ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
95 տարի ետք պատմական դիպաշարի մը հոլովոյթն ու բաղդատականը չէ որ կ՛ուզենք կատարել, որքան տուեալ եղելութենէն մեզի ժառանգ մնացած խորհուրդներու ընդգծումը:
Խորհուրդներ, որոնք ցարդ պահած են իրենց այժմէականութիւնը, իմաստներն ու արժեհամակարգային հասկացողութիւնները:
Արդարեւ, ժամանակակից հայոց պատմութեան ճակատագրորոշ մէկ փուլին, երբ բուռ մը հայութիւն, աշխարհաքաղաքական պիղծ ու ստոր, համայնակուլ խաղերու եւ խօլ մրցակցութիւններու պատճառով կը կորսնցնէր իր քաղաքական անկախութիւնն ու ազատ ապրելու ամէն հնարաւորութիւն, դէմ յանդիման կը գտնուէր ահաւոր կացութիւններու, այս անգամ` ֆիզիքական ստոյգ այլ բնաջնջումի, որ իր կարգին Հայոց ցեղասպանութեան մէկ այլ տարբերակը պիտի հանդիսանար:
Փաստօրէն, Հայաստանի խորհրդայնացումէն (2 դեկտեմբեր 1920) մինչեւ Փետրուարեան ապստամբութեան բռնկումի թուական, արդէն այդ կարճ ժամանակամիջոցին յստակ կը դառնար համայնավար խենեշ վարչակարգին ուղղակի մտադրութիւնը` շարունակել թուրք զազրութեան ցեղասպանութիւնը, այլապէս սպանդի ենթարկելով հայոց մնացորդացը:
Հակառակ լըգրանեան այսպէս ըսած «հաւաստիացումներուն» եւ Դրոյի հետ ուղղակի համաձայնութեան` հայութիւնը զերծ կացուցել արիւնահեղութենէ, այլապէս վարչակարգի փոփոխութիւնը կատարել խաղաղ պայմաններու մէջ, կը պատահէր անխուսափելին` ամէն գնով խեղդել ազգային ըմբոստութիւն, ընդդիմութիւն եւ ազատատենչ մօտեցում` հաւատարիմ մնալու համար լենինեան վատոգի վարքագիծին ու անոր սեւաթոյր գաղափարախօսութեան` չխնայել ոչ մէկ միջոց, հասնելու համար ազգերու «համերաշխութեան», «հաւասարութեան» եւ «եղբայրութեան»:
18 փետրուար 1921:
Ստուգապէս կարելի է ըսել, որ իր գաղափարական արժէքային համակարգով թէ զինուորական յաջողութեամբ այս թուականը եղաւ անկիւնադարձային, այն առումով, որ իր դէմ պարտադրուած նորովի սպանդին դէմ հայութիւնը կրկին անգամ ապստամբեցաւ եւ իր ազգային արժանապատուութեան սուրբ դրօշը պարզեց` վառ պահելու համար հետագայ սերունդներու ազգային գիտակցութիւնը, Արարատը պաշտելու հաւատամքն ու արժանահաւատ կեանք մը վարելու եզակի ըմբռնումը:
Յայտնապէս հայ ժողովուրդի մէկութեան գաղափարին, ազգային ոգեկան հարստութիւններուն եւ միասնակամութեան ամէնէն սրբազան ապրումն էր, որ ինքզինք կը դրսեւորէր եւ իր բարձրագոռ ձայնը լսելի կը դարձնէր ընդդէմ պոլշեւիկ-համայնավար-հայատեաց Կասեաններու թէ Նուրիջանեաններու, որոնք իրենց յեղկոմեան ծառայութիւններուն յագուրդ տալու համար, սպանդի ենթարկեցին հայութեան լաւագոյն ընտրանին` քաղաքական գործիչը, հայդուկը, սպարապետը, հողամշակն ու ազնիւ ուսուցիչը:
Եւ եթէ երբեք հայութեան բնածին եւ առողջ հայրենապաշտի բնազդը արագօրէն չբոցավառէր 95 տարի առաջ ճիշդ այս օրը, հայութեան լինելութեան, գոյատեւման թէ հայրենիքի փրկութեան ամէն յոյս ե լոյս կորսուած պիտի ըլլային անդարձ, որովհետեւ հետագայ բոլոր քաղաքական, մշակութային թէ ընկերային զարգացումները` մինչեւ արցախեան գոյամարտ, ապացուցեցին այն ճշմարիտ եւ անգերազանցելի գաղափարայնութիւնը, թէ ազգերը կ՛ապրին եւ կը գոյատեւեն միայն իրենց քաղաքական անկախութեամբ, ինքնուրոյն եւ անկաշկանդ պետական մտածողութեամբ, հերոսական սխրանքներով, մշակութային նուաճումներով եւ առանձնաբար` միասնական հոգեկանութեամբ:
Արդեօք հայութեան երէկուան միակամ կեցուածքին, պոռթկումին, ցասումին, ազգային գիտակցական ոգիին եւ զոհողութեան արդիւնք չէի՞ն հազարաւոր հայերու ստոյգ սպանդէ փրկութիւնը, համայնավար հրէշներու ճիրաններէն հայ պետական մարդոց թէ նուիրեալ ֆետայիներու բանտերէ ազատութիւնը, կողոպուտի, թալանի թէ սանձարձակ յափշտակութիւններու կասեցումը:
Միթէ Փետրուարեան ապստամբութեան ազատատենչի ու հայրենակերտի երէկուան գիտակցութիւնը չէ՞ր, որ հայու ներաշխարհին մէջ վառ պահեց ըմբոստացումի պահուածքն ու ընդդիմանալու ոգեկան եզակի առանձնայատկութիւնը:
Այո՛, բազմիցս շեշտած ենք, թէ Փետրուարեան ապստամբութեան նկատմամբ դրսեւորուած ամէն ապազգային կողմնորոշում կամ թիւր մեկնաբանութիւն բացառաբար կը ծառայէ հայութեան թշնամի բոլոր ուժերուն, որոնք այսպէս կամ այնպէս եւ տարբեր ժամանակներու կը փորձեն հարուածել հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը` քանդելու համար հայրենիքն ու Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հայու հաւատամքն ու դարաւոր երազը:
Միւս կողմէ, ցարդ հայ պետական թէ ակադեմական շրջանակներ, պատմաբաններ թէ քաղաքական վերլուծաբաններ ինչո՞ւ կ՛ուրանան, չեն յստակացներ եւ կամ խորքային արժեւորման չեն ենթարկեր տուեալ թուականը, որպէսզի սերունդներ միանգամընդմիշտ կարենան ըմբռնել նման արարքի մը գաղափարախօսական իմաստն ու խորհուրդը:
Ի դէպ, կը կարդանք եւ կը հանդիպինք, թէեւ հազուադէպօրէն, հայրենի թէ սփիւռքահայ ազնուահոգի պատմաբաններու վերլուծութիւններուն եւ անաչառ դատողութիւններուն, որոնք վեր կ՛առնեն եւ կը շեշտեն հայոց ժամանակակից պատմութեան տուեալ փուլի համապարփակ իմացումն ու կարեւորութիւնը` պարզապէս հեռու մնալու համար տգիտութեան առթած գովերգութենէն եւ մոլորութենէն:
Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, թէ հայոց պատմագրութիւնը արձանագրած է Փետրուարեան ապստամբութեան յուշագրական, հրապարագրական թէ վկայութիւններու ամբողջ տեսադաշտը, որուն համար միշտ ալ շնորհակալ եղած են իրերայաջորդ սերունդներ:
Անցնելով այսօրուան հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր ընկերային դժուարութիւններուն եւ քաղաքական բացայայտ թերացումներուն, ապազգային կողմնորոշումներուն եւ շատ անգամ սադրիչ վարքագիծերուն, յստակ կը դառնայ իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ այնքան ատեն որ հայութիւնը իր պետական մտածողութեամբ, հայ քաղաքական մտքի հասունութեամբ եւ ազգային հայեցակարգերու առաւել հաստատագրումով ամէն քայլափոխի ինքզինք չի բարեկարգեր, փոփոխութիւններու չի ձեռնարկեր, յառաջադէմ եւ կենսունակ ազգային ծրագիրներու չի նախաձեռներ, բայց մանաւանդ` մօտիկ անցեալի պատմութենէն դասեր քաղելու պատրաստակամութիւն չի ցուցաբերեր, պիտի գտնուի տարաժամ ու անախորժ կացութիւններու դէմ յանդիման եւ դառնայ համաշխարհային գերհզօր սադրանքներու ու քաղաքական խաղերու ենթակայ, այլապէս քանդելով պետականաշինութեան ամէն գործընթացի առաջադրութիւն եւ երազանք:
Օրին, Փետրուարեան ապստամբութեամբ հայութիւնը ինքնեկ երկնեց իր գաղափարական մէկութեան հրաշալի հաւատամքը, այսօր հայութիւնը պարտաւոր է առաւել համախմբուիլ հայոց պետութեան շուրջ եւ երկնել մերօրեայ կեանքի ազգային համագործակցութեան ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը` ներկայ ժամանակներու Ազգային փրկութեան կոմիտէն, որուն յենարանը կրնայ ըլլալ ազգը համակ` իր բոլոր շերտերով եւ գոյներով: