաղեն մեր ազգային առհաւական դիմագիծը (թէ՛ մշակութային, կրօնական, ընկերային, թէ՛ կենցաղային ոլորտներէ ներս), որուն պատճառով անուղղակիօրէն կը քաջալերեն նաեւ հայաթափումը: Այո՛, թէեւ մեզի` ընկերներուդ քիչ մը ծարայեղ ու չափազանցուած կը թուէր տագնապդ, այնուամենանիւ, վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած բացայայտումները իրենց ապազգային ու անմարդկային բնոյթով ահաւոր են ու սարսռազդեցիկ: Պարզուեցաւ,  որ ո՛չ միայն պետականօրէն համակարգուած պայքար գոյութիւն չէ ունեցած, այլեւ կարծես թէ «շատեր» նոյնի՛սկ գիտակցաբար լռած ու չտեսնելու տուած են շատ բան: Քանի՜ քանի ծրագիրներ կազմեցիր, նոյնի՛սկ «Ազգային գաղափար…» խորագրով գիրք մը գրեցիր…  Հիմա, վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ:  Եթէ տարի մը եւս դիմանայիր ոչ միայն ականատես պիտի ըլլայիր թաւշեայ յեղափոխութեան, այլեւ վստահաբար ամենագործօն մասնակիցներէն մէկը պիտի ուզէիր ըլլալ: Երբ յուսատու ճանապարհները այրեցան ու դանակը ոսկորին հասաւ, ժողովուրդը, աւելի ճի՛շդը` երիտասարդութիւնը, «տարերայնօրէն» ըմբոստացաւ եւ ի գոհունակութիւն բոլորիս` կրցաւ իր կամքը պարտադրել ու գործադիր իշխանութիւնը ձեռք առնել: Հայը, յատկապէս` նախկին իշխանութիւններուն կողմէ անտեսուած ու հարստահարուած հայը, անխառն  խանդավառութեան մէջ է այսօր:

Իսկ ես, հակառակ անոր որ քաղաքականութենէ շատ բան չեմ հասկնար (որովհետեւ 1984-էն ի վեր չեմ հետեւիր), մտահոգ եմ: Մտահոգ եմ, որովհետեւ կեանքի փորձառութիւնն ու պատմութեան դասերը սորվեցուցած են մեզի, որ անփորձութիւնը փորձանք կը բերէ քաղաքականութեան մէջ, ծայրայեղականութիւնը ձախողութեան դուռ կրնայ բանալ,  իսկ պատրաստուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը տակաւին չեն բաւեր կարենալ իրաւութեամբ ու ազնուութեամբ ծառայելու համար ազգին ու հայրենիքին:

Այնուամենայնիւ, ճիշդ չէ, որ մեր սերունդը թելադրանքներով եւ կամ մեծավարի խրատներով «զբաղեցնէ» երիտասարդ ղեկավարները, որոնք իրենց «սխալներէն» սորվելու ճամբան բռնած կը թուին ըլլալ, Աստուած մի՛ արասցէ, որ անգամ մը եւս հայ ժողովուրդը յուսախաբ ըլլայ ու հիասթափուի իր քաղաքական առաջնորդներէն:

Բայց, եկուր, մենք զմեզ չհակասենք, ճառախօսութեամբ  ու խրատաբանութեամբ չտարուինք (խելք տուողները շատ կ՛ըլլան նման պարագաներու) ու վերադառնանք մեր նիւթին:

Լիւդօ ջան,

«Թարգմանչաց տօներ» Շարժման Անդամները Վազգէն Վեհափառի Հետ

Արցախեան շարժումի նախակարապետը հանդիսացող «Թարգմանչաց տօներ» շարժման հիմնադիր ու նուիրուած անդամներէն էիր: Վազգէնը կապ ունէր մարաջախտներ Բաղրամեանի եւ Բաբաջանեանի, Խորհրդային Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծրագրաւորումի պետի՝ Համօ Յարութիւնեանի, Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան նախկին առաջին քարտուղար՝ Զարոբեանի եւ այլ ականաւոր անձնաւորութիւններու հետ, որոնց միջոցով իրազեկ կը դառնայինք Խորհրդային Միութեան քաղաքական ներքին որոշ անցուդարձերու եւ  ծրագիրներու:

Վստահաբար չես մոռցած այն երեկոն, երբ Վազգէնը նոր վերադարձած էր Մոսկուայէն ու ցնցիչ աւետիսը տուաւ` յայտարարելով. «Տղե՛րք, սովետը պիտի քայքայուի, ու մենք պէտք է, որ  պատրաստուենք անկախութեան»: Լաւ յիշէ, մենք բոլորս (Բաբիկը, Եսոն,Դաւիթը, Հայկն ու ես) վերապահութեամբ, նոյնիսկ «ժպիտով» ընդունեցինք Վազգէնին յայտարարութիւնը: Այդ օրերուն ո՞վ կը հաւատար, որ Խորհրդային միութեան նման հզօր պետութիւն մը կրնար փլուզուիլ: Միայն դուն էիր, որ լրջութեամբ ընդունեցիր լուրը եւ ըսիր. «Դուք եթէ լաւ ճանաչէք խորհրդային կառոյցի ներքին խոհանոցը, պիտի իմանաք, որ ամէն ինչ հիմնուած է սուտի եւ կեղծիքի վրայ, նորմալ է, որ այս դնովի ռեժիմը երկար չդիմանայ: Վազգէնը ճիշդ է ասում»: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ դուն ճի՛շդ էիր: Հետագային յանդուգն եւ անմնացորդ խանդավառութեամբ մասնակցեցար «Ղարաբաղ»-ի կոմիտէի կազմաւորման եւ  շինիչ դեր ունեցար, յատկապէս` իբրեւ «պահեստային…ուժ» : Յանդուգն քայլ էր նաեւ Վազգէն Ա. վեհափառի «օրհնութեամբ» եւ քու,Վազգէնի, Վրէժի եւ այլ ընկերներու մանակցութեամբ իրագործուած, Նախիջեւանէն Ջուղայի այն խաչքարերուն  «փրկութիւնը», որոնք այսօր հպարտօրէն կագնած են Էջմիածնի բակը իբրեւ կենդանի վկայ թրքաբարոյ հերթական մէկ վանտալիզմին:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ՝ Լիբանան

Գաղափարապաշտ եւ հոգեւոր արժէքներու հաւատացող մարդ էիր: Երբեք չդաւաճանեցիր (թէ՛ ազգային, թէ՛ մարդկային) սկզբունքներուդ: Հակառակ անոր որ ԱԺՄ-ի կուսակցութեան հիմնադիրներէն էիր, հակառակ անոր որ «ԱՅԺՄ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրն էիր, 1999-ին հրաժարեցար կուսակցութենէն` պարզապէս անոր համար, որ քու կուսակցութիւնդ կողմ էր հայ-թրքական յայտնի համաձայնագրի ստորագրմանը, իսկ դուն աղէտ կը նկատէիր այդ մէկը: Այսպէս էիր: Յանուն ազգային ու մարդկային սկզբունքներու, պատրաստ էիր կոտրուելու, բայց` ոչ ճկուելու:

Այո՛, դուն ներկայ չես հիմա եւ վստահաբար դուն քեզ դժբախտ կը զգաս անոր համար, որ չտեսար ու չմասնակցեցար թաւշեայ յեղափոխութեան: Այնուամենայնիւ, բախտաւոր ես այն առումով, որ դուստրերդ եւ ուստրդ մաս կը կազմեն յեղափոխականներու այն փաղանգին, որոնք այսօր տէրն են հայրենիքի քաղաքական կացութեան եւ փայլուն ապագայ կը խոստանան մեր երկրին: Կարծէք թէ ազգային երազներդ` մեր բոլորին երազները սկսած են իրականանալ… Այնպէս որ, կրնաս հանգիստ ննջել ու ակնկալել աւելի յուսալից ու խրախուսիչ լուրեր…հետագային:

Ջուղայի փրկուած Խաչքարերէն Նմոյշ Մը

 

 

Նախորդը

Յիշելով Ազնաւուրը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-Ամեակ. Ականատեսի Թռուցիկ Տպաւորութիւններ. Սարդարապատ Կայարանը Ազատագրելու Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?