ԷՏԿԱՐ ՏԱՒԻՏԵԱՆ

Իբրեւ գրականագէտ եւ արուեստաբան` գնահատուած ու փնտռուած անուն մըն է Էտկար Տաւիտեանը միջինարեւելեան մշակութային կեանքին մէջ: Ան բազմաթիւ էջեր ստորագրած է «Ռէվէյ»-ի, «Ֆըրսթ Լուք»-ի եւ յատկապէս «Լ՛Օրիան լը Ժուր»-ի մէջ, որոնց մէջ նաեւ պարբերաբար կ՛երեւին հայ մշակոյթին վերաբերող ակնարկներ ու յօդուածներ: Սակայն աւելի յատկանշականը այն է, որ բարձր հեղինակութիւն ձեռք բերած այս մտաւորականը ամէն տարի ապրիլին յատուկ էջեր կը պատրաստէ մշակոյթի ճամբով Եղեռնը ծանօթացնելու համար ֆրանսախօս հասարակութեան:
Վերջերս «Լ՛Օրիան լը Ժուր»-ի մէջ ամերիկահայ նշանաւոր կերպարուեստագէտ Եուրոզի մասին յօդուած մը հրապարակած էր, որ թարգմանաբար կու տանք ստորեւ:
Հայկական սփիւռքին պատկանող հսկայ գեղանկարիչ մը: Երեւանէն Քալիֆորնիա, Եուրոզ կը հմայէ թէ՛ հանրութիւնը եւ թէ՛ քննադատ զանգուածը: Խորանարդապաշտութեան վարպետ մը` բարձրորակ արժէքներով: Հայեացք` կերպարի եւ ստեղծագործական երկի մը վրայ:
Եուրոզի տիեզերքը քառակուսի, զանգուածեղ, հզօր ու միաժամանակ թրթռացող զգացողութեամբ ու քնքշութեամբ լի է: Այս ներդաշնակ դաշինքը հակասութիւններու ժայթքում մըն է: Ասիկա այն ծաւի կապոյտն է, որ թաթաւուն է բոցավառ նարնջագոյն երանգներու մէջ: Այլ խօսքով, երջանկութեան ճառագայթներ, ինչպէս կապոյտ խազերը` երաժշտութեան պարագային, որոնք կը ձուլուին Սայաթ Նովայի երկրին պատկանող գերիշխող նռան գոյնին մէջ: Հոնկէ սկսեալ` ամէն տեսակ խորհրդապաշտութիւն, սիրտ ու հայրենիք իրարու կը միանան:
Ասիկա` կրակն ու ցուրտը, մինակութիւնն ու միաձուլումը, զգուշութիւնն ու զեղումը, խարոյկն ու սառնամանիքը, քաղցրն ու դառնը, անսահման հարստութիւնն ու ամբողջական չքաւորութիւնը, սեւն ու սպիտակը, պայծառն ու մութը, ինքնահաւանութիւնն ու համեստութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու ենթարկումը, խռովութիւնն ու հանդարտութիւնը, պատերազմն ու խաղաղութիւնը:
Անիկա ծուռ ու շիտակ գիծերու հանդիպումն է: Կորնթարդի ու գոգաձեւի ամուսնութիւնը: Թրթռացումներու ու լռութիւններու, ինչպէս նաեւ գաղտագողի շոյանքներու ու ամենակրքոտ սլացքներու խոտորումները, ուրկէ կը ժայթքին անհամեմատելի հիւսուածք մը ու անբաղդատելի համակարգ մը: Անոնք ենթակայ են վսեմ խառնուրդներու ու աննախատեսելի ընդմիջումներու: Այս ամբողջն է Եուրոզի միախառն ու շրջուած աշխարհը: Արեան, մարմնի, արտասուքի, հաճոյքի, անկման, կորուստի, բարձրացման: Կորուսեալ սիրոյ փնտռտուք մը: Անչափ անըմբռնելի, նոյնքան` մարդկային:

Նիւթն ու գործիքները երբեք արգելք չեն հանդիսացած իր ընդոծին ու յորդող բոլոր ստեղծագործութիւններուն: Ճարտարապետ, քանդակագործ, կաւագործ, գեղանկարիչ ու ջրանկարիչ: Գտնուելով խորանարդապաշտ պրիսմակի մը մէջ, ուր հաւասարակշռութիւնը խախտած է, ճնշիչ ազդեցութեամբ մը Պրաքի եւ Փիքասոյի, այնուամենայնիւ Եուրոզ նոր արժէքներով աւելցած աշխուժութեամբ կը կախարդէ ծաւալներուն, շարժումներուն եւ իր հեռանկարներուն միջեւ:
Ծնած` 1956-ին, Հայաստան, Եուրոզ կը պատկանի վաղահաս արուեստագէտներու այն շարքին, որոնց տաղանդը շատ արագ նկատուեր է շրջապատէն ու մասնագէտներէն: Ան տասը տարեկանին կը սկսի յաճախել Երեւանի կրթական կազմաւորման լաւագոյն միջավայր` Յակոբ Կոճոյեանի կերպարուեստի հիմնարկը: Իր ուղին, իր երանգներու զգացողութիւնը, անհաշտ տարրերը իրար պսակելու իր ճարտարութիւնը, գոյներու իմացութեան իր ըմբռնումը եւ իր անսահման երեւակայութիւնը անմիջապէս աչքի կը զարնեն եւ կը յայտնաբերեն զինք իբրեւ բացառութիւն:
Սակայն վաղահաս տաղանդով այս արուեստագէտը հեռու էր կասկածելու նոյնիսկ, որ ահաւոր կեանքի դժբախտութիւններ ու փոփոխութիւններ պիտի յայտնուէին իր ճանապարհին: Եւ ատիկա իբրեւ հետեւանք` քաղաքականութեան ու իր շեղումներուն: Մութ ժամանակաշրջան մը, որ ծանր ազդած է ամբողջ սերունդներու վրայ, այնպէս` ինչպէս կապարէ շուրջառ մը:
Համայնավար հնարամիտ իշխանութիւն մը, խորհրդային հնազանդութեան ներքոյ, որ չէր գնահատեր ըմբոստ արուեստագէտ աշակերտի մը շեղումները, որ չի հաղորդուիր ու համակերպիր վարչակազմին հաւաքական ներշնչումներուն հետ: Բարձրագոյն պետութիւնը ուղղիչն է ժողովուրդին, նոյնիսկ` ստեղծագործական գետնի վրայ: Եւ ահաւասիկ` հալածանքները, բանտարկութիւնը, ահաբեկումները, նախատինքն ու մերժումը: Փոխան` նեցուկի, քաջալերանքի եւ ճանաչողութեան:

Եուրոզ ձուլումն է իր Եուրի անունին եւ նոյնինքն Րոզին` ձեւագէտ ընկերուհի մը, որուն տրուած էր կարդալ սիրոյ պատմութիւն մը եւ մնալու իբրեւ մշտնջենական հասկացութիւնը զոյգի: Զոյգ մը` միազօդած վեհ զգացումներով, եւ որուն տղամարդ-կին զուգութեան պատկերը, գրկուած տարփանօք, անվերջ կը ցոլայ անոր կտաւներուն մէջ, այնպէս` ինչպէս հայելիի մը տպաւորութիւնը ապակեայ սրահի մը մէջ:
Խեղդուած` իր ծրարներու սեւ օրերէն, թակարդուած` ձախորդութեան կողմէ, գեղանկարիչը կը հանդիպի վերջապէս լոյսին` ուղղուելով դուրս: Սահմաններէն դուրս, որոնք կը նուաճեն զինք: Խոյս տալով Արաքսի երկրէն դէպի ազատութիւն: Թթուածինի գունդի մը եւ թնդանօթի գնդակէ զերծ պատկերակալի մը համար: Միացեալ Նահանգներն են, որ իրեն կը պարգեւեն փրկարար ապաստան` եօթը տարի անգործութեան, անօթեւան ու անհամբեր սպասումէ ետք, որովհետեւ Եուրոզին արգիլուած էր ձգել հայրենի հողը:
Եւ ահա յոյժ հեռաւոր ճամբորդութիւններէ, ձախողութիւններէ, նիւթական անապահովութենէ եւ տիտանային աշխատանքէ ետք, փառքի երազը կը դառնայ իրականութիւն: Ամերիկեան երազ մը: Երազ մը` երկրի սահմաններուն չափ, որ կ՛ընդունի իրեն 1985-էն ի վեր:
Իր երանգապնակն ու նկարները կը գրաւեն հանրութիւնն ու մամուլը եւ կը դրուին մարդու իրաւունքներու դրոշմաթուղթերու վրայ: Իր ստորագրութիւնը, իր նկարչական աշխարհն ու իր կտաւները կը շրջագային մոլորակին վրայ ամէնուրեք:
«Հոթ սփրինկզ»-ի միջազգային ժամանակակից արուեստի թանգարանէն սկսեալ, մինչեւ Միլանոյի Պոթթիչինօ Սերա եկեղեցին, անցնելով Սան Տիէկոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Թոքիոյի, Օսաքայի, Նիւ Եորքի ցուցասրահներն ու յոգնեցնելու աստիճանի չափ ցուցահանդէսներու երկար ցանկը, Եուրոզի ստեղծագործութիւնները, բազմակերպ ու փայլուն, կը յուզեն ոեւէ անձ, որ կ՛առաջնորդուի սիրտով ու զգացմունքով:
Ստեղծագործական երկ մը, ուր ծիածանն ու անկիւնաքարերը կը խօսին լոյսի, յոյսի, խոնարհութեան, տառապանքի եւ անմարդկային դէմքով վաղորդայնի մը սարսափին մասին, բայց` յանո՛ւն կեանքի, յանո՛ւն սիրոյ: Կարիքի, ողորմածութեան, հացի, ջուրի ու աղի անցումովը դէպի մարդկային եղբայրութիւն: Ահաւասիկ հնչուն պատգամ մը` խաղաղութեան: Պատգամը` մարմնի՛ եւ մտքի՛:
«Լ՛Օրիան լը Ժուր»