Յօդուածներ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իւրաքանչիւրիս Ընտրութիւնը Կարմիր Գիծի Առջեւ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իւրաքանչիւրիս Ընտրութիւնը Կարմիր Գիծի Առջեւ

Ա. Շ. Վերջին տասնամեակներին հայոց տօնացոյցը հարստացել է յոբելեանական երկու օրերով` Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ամրագրմամբ: Այս երկու պատմական իրադարձութիւններն էլ տեղի են ունեցել 1991 թուականի սեպտեմբեր ամսին: Երկու ձեռքբերումների ճանապարհն էլ սկսուել է նոյն ակունքից` 1988 թուականին բռնկուած Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարից: Ինչո՞ւ բռնկուեց եւ ինչո՞ւ հենց տուեալ ժամանակ ընթացք առաւ համաժողովրդական այդ շարժումը: Եթէ փորձենք պատասխանել նման հարցի, նախ...

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմունքները

ՀՅԴ-ի Համաներման Առիթով

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոն, կուսակցութեան 130-ամեակի առթիւ, համաներում է յայտարարել, շարքերից հեռացուած կամ հրաժարուած նախկին բոլոր դաշնակցականների նկատմամբ, որը համայնքի լայն շրջանակների մօտ մեծ հետաքրքրութիւն է առաջացրել եւ այլեւայլ մեկնաբանութիւնների տեղիք տուել: Աշխարհի բոլոր կրօնները, պետութիւնները, զանազան հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւններն, իրենց անկարգ հետեւողների, քաղաքացիների եւ անդամների նկատմամբ մշակել են մի շարք կարգապահական եւ պատժական օրէնքներ, որոնք կիրառւում են ոչ...

Վերջին Զրոյցը  (Ընկեր Սամ Խայեաթի Յիշատակին)

Սամ Խայեաթին

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 13 Ապրիլ 1975ին՝ «ռաունտ»երով։ Առաջին, երկրորդ, երրորդ… երբ մարդիկ կարծեցին, թէ ալ վերջ գտաւ, հարցերը լուծուեցան…։ Երրորդ «ռաունտ»ի տաք Կիրակի մըն էր, երբ Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մօտ ինկան հրասանդի երկու ռումբեր, վիրաւորելով տասնեակ մը հայորդիներ եւ պահակ տղաք։ Սամ Խայեաթը, որ կը բնակէր ակումբին յաջորդ՝ զուգահեռ փողոցին վրայ, միայն այդ օր իմացած էր, որ...

Համահայկական Տեսլականի Տագնապը

Համահայկական Տեսլականի Տագնապը. Հայ Համայնքներու Համաշխարհային Ապակեդրոնացեալ Կառոյց

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ «Հորիզոն» թերթի անգլերէն, Ֆրանսերէն յաւելուածներու եւ «Հորիզոն գրական» յաւելուածի խմբագիր Նախորդ յօդուածիս մէջ ըսած էի, որ մեր ձգտումը կրաւորական հայութիւն ունենալ չէ, այլ ներգործական հայութիւն, ուր հայ անհատին ներուժը՝ մտային, հոգեւոր թէ ֆիզիկական, պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ դրսեւորուելու յօգուտ ընդհանրականին, հաւաքականին։ Եւ դրսեւորուելու համար նախ եւ առաջ պէտք է հայութիւնը դուրս բերել ամբոխային իրավիճակէն ու զայն դարձնել կազմակերպուած զանգուած։...

«Կարճցած է» Ճամբան Դէպի Երեւան

Մուսա Լերան Առիւծը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ «Աստ հանգչին ցեղ, մեր լերան սէգ արծիւները հիմա,  Աստ կը նիրհեն խոյանքի մեծ ասպետներն ահաւոր, Կայծակնազօր բան մ՛այստեղ շքեղօրէն կը մեծնայ, Անցորդ, գլուխդ հակէ, զի ցեղն է հոս սգաւոր»: ՏԱՊԱՆԱԳԻՐ (ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ)   Ո՞վ է Մուսա լերան հերոսամարտի անկրկնելի հերոսը, հերոսներուն հերոսը, որուն մասին շատ քիչ բան յայտնի է: Ամէն անգամ, երբ կը գրուի կամ  կը խօսուի Մուսա լերան...

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Ակնարկ. Ժամկէտներ, Պայմաններ Եւ Առաջադրանքներ

Կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին: Վարչապետի նշանակման հրամանագիրին հրապարակման հետ շրջանառութեան մէջ մտաւ 15 օրուան ընթացքին կառավարութիւն կազմելու համընդհանուր, թէկուզ պայմանական, մօտեցումը: Վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան միայն չեն վերաբերիր ժամկէտները: Կան նաեւ բարենորոգման ծրագիր մշակելու քանի մը ամսուան տեւողութեան եւ ապա Ֆրանսայի նախագահի հերթական այցելութիւններու ժամկէտները` բարեկարգումներու գործնական փուլերուն գնահատման եւ ըստ այնմ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշման պայմանականութեամբ:...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Եւրոպական Դատարանի Նախագահը Կը Ստանայ Սթամպուլի Համալսարանի Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր www.TheCaliforniaCourier.com Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Ռոպերթ Սփանօ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարի հրաւէրով այցելեց Թուրքիա: Սփանօ հանդիպեցաւ նաեւ նախագահ Էրտողանի հետ եւ դասախօսեց Թուրքիոյ արդարադատութեան ակադեմիոյ մէջ: Թէեւ ՄԻԵԴի նախագահը իրաւունք ունի այցելելու իւրաքանչիւր երկիր, ուր ինք կը փափաքի, սակայն խիստ անտեղի է, որ ան կ՛ընդունի Սթամպուլի համալսարանի իրաւունքի պատուաւոր...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Մտորումներ՝ Փարիզի Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Պղծման Առիթով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ուրացման վահանը բռնութիւնն է : Ազատութեան եւ հանդուրժողութեան քաղաք Փարիզի երկինքին տակ, պողոտայի ծայրը կանգնած է ԿՈՄԻՏԱՍի արձանը, խորհրդանիշ հայոց ցեղասպանութեան եւ վկայութիւն տարագրութեան ճամբաներուն վրայ ցաւի եւ տառապանքի բեռան տակ լռած Կոմիտասի սաւառնող հանճարին: Ժամանակակից թուրքը, ժառանգելով հայը անհետացնելու իր հայրերու ցեղասպանական միտումը, կը պղծէ յիշելու խորհրդանիշը: Պետական ուրացումներու եւ սպառնալիքներու ուղիղ գիծին վրայ, ցեղապաշտական մոլուցքով, մութին...

Օգնիր Եղբօրդ- Լիբանան

Խորագիր Մը

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ Օրաթերթի խորագիր մը ինչպիսի յիշատակներ եւ ապրումներ կը յառաջացնէ երբեմն։ Պզտիկ դէպքի մը լրատուութիւնը, ոմանց համար՝ աննշան, բայց ուրիշներու համար ծով յուզումներու պատճառ կրնայ դառնալ։ «ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնից՝ Լիբանան» տպուած նախադասութիւնը, բայց մանաւանդ՝ ձեռագիր զգացական խօսքերը՝ իւրաքանչիւր արկղի վրայ, երկար պահ մը կþանջատեն զիս անմիջականէն, այսօրուան իրավիճակէն։ Տասնամեակներ շարունակ «Մէկ ազգ» կարգախօսը բարձրացուցած կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս կþապացուցէ, որ...

Ճանապարհները Բոլոր Միշտ Ջաւախք Են Բերում *

Ճանապարհները Բոլոր Միշտ Ջաւախք Են Բերում *

Գրեց՝ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ Խորը շունչ եմ քաշում: Թանձր ու սուր օդը սովորականից թոքերումս պահելուց յետոյ ածխաթթու գազի հետ արտաշնչում եմ նաեւ ներսումս եղած կարօտն ու չապրած՝ բացակայ օրերիս թախիծը: -Շը՜խկ. Վրաստանի սահմանային անցակետում մուտքը հաստատող կնիքի ձայնը լսելուն պէս շտապում եմ տուն... Ամուր կանգնած եմ հողին: Արդէն կեղտոտուած սպիտակ կեդերս կիսով չափով հողի մէջ են,...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայկական Դիւանագիտութեան Ոսկի Առիթը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայկական Դիւանագիտութեան Ոսկի Առիթը

Ան­ցեալ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, Ե­րե­ւա­նի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն եր­կու կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ, եր­կուքն ալ ի­րենց բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ար­ծար­ծո­ւած հար­ցե­րով նշու­մի ար­ժա­նի։ Ե­րե­ւա­նի մէջ, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Դա­ւիթ ­Տօ­նո­յեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նը եւ նո­րան­շա­նակ զի­նո­ւո­րա­կան կցոր­դը, իսկ ­Պա­քո­ւի մէջ՝ ­Յու­նաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րը յանձ­նեց Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւին։ Եր­կու տար­բեր հան­դի­պում­ներ, սա­կայն, փաս­տօ­րէն ա­ռա­ջի­նի ար­ձա­գան­գը իր հետ­քը թո­ղուց երկ­րոր­դին վրայ։...

Պէյրութի Աղէտը. Պատճառներ, Հետեւանքներ Ու Վարկածներ

Պէյրութի Աղէտը. Պատճառներ, Հետեւանքներ Ու Վարկածներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծման 75ամեակի նշումէն երկու օր առաջ՝ 4 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18:07ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցաւ հզօր պայթում մը, որ իր ուժգնութեան եւ աղէտալի հետեւանքներուն պատճառով կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ կոչուեցաւ Պէյրութշիմա, իսկ ուրիշներու կողմէ՝ Պէյրութի Չեռնոպիլը։ 43 մեթր խորութեամբ փոս յառաջացուցած պայթումը տեղի ունեցաւ նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ, ուր...

Երբ Ծառերը Կը Յօտուին…

Երբ Ծառերը Կը Յօտուին…

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արեւի առաջին շողերուն հետ, Մանուկ՝ պարտէզի յատուկ լայնկեկ հագուստները հագած, գլխարկը գլխուն հազիւ երկու պատառ բերանը նետած, խաչակնքելէ ետք, ինքնավստահ քայլերով կ’ուղղուէր դէպի պարտէզ: -Պարտիզպան ըսածդ արեւածագին հետ պէտք է իջնէ պարտէզ, զով օդին,- կ’ըսէր Մանուկ,- որպէսզի գործը ատենին վերջացնէ, օդը չտաքցած: Այս գարնան առաջին օրն էր, որ պարտէզ կ’իջնէր: Պարտէզի գործերը սկսաւ «գրդելով» : Քեսապի ձմեռը շատ...

Տառադարձութիւն

Փոքրիկ Հայաստան (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ –Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է,–  ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան  պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս: Ու երբ հասաւ այդ օրը,  նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր  նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝  դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը: Սիմոն Վրացեան:  Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝...

Բագրատունի. «Կառավարութեան  Պիտի Մասնակցինք  Մեր Նախարարով` Համապատասխան  Կառավարութեան Թիւին»

Բագրատունի. «Կառավարութեան Պիտի Մասնակցինք Մեր Նախարարով` Համապատասխան Կառավարութեան Թիւին»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յանդիմանական ոճով չխօսեցաւ, այլ` առաջարկեց բարեկարգումի ծրագիր մը, նկատել տալով, որ անիկա լիբանանցիներուն ընձեռուած վերջին առիթն է: «Մաքրոն նշեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերն ու պետութիւնը ձախողին բարեկարգումի...

«Լիբանանի գծով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացին ու պիտի խաղան». Բաբգէն Արք. Չարեան

«Լիբանանի գծով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացին ու պիտի խաղան». Բաբգէն Արք. Չարեան

Հարցազրոյց Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ Սեպտեմբեր 1-ին «Հորիզոն»-ի խմբագրակազմը այցելեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդարան եւ շնորհաւորեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը` իր վերընտրութեան առիթով: «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ սրբազան հօր հետ. արծարծուեցան անցնող քառամեակի թեմի գործունէութիւնը` հոգեւոր եւ ազգային բնագաւառներուն մէջ, լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն...

Սեդային  (Սեդա Մեսրոպեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեդային (Սեդա Մեսրոպեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ս. Խ. Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութիւնը հարուստ է հազարաւոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու խոնարհ ու նուիրական ջանքերով ստեղծուած կազմակերպութեամբ: Հազարաւորներ տքնաջան ճիգերով գործեցին ու անցան առանց սպասումի, առանց վարձատրութեան եւ առանց փառաբանութեան: Որովհետեւ անոնք  ծառայութեան առաքելութեան մէջ կը տեսնէին իրենց ժողովուրդին  յարութիւնն ու զարթօնքը: Որովհետեւ անոնց համար ծառայութիւնը կը բխէր քրիստոնէութեան ակունքներէն եւ ազգային նպատակներու կենսագործման հաւատքէն: Որովհետեւ ծառայութիւնը իսկական նպատակներ կը...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ակնարկ. Պէյրութի Ահաւոր Աղէտին, Մարդկային Կեանքի Եւ Մեր Խմբագրատուներուն Հանդէպ Անհաւատալի Հեգնական Դրսեւորումներ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս նիւթին մասին դիմատետրի հաշիւ ունեցողներ անդրադարձան: Այդ եթերին մէջ, գիտեմ, որ սանձարձակօրէն, առանց որեւէ կաշկանդումի ամէն անդամակցող, կեղծանունով կամ ոչ, վեց տարեկանէն մինչեւ ալեհերներ, նոյնիսկ մեր թշնամիները, հայերէնով, կամ ոչ, խելքերնին փչածը կը գրեն: Իբր թէ «Խօսքի ազատութեան» ամպիոն՝ հայհոյանքներ, ատելութեան դրսեւորումներ, անարգանք, զրպարտութիւններ եւ այլն... Այս է պատճառը, որ ցարդ դիմատետրի չեմ անդամակցած, որպէս զի ժամանակ...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

Դեղագործին Դերակատարութիւնը «Քորոնա»-ի Համաճարակին Ընթացքին*

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի Կիներու Ազգային խորհուրդի անդամ  Նախ բացատրենք, թէ ի՞նչ է «Քորոնա» ժահրը, ապա պարզաբանենք դեղագործին դերակատարութիւնը։ Այս ժահրերը մարդոց մօտ շնչառական հիւանդութիւններ յառաջացնող ժահրեր են, ներառեալ «Քորոնա»-ն, որ վերածուեցաւ համաճարակի։ Հիւանդութիւնը կը տարածուի փոքր կաթիլներու միջոցով, զորս վարակուած անձը կ՛արտադրէ հազալու ընթացքին։ Այս կաթիլները՝ իրենց ծանրութեան պատճառով, այլ ժահրերու նման հեռու չեն երթար, այլ կ՛իյնան գետին։  Այս տեսանկիւնէն...

«Յոյս Ունինք, Որ Նոր Կառավարութիւնը Երկու Շաբաթէն Կազմուի» «Արմնիուզ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

«Յոյս Ունինք, Որ Նոր Կառավարութիւնը Երկու Շաբաթէն Կազմուի» «Արմնիուզ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին Յ. Բագրատունի նշեց, որ նոր վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ քաղաքական ուժերու վստահութեան քուէով նշանակուեցաւ, եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկայ 15 օրերուն կրնանք կառավարութիւն մը ունենալ: Այսուհանդերձ կը մնայ ժողովրդային անհանգստութիւնը, սակայն ոչ մեծ տարողութեամբ, անհամեմատ կերպով...

Page 482 of 1112 1 … 481 482 483 … 1,112

Արխիւներ