Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մաշտոցի Պուրակէն` Արցախի Սահմանամերձ Շրջաններ

April 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mashtots-6_40716HOM_40716Անցնող օրերու ընթացքին` Արցախի բանակին օգնելու նպատակով, Երեւանի Մաշտոցի պուրակ փութացած են մեծ թիւով հայորդիներ, իրենց հետ բերելով սննդամթերք եւ այլ առարկաներ, որպէսզի ղրկուին Արցախ: Մեծ թիւով քաղաքացիներ սնտուկներով ուտելիքներ հասցուցած են Մաշտոցի պուրակ` հաւատալով, որ այսպէս իրենք կատարած կ՛ըլլան իրենց պարտականութիւնը` օժանդակելով հայ զինուորին, որ կը պաշտպանէ Արցախի սահմանները` զոհելով իր կեանքը յանուն հայրենիքին ու յանուն ազատութեան:

Հայորդիներ Դիմատետրի ճամբով տեղեկացած էին, որ նման արշաւ կը կատարուի` օժանդակելու Արցախի բանակին, սակայն անցորդները ու իրենց տուներուն պատուհաններէն տեսնող մամիկներն ու պապիկները եւս ուզած են իրենց մասնակցութիւնը բերել` իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, եւ երբ յանձնած են իրենց օժանդակութիւնը անոնցմէ մէկը արցունքոտ աչքերով ըսած է. «Երանի միշտ այսպէս միասնակամ ըլլանք»:

Բացի անհատներէն, նաեւ կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ ալ միացած են այս արշաւին եւ Մաշտոցի պուրակ բերած են մեծ քանակութեամբ սննդամթերք:

Տասը տարեկան Արսէնն ալ եկած է օգնելու. «Ես եկած եմ օգնելու մեր զինուորներուն, չէ ՞որ ես ալ օր մը զինուոր պիտի ըլլամ»:

Օժանդակութեան մարմնի անդամներէն` Մաքսիմ Սարգսեան, յայտնած է, որ հանգանակութեան սնտուկ մըն ալ պատրաստուած է, որովհետեւ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրողներուն թիւն ալ մեծ է: Սարգսեան վստահեցուցած է, որ հաւաքուած գումարէն մաս մը պիտի օգտագործուի ուտելիքներու եւ առարկաներու փոխադրութեան, իսկ մնացածը կը յանձնուի արցախցի զինուորներուն կամ կ՛օգտագործուի Արցախի բնակչութեան կարիքները հոգալու:

* Նշենք, որ հայ զինուորներուն եւ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն օժանդակութիւն առաքեց նաեւ ՀՕՄ-ը:

Նախորդը

Մերձտնեսթրը Ամբողջական Աջակցութիւն Եւ Զօրակցութիւն Յայտնած Է Արցախին

Յաջորդը

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախայարձակումը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.