Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ՝ Փարիզի Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Պղծման Առիթով

Սեպտեմբեր 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ուրացման վահանը բռնութիւնն է :

Ազատութեան եւ հանդուրժողութեան քաղաք Փարիզի երկինքին տակ, պողոտայի ծայրը կանգնած է ԿՈՄԻՏԱՍի արձանը, խորհրդանիշ հայոց ցեղասպանութեան եւ վկայութիւն տարագրութեան ճամբաներուն վրայ ցաւի եւ տառապանքի բեռան տակ լռած Կոմիտասի սաւառնող հանճարին:

Ժամանակակից թուրքը, ժառանգելով հայը անհետացնելու իր հայրերու ցեղասպանական միտումը, կը պղծէ յիշելու խորհրդանիշը: Պետական ուրացումներու եւ սպառնալիքներու ուղիղ գիծին վրայ, ցեղապաշտական մոլուցքով, մութին մէջ, ան կ’ուզէ ջնջել ոճիրի վկայութիւնը, որ մարդոց եւ ժողովուրդներու ուղղուած զգօնութեան հրաւէր է, մանաւանդ այս օրերուն, երբ օսմանի կայսրութիւնը վերականգնելու զառանցանքը քաղաքական առաջադրանք է:

Հայը վարժուած է թուրքին անսանձ նախայարձակումներուն: Բայց Ֆրանսայի պէս մեծ երկրի մը մէջ, կոթողներու պետական մարմնին հսկողութեամբ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը երբ կը պղծուի, արժանապատուութեան հարց կը ստեղծուի երկրին համար: Հեղինակներու ինքնութիւնը եւ նպատակը կասկած չեն յարուցեր: Պետական սպասարկութիւնները նման պարագաներու հետապնդումի կը դիմեն, յանցաւորները գտնելու եւ պատժելու համար: Նաեւ հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է բողոքեն եւ պահանջեն դատախազութենէն, որ յանցաւորները դիմակազերծ ըլլան եւ դատուին:

Այս բոլորէն անկախ, հետաքրքրական պիտի ըլլար ուրացող մոլեռանդներուն հետ առերեսուիլ: Կոթողին վրայ գրել, որ ՃԻՇԴ ՉԷ, եթէ համոզում է, ժամադրուինք եւ խօսինք, որպէս քաղաքակիրթ քաղաքացիներ զիրար լուսաբանենք, ոչ միայն պատահական  թուրքին հետ, որ յուշակոթող կը պղծէ, այլ ուժի եւ անպատժելիութեան կռթնած թուրք նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ անոնց բանբերներուն հետ, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ բիրտ ուժը իրաւունք եւ օրէնք չի ճշդեր:

Ինչպէ՞ս պատահած է, որ հայկական քաղաքներ, ուր կան դեռ վկայող գերեզմանաքարեր, եկեղեցիներ, Մուշ եւ Սասուն, Կարս եւ Իգդիր, դեռ Այնթապ եւ Զէյթուն, բազմաթիւ ուրիշներ, դատարկուած են իրենց տէր հայ բնակիչներէն: Անոնց սպանդին մասին վկայած են գերմանացիներ, զուիցերիացիներ, ֆրանսացիներ, արաբներ: Դասական է ըսել՝ ճողոպրածները դարձած են գաղթական Եւրոպա, Ամերիկաներ, արաբական երկիրներ: Ինչպէ՞ս կը պատահի նաեւ, որ ժամանակակից թուրքեր կը խօսին ստոյգ մահէ փրկուած որբուհիներու մասին, որոնք եղած են իրենց մեծ մայրերը:

Ի վերջոյ, տարրական ողջախոհութիւն ունեցող շարքային կամ ղեկավար թուրքը պահ մը կանգ առնելով ինքնիրեն հարց չի՞ տար, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս բազմաթիւ երկիրներու առաջնորդներ եւ խորհրդարաններ պաշտօնապէս կը յայտարարեն, այդ կ’ընեն նաեւ թուրք լուսամիտ մտաւորականներ, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը:

Վանտալիզմը ո՛չ օրէնք է, ո՛չ դատարան, ո՛չ բարոյական:

Կոմիտասի արձանը պղծող(ներ)ը տարրական չափով եթէ հետաքրքրուէր իր ժողովուրդի պատմութեամբ, փոխանակ եաթաղանով մտածելու եւ աղօթելու, մարդկայնացման այլ մակարդակի կը հասնէր, եւ հարց կու տար, թէ ինչո՞ւ իր նախնիները ցեղասպանութիւն գործեցին հայերու դէմ:

Ցեղասպանութիւն գործեցին հայու բազմադարեան հայրենիքը բռնագրաւելու համար, եւ անոր հողը հայազերծին:

Ուրացումով ճշմարտութիւնը չի ջնջուիր:

Եթէ միջոց ընծայուէր հետաքրքրական զրոյցի մը համար, ոչ Փարիզ, ոչ Անգարա, ոչ Մոսկուա կամ Ուաշինկթըն, այլ երթայինք Անի, նստէինք կողք կողքի, դիտէինք Ախուրեանի միւս կողմը գտնուող այսօրուան Հայաստանը, եւ փորձէինք հասկնալ, թէ հայոց մայրաքաղաքը ո՞ր տրամաբանութեան եւ բարոյականութեան տուրք տալով Թուրքիա պիտի ըլլայ: Եթէ այս մէկ հարցումին արդար պատասխան մը ճարուի, աւելի դիւրաւ զիրար կ’ըմբռնենք:

Մոռնալով քաղաքականութիւն, քէն, ոխ, որքա՜ն պիտի ուզէի, որ խօսակիցս, շարքային թուրք, թէ ղեկավար, ինծի ըսէր, ինչո՞ւ մեզի պիտի զլացուի մեր նախահայրերուն կողքին, նոյն հողին մէջ հանգչելու իրաւունքը:

Իրաւունք՝ զոր թուրքը յափշտակած է:

Յուշակոթող պղծողը ինքնիրեն հարց տուա՞ծ է, թէ ո՞վ է Կոմիտաս, որուն հանճարի երանգաւոր լարերը կը թրթռան հեռաւոր Ճաբոնի մէջ ալ:

Այս ըսուածները բաւարար չեն:

Պէտք է դիմել Ֆրանսայի համապատասխան սպասարկութիւններուն վանտալները դիմակազերծ ընելու եւ պատժելու համար:

Այլ երկինքներու տակ ալ, հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող յուշակոթողներ պղծուած են, վատերու յատուկ վարքով պայքարելու համար ճշմարտութեան եւ իրաւունքի դէմ, անպատժելիութեան սովորական (չ)իրաւունքով:

Բայց ո՞վ եւ որոնք տուած են եւ կու տան այդ անպատժելիութեան իրաւունքը… Եւ ինչո՞ւ:

Ինչո՞ւ չենք խօսիր այս մասին, որ իսկական ազգային քաղաքականութիւն է:

2 սեպտեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Խորագիր Մը

Յաջորդը

2019-2020 Տարեշրջանին՝ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ունեցաւ 575 Միլիոն Եւրոյի Վնաս Մը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?