12 Փետրուար 1908. «Կարմիր Ժամուց»-ի Անմահ Հեղինակը` Արփիար Արփիարեան Զոհ Գնաց Եղբայրասպան Ոճիրի
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ գրականութեան եզակի դէմքերէն է «Կարմիր ժամուց» խորագրեալ իր վիպակով յաւերժութեան դափնեպսակին արժանացած Արփիար Արփիարեան, որ փետրուար 12-ի օրը, 108 տարի առաջ, զոհ գնաց եղբայրասպան ոճիրի: Եզակի դէմք է Արփիարեան նախ իր գրական տաղանդով, որ հակառակ մսխուած ըլլալու հանգամանքին` հայ գրականութեան այս բարձրորակ հեղինակին արժանացուց անմահութեան պատուանդանին` իբրեւ հայ գրականութեան Իրապաշտ դպրոցին հիմնադիրի, արեւմտահայ աշխարհաբարի մշակման դրօշակիրի եւ...

















