Անդրադարձ

Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութիւնը Զինադադարը Յարգելու Կոչ Կ՛ուղղէ Պաքուին

Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութիւնը Զինադադարը Յարգելու Կոչ Կ՛ուղղէ Պաքուին

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը 3 ապրիլ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Արցախի տարածքին տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն` նշելով յատկապէս, որ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը ներկայացնեն 1994-ին հաստատուած հրադադարի բացայայտ խախտում եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջ մղող բանակցութիւններու սկզբունքներու ոտնակոխում: «Կը դատապարտենք միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն լուրջ խախտումը: Նաեւ, այդ յարձակումներուն ընթացքին քաղաքացիական...

Կոչ Զօրակցութեան

Կոչ Զօրակցութեան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ օրեր առաջ ծայր առած ռազմական սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւնները, ընդդէմ անզէն եւ խաղաղ ղարաբաղցի մեր ժողովուրդին, պատճառ դարձան անմեղ կեանքերու կորուստին: Հետեւաբար` 1.- Խստօրէն կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն ու անզէն գիւղացիներուն դէմ պատերազմը, ինչ որ բոլոր չափանիշներով պէտք է կոչել զանգուածային ահաբեկչութիւն: 2.- Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքը խորապէս...

Սուրիահայ Կազմակերպութիւններու Յայտարարութիւն

Սուրիահայ Կազմակերպութիւններու Յայտարարութիւն

Բուռն կերպով կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած թշնամական, զինուորական գործողութիւններու ծաւալումը, խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծումները եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու դաւադիր ծրագիրները: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան, հայոց բանակին եւ պայքարունակ մեր ժողովուրդին: Հակառակ սուրիահայութեան վիճակուած ծանր պայմաններուն, մեր հնարաւոր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնենք հայրենի հողին ու ժողովուրդին պաշտպանութեան: ՍԴ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ...

«Այս Օրերի Գլխաւոր Դասը»

«Այս Օրերի Գլխաւոր Դասը»

5 ապրիլին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան արտասանեց հետեւեալ խօսքը: Յարգելի՛ խորհրդարան Նախ մեր վշտակցութիւնը` վերջին օրերին հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերում հերոսաբար զոհուած զինուորների ու սպաների մերձաւորներին: Սա միայն տասնեակ հայ ընտանիքների ողբերգութիւնը չէ, այլ` ամբողջ հայ ժողովրդի: Որ տեւական նախապատրաստութիւնից, հայատեաց, ռազմատենչ քաղաքականութիւնից յետոյ Ազրպէյճանը դիմելու էր հերթական նախայարձակման,...

Արժանթինի Հայ Համայնքը Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեց Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Արժանթինի Հայ Համայնքը Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեց Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

Ապրիլ 5-ի երեկոյեան Արժանթինի հայ համայնքը միասնական բողոքի ցոյց մը կատարեց Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Աւելի քան հազար հոգի համախմբուեցան եւ Արցախի խաղաղութեան պահանջքով քայլարշաւ կատարեցին մինչեւ ազերի դիւանագիտական նստատեղին: Հոծ բազմութիւնը առաջնորդեց Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլէի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան եւ կղերական ներկայացուցիչները: Անոնց կողքին ներկայ էին համայնքային կազմակերպութիւններուն ղեկավարները, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեան...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի -Մարտ Ե- Արցախի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Արցախ իր անկախութեան 25-ամեակը կը նշէ ո՛չ միայն ներքին, այլեւ արտաքին-քաղաքական նուաճումներով: Միացեալ Նահանգներու Հաուայի նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը, 29 մարտի իր յայտարարութեամբ, ոչ միայն միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի անկախութիւնը, այլեւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան` Արցախը ճանչնալու որպէս ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: Սա մեծ հարուած է Արցախի ապահովութիւնը մշտապէս վտանգող, ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներու դիւանագիտական աշխատանքը խափանել փորձող, յատկապէս արեւմտեան աշխարհին մէջ...

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական  Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախայարձակումը

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախայարձակումը

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտած է ապրիլ 1-էն 2 լուսցող գիշերը Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին ողջ երկայնքով կատարուած յարձակումը: «Ազրպէյճանի այս յարձակողապաշտ գործողութիւնները ո՛չ միայն կը վտանգեն խաղաղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ ողջ տարածաշրջանին, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Վրաստանը` իր բոլոր քաղաքական ու տնտեսական ծրագիրներով: «Ջաւախքահայութիւնը խորապէս մտահոգուած է...

Երեւանի Մաշտոցի Պուրակէն` Արցախի Սահմանամերձ Շրջաններ

Երեւանի Մաշտոցի Պուրակէն` Արցախի Սահմանամերձ Շրջաններ

Անցնող օրերու ընթացքին` Արցախի բանակին օգնելու նպատակով, Երեւանի Մաշտոցի պուրակ փութացած են մեծ թիւով հայորդիներ, իրենց հետ բերելով սննդամթերք եւ այլ առարկաներ, որպէսզի ղրկուին Արցախ: Մեծ թիւով քաղաքացիներ սնտուկներով ուտելիքներ հասցուցած են Մաշտոցի պուրակ` հաւատալով, որ այսպէս իրենք կատարած կ՛ըլլան իրենց պարտականութիւնը` օժանդակելով հայ զինուորին, որ կը պաշտպանէ Արցախի սահմանները` զոհելով իր կեանքը յանուն հայրենիքին ու յանուն ազատութեան: Հայորդիներ Դիմատետրի...

Հայկական Զինեալ Ուժերը Ծանր Հարուածներ Կը Հասցնեն Ազրպէյճանական Նախայարձակ Ուժերուն. Հայկական Աշխարհը` Զօրաշարժի Ենթարկուած

Մերձտնեսթրը Ամբողջական Աջակցութիւն Եւ Զօրակցութիւն Յայտնած Է Արցախին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանն ու Մերձտենսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վիթալի Իկնաթեւ 4 ապրիլին ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է 1-էն 2 ապրիլ լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին: Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութենէն...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Զէնք, Որ Թշնամին Չունի

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ 5 օր շարունակ պատերազմ էր Արցախի ճակատներու ամբողջ երկայնքին: Ոչ թէ զինադադարի խախտում կամ բախումներ` ինչ-որ «շփման գիծ»-ի որոշ հատուածներուն շուրջ, այլ` պատերազմ, վայրագ ու անողոք, աւերիչ ու մահասփիւռ: Նախայարձակը ազերի թուրքն էր, եւ ինչպէս միշտ` ան տարբերութիւն չդրաւ դպրոցական երեխաներու, տարեցներու, պատանի-պարմանուհիներու եւ ռազմական թիրախներու միջեւ: Այս անգամ ազրպէյճանական ուժերը ռազմադաշտ բերին իրենց ամէնէն ազդեցիկ զէնքերը` ռուսական...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Հզօրներու Դիւանագիտական Ճառային Անբարոյ Ճապկումները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաշխարհը կրկին յուզուած է: Հայաշխարհը կրկին նախայարձակման ենթարկուած է: Հայ զինուորներ զոհուած են Արցախի սահմանին վրայ: Կրկին «կրատ» տիպի հրթիռներ արձակուած են, եւ անոնց կոյր հարուածին տակ հայ մանուկներ մեռած: Սահման պաշտպանող հայ զինուորներու եւ «կրատ» տիպի հրթիռներու զոհ հայ մանուկներու մահը հզօրներու դիւանագիտական ճապկումներուն մէջ սոսկ թուանշաններ են, այդ ալ` բախտաւոր պարագային: Անոնց սպայակոյտի հաշիւներուն մէջ այդ...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

Թուրք-Ռուսական Ընդհարման Նոր Ճակատը Եւ Հայաստան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած վերջին յարձակողականը` հայ-ազրպէյճանական շփման գիծի արցախեան հատուածի երկայնքին պէտք է դիտել որպէս մէկ նոր փուլ Թուրքիա-Ռուսիա առճակատումներու շղթային մէջ` թելադրուած Թուրքիոյ ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն եւ թուրք-ազրպէյճանական առանցքի լիարժէք օգտագործմամբ: Յստակ է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի ռազմաբեմերուն վրայ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բախեցաւ Ռուսիոյ ուղիղ ու հուժկու միջամտութեան եւ քրտական ուժի ազդու հակադարձութեան, որ միաժամանակ աջակցութիւն կը ստանար (եւ...

Նամականի

Նամականի

Ըստ աւանդութեան, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան` Ս. Զատկուան առիթով հոգեթով սովորութեան վերածուած է հայ հոգեւոր պետերու եւ առաջնորդներու կամ անոնց փոխանորդներու կողմէ յաւուր պատշաճի պատգամներու եւ տօնական օրերու մաղթանքներու փոխանցումը իրենց հօտերուն, ինչպէս որ է պարագան Աստուածայայտնութեան` Ս. Ծննդեան առիթով: Մինչեւ հոս ամէն բան բնական է ու հասկնալի: Անբնականը կամ անհասկնալին կը սկսի, երբ հոգեւոր հովիւ մը Ս. Զատկուան իր պատգամը...

Յայտնի Են «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները.  Ընտրող Յանձնաժողովի Համանախագահներ Ճորճ Քլունի Եւ Էլի Վիզել Ողջունեցին «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները

Յայտնի Են «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները. Ընտրող Յանձնաժողովի Համանախագահներ Ճորճ Քլունի Եւ Էլի Վիզել Ողջունեցին «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները

15 մարտ  2016-ին «Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովը յայտարարեց մրցանակի դափնեկիր դառնալու չորս թեկնածուներուն անունները. Մարկարիթ Պարանքիցէ` Պուրունտիէն, տոքթոր Թոմ Քաթինա` Սուտանէն, Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա` Փաքիստանէն եւ հայր Պեռնարտ Քինվի` Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութենէն: «Աւրորա» մարդասիրական, համաշխարհային մրցանակը ամէն տարի պիտի շնորհուի անձնաւորութեան մը, որ անձնուիրաբար կ’օգնէ մարդոց: Դափնեկիրները պիտի գնահատուին իրենց արարքներուն բացառիկ ազդեցութեան ու նշանակութեան համար: Դափնեկիրը պիտի ստանայ 100...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Տխուր Եւ Վշտալի Իրականութիւն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Եթէ մօտէն կը հետեւինք հայ սփիւռքի ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, թէ տակաւին դամոկլեան սուրի նման անոր գլխուն կախուած է տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը: Այս մասին եւ ամէն առիթներով մտահոգ գրիչներ ոչ միայն անդրադարձած են, այլեւ արձագանգած ու ամէն ձեւով հրապարակած են իրենց մէջ կուտակուած այս վախն ու սարսափը: Աւելի՛ն. անոնք նաեւ...

Հիշամ Ժապեր Կը Գրէ Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ Կատարած Իր Այցելութեան Մասին

Հիշամ Ժապեր Կը Գրէ Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ Կատարած Իր Այցելութեան Մասին

Հանգստեան կոչուած լիբանանեան բանակի հազարապետ-զօրավար Հիշամ Ժապեր, որ նաեւ նախագահն է Միջին Արեւելքի զինուորական ուսումնասիրութիւններու եւ ընդհանուր յարաբերութեան կեդրոնին, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ իր այցելութեան մասին «Աֆքար» շաբաթաթերթին մէջ գրած է հետեւեալ յօդուածը. Պտոյտ Մը Դէպի Հայաստան Եւ Լեռնային Ղարաբաղ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան հրաւէր մը ստանալէս հինգ տարի ետք ընդառաջեցի այդ հրաւէրին: Նախքան մեկնումս` պէտք էր վերադառնայի քարտէսներու եւ...

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Լռում Եւ Անտեսում Պրազիլի Յայտարարութիւնը

Խաղաղութիւն Չի՞ Լինելու. Ուրեմն` Նոր Պատերա՞զմ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների միջեւ Ուաշինկթընում հանդիպում չկայացաւ, ինչը նշանակում է, որ կողմերը խօսելու բան չունեն, որ` բանակցային գործընթացը խորը փակուղում է: Դա նշանակում է, որ, ցաւօք, սահմանում եւ սահմանամերձ գիւղերում շարունակելու են զոհուել երիտասարդ տղաներ, անմեղ քաղաքացիներ: Մենք որոշեցինք վերյիշել եւ յիշեցնել արցախեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը:    1994-ի մայիսեան զինադադարից ի վեր հակամարտութեան կողմերին ներկայացուել են հինգ...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Աւելի Լաւ Է Զօրակցիլ Հայ Գործիչներուն, Քան` Քննադատել Թուրք-Ազրպէյճանական Լոպիինկը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Տարիներ շարունակ բազմաթիւ քննադատական գիրքեր եւ յօդուածներ գրուած են օտարերկրացի եւ տեղական խումբերու մասին, որոնք լոպիիստական ընկերութիւններ կը վարձեն կամ քարոզչական նուիրատուութիւններ կ՛ընեն պետական պաշտօնեաներու վրայ ազդելու նպատակով: Անցեալ շաբաթ Լ. Մայքըլ Հեճըր նմանատիպ յօդուած մը հրապարակեց «Ֆորըն փոլիսի ճուրնըլ»-ի մէջ` «AIPAC կրնայ գնել լաւագոյն Քոնկրեսը» վերնագրով: AIPAC Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Ի Խնդիր Հայաստանի Պետականութեան Ամրապնդումին (Հրաչ Մուրատեանի Անարգ Սպանութեան Առիթով)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Երեք տարի առաջ, այս օրերուն, անարգ ոճիրի զոհ գնաց Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը: Երեք տարի անց մենք չենք մոռցած այս ոճիրը, մանաւանդ` ատոր բացայայտուած չըլլալու հանգամանքը: Հրաչ Մուրատեան ազատամարտիկ էր: Ան մաս կը կազմէր Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած կամաւորներու այն մեծ փաղանգին, որուն համար հայրենի հողին ազատագրումը առաջնահերթութիւն էր: Հրաչ Մուրատեան իր գաղափարական համոզումներով դաշնակցական էր ու գաղափարական...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Ցրտահարութիւն Եւ Թրքական Բանջարեղէն (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Ըստ պետական վիճակագրական տուեալներու,  1995-2015 տարիներուն Թուրքիայէն Հայաստան ներածուած է 2,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ ապրանք: Ասոնք ընդամէնը պաշտօնական թիւեր են, իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ հայ վաճառականները մաքսատուրքերէ խուսափելու համար մի՛շտ նուազեցուած գիներ ներկայացուցած են մաքսային ծառայութիւններուն, ապա այս թիւերը քանի մը անգամով պիտի աճին: Տակաւին չենք խօսիր անհատ քաղաքացիներուն մասին, որոնք օդային կամ ցամաքային ճանապարհով Թուրքիա կ՛այցելեն...

Page 708 of 806 1 … 707 708 709 … 806

Արխիւներ