«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Հիմնարկէքը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորէն Ա. կաթողիկոսի յոբելինական հանդիսութենէն եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութենէն քանի մը օր ետք, եւ ընտրեալ աթոռակիցի օծումէն մէկ օր առաջ, շաբաթ, 28 մայիս 1977-ին, Անթիլիասի Մըզհէրի բլուրին վրայ տեղի ունեցաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հիմնարկէքի հանդիսութիւնը: Անթիլիասէն դէպի Մըզհէր բարձրացող եւ նոր բացուած ճամբուն վրայ ցուցատախտակ մը զետեղուած էր «Համազգային» արձանագրութեամբ: Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն շքախումբը շաբաթ...




