Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պէյրութի Ահաւոր Աղէտին, Մարդկային Կեանքի Եւ Մեր Խմբագրատուներուն Հանդէպ Անհաւատալի Հեգնական Դրսեւորումներ

September 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս նիւթին մասին դիմատետրի հաշիւ ունեցողներ անդրադարձան: Այդ եթերին մէջ, գիտեմ, որ սանձարձակօրէն, առանց որեւէ կաշկանդումի ամէն անդամակցող, կեղծանունով կամ ոչ, վեց տարեկանէն մինչեւ ալեհերներ, նոյնիսկ մեր թշնամիները, հայերէնով, կամ ոչ, խելքերնին փչածը կը գրեն: Իբր թէ «Խօսքի ազատութեան» ամպիոն՝ հայհոյանքներ, ատելութեան դրսեւորումներ, անարգանք, զրպարտութիւններ եւ այլն… Այս է պատճառը, որ ցարդ դիմատետրի չեմ անդամակցած, որպէս զի ժամանակ չվատնեմ այս բոլորով զբաղելու:

19 Օգոստոս 2020-ին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ. «Երբ Հայերէնին Լրջօրէն Մօտենանք, Շատեր կը հետաքրքրուին», արեւմտահայերէն լեզուն քաջալերող կայքէջին եւ անոր պատասխանատուին մասին յօդուածը կարդացի, ուր տուեալ համացանցի հասցէն դրուած էր: Այցելեցի կայքէջը, ուր իրապէս զանազան գրական ճիւղեր եւ հետաքրքրական գործեր ներկայացուած են: Սակայն, այդ Ճիւղերէն «Ազգային Հանելուկներ» բաժինին մէջ, Կարօ Աւետիսեան, եթէ այդ է իր իսկական անունը, հետեւեալը գրած է.

«Պէյրութի «Ագին» գրական հանդէսը կայ, որուն խմբագրատունը աւերուած է վերջին պայթումին առթիւ։ Ինչ լաւ է, որ խմբագրական կազմ գոյութիւն չունի, որ հաւաքուի խմբագրատան մէջ եւ մուկերու ժողով գումարէ, այլապէս կազմի անդամները վիրաւորուած պիտի ըլլային հիմա» (1)։

Ի՛սկապէս կը զարմանամ, որ այսպիսի գրական, մտաւորական աշխատանք քաջալերող կայքէջի մը մէջ, 4 օգոստոսի Պէյրութի ահաւոր պայթումին հետեւանքով, հայկական խմբագրատան մը մասին, որ շատ հաւանաբար «Բագին»-ն է, որ մեծ վնասներ կրեց (քանի որ «Ագին» անունով գրական հանդէս չկայ), այսպիսի հեգնական՝ անմարդկային արտայայտութիւն տեղ գտած է, գրողի մը կողմէ եւ կայքէջի պատասխանատուին արտօնութեամբ:

Պայթումի պահուն «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ աշխատող կար:

31 օգոստոս 2020

 

(1)  https://hayerenblog.wordpress.com/2020/08/19/ազգային-հանելուկներ-ճի./

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Վերականգնումի Քայլերով

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.