Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

April 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ աւանդութեան, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան` Ս. Զատկուան առիթով հոգեթով սովորութեան վերածուած է հայ հոգեւոր պետերու եւ առաջնորդներու կամ անոնց փոխանորդներու կողմէ յաւուր պատշաճի պատգամներու եւ տօնական օրերու մաղթանքներու փոխանցումը իրենց հօտերուն, ինչպէս որ է պարագան Աստուածայայտնութեան` Ս. Ծննդեան առիթով:

Մինչեւ հոս ամէն բան բնական է ու հասկնալի: Անբնականը կամ անհասկնալին կը սկսի, երբ հոգեւոր հովիւ մը Ս. Զատկուան իր պատգամը կ՛եզրափակէ «Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս» արեւելահայերէն հոլովաձեւով: Յամառօրէն կ՛ըսեմ, քանի որ նոյն հոգեւորականը Ս. Ծննդեան իր պատգամը եւս եզրափակած էր նոյնպիսի հոլովաձեւով (եւ այս` յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով), որ ո՛չ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ, երբ մենք` սփիւռքահայերս, այս պարագային` լիբանանահայերս, պարտադրաբար, զիրար պէտք է շնորհաւորենք արեւմտահայերէնով` «Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս» հոլովաձեւով:

Միւս կողմէ, այլ հոգեւորական մը այս տարուան Ս. Զատկուան իր պատգամը եզրափակած էր «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, ճշմարտապէ՛ս յարեաւ» նախադասութեամբ, որ բառացի թարգմանութիւնն է արաբերէն «Ալմասիհ գամ, հագգան գամ» ըսելաձեւին: Ի՜նչ անհարկի փոխառութիւն, երբ մենք ունինք հոգեհարազատը, հայաբոյրը… Ինչո՞ւ չկառչիլ մեր ազգային աւանդութեանց եւ չորդեգրել տօնական մաղթանքներու մեր իւրայատուկ բանաձեւումը. Ս. Ծննդեան առթիւ` «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս», իսկ Ս. Զատկուան առթիւ` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

… Ու տակաւին, ինչո՞ւ զարմանալ ու գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ յառաջացնել` վայաբանելով, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու կարգին դասուած է: Արեւմտահայերէնը չի կրնար վտանգուած ըլլալ, երբ զայն գործածողները լրջօրէն կը գուրգուրան անոր… բանիւ եւ գործով:

ՏԻՐԱՆ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Նախորդը

Յայտնի Են «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները. Ընտրող Յանձնաժողովի Համանախագահներ Ճորճ Քլունի Եւ Էլի Վիզել Ողջունեցին «Աւրորա» Մրցանակի Չորս Թեկնածուները

Յաջորդը

Թուրք-Ռուսական Ընդհարման Նոր Ճակատը Եւ Հայաստան

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.