Անդրադարձ

Խմբագրական.   1-5 Ապրիլ. Ներհայկական Համախմբում (Է.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Ներհայկական Համախմբում (Է.)

Բացի որոշ բաղաձայն հրապարակումներէն, ընդհանրապէս պատերազմական գործողութիւններու քառօրեային եւ անոր յաջորդող անմիջական ժամանակահատուածին, հայկական դաշտին մէջ երեւցան միակամութեան ինքնաբուխ գեղեցկագոյն օրինակներ: Համակողմանի հասարակական այս միաւորումը գուցէ ստիպեց նաեւ քաղաքական դաշտին, բոլոր խնդիրները երկրորդական եւ յետին գիծ մղելու եւ կեդրոնանալու օրուան հրամայականին վրայ` ամէն տեսակի աջակցութիւն ու զօրակցութիւնը գերադասելով ամէն տեսակի տարակարծութենէ: Երեւոյթը համատարած էր ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ: Արցախի նախագահը...

Աշխարհը` Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

Աշխարհը` Քառօրեայ Պատերազմի Մասին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այլեւս հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու  եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն: Վարձկան զինուորներու նման, որոնք առաջին դասալիքները կ՛ըլլան, կան վարձկան լրագրողներ եւ քաղաքական «մեկնաբաններ», նոյնիսկ` գործիչներ, որոնցմէ (այս պարագային) ազրպէյճանական ձկնկիթի եւ քարիւղի հոտ...

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հնգօրեայ Պատերազմ(ները) Եւ Զէնքի Վաճառականը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պարզ զուգադիպութեամբ Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները, Վրաստան-Ռուսիա` 2008 եւ ապրիլի առաջին շաբաթը` Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ», տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պատերազմներ: Առաջին պարագային, սակայն, կովկասեան տարածաշրջան ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ: Վրաստանի այն ժամանակուան նախագահ Սահակաշվիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ տակաւին յստակ չեն,...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Արցախեան Պատերազմէն Թելադրուած Միտքեր Եւ Մատներու Արանքէն Անգամ Չդիտուող «Փանթիւրքիզմ»-ը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պատերազմ է: Գերարդիական զէնքերով: Մահերով: Ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներու գաղափարական-քաղաքական չափանիշներով դիտել Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ոչ մէկ լուծման կ’առաջնորդէ: Իրաւունք, պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ այդ կարգի գեղահունչ բառեր նոյն իմաստը չունին ժողովրդավարական ազատ աշխարհին եւ թուրք-ազերիին համար: Այսքանը եթէ չհասկցուի ինքնակոչ իրաւարարներու եւ հաշտութեան համար երթեւեկողներու կողմէ, ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Բանակցելու համար արժէքներու հասարակ յայտարար...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Սուրիական Օրագրութիւն (Հեղինակ` Լալա Միսկարեան-Մինասեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երբեմն դառն ճակատագիրի հեգնանքը իրեն հետ կը բերէ բարեբեր հովիկ մը, որ իր կարգին կը սփոփէ մեզ` դառնակսկիծ վիճակներէ պահ մը հեռու մնալու, ստեղծելու եւ ըստ այդմ շարունակելու մեր կեանքը: Նման յայտնութիւն մը հանդիսացաւ «Սուրիական օրագրութիւն» գիրքին հեղինակը` Լալա Միսկարեան-Մինասեան, որուն սրտամօտ եւ հոգեգրաւ գրիչին հայ ընթերցասէր հասարակութիւնը ծանօթացաւ հայ մամուլի էջերէն, երբ ան սկսաւ Սուրիոյ պատերազմի ահաւորութիւնը...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Օրինակ Առնենք…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Երկու տասնամեակներէ ի վեր «Լոս Անճելըս Թայմզ» լայնատարած օրաթերթը ամէն ապրիլի սկիզբ կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանդէս մը` «Եու.Էս.Սի.» համալսարանին մէջ: Շաբաթավերջի մը, երկու օրերու վրայ երկարող եւ մուտքը ազատ այս ձեռնարկին միշտ կ՛ակնկալուի աւելի քան երկու հարիւր հազար այցելու: Այս տարի նման ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ եւ կիրակի, 9 եւ 10 ապրիլին, որուն ընթացքին մշակութասէր, ընթերցասէր...

Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիան Ներկայիս

Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիան Ներկայիս

 ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ  ԱՂՊԱՇԵԱՆ Կը թուի, թէ Թուրքիան ներկայիս, առանց որեւէ ուղղութեամբ, կը քալէ իր քաղաքականութեան փշոտ ճանապարհներուն մէջ: Օսմանեան կայսրութիւնը գոյատեւեց հարիւրաւոր տարիներ, երբ օսմանեան կայսրը (խալիֆան) կայսրութեան քաղաքական եւ կրօնական պետն էր. իբրեւ իսլամներու խալիֆայի` ոեւէ մահմետական չէր կրնար չհետեւիլ անոր: Կայսրութեան փլուզումէն ետք Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք հիմնեց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` 1923-ին, եւ Թուրքիան աշխարհիկ պետութեան վերածեց. սակայն անոր կատարած բոլոր...

Խմբագրական.  1-5 Ապրիլ. Արտաքին Քաղաքական  Հաւանական Հետեւանքներ (Զ.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Արտաքին Քաղաքական Հաւանական Հետեւանքներ (Զ.)

Հետզհետէ համակողմանի համոզում դարձաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ կայծակնային յարձակումի գործողութիւններու կասեցման մէջ հիմնական էր ռուսական գործօնը: Քաղաքական վերլուծաբանութիւնը կշռեց դէպի ռուսական կողմին ցուցաբերած քանի մը օրուան կրաւորականութեան իրականութեան վրայ: Անգարայի եւ Պաքուի շահերու մէկտեղումին, սուրիական ճակատին վրայ երեւցած Անգարա-Պաքու հակասութեան եւ աւագ եղբօր ներշնչանքներուն մասին անդրադարձած էինք արդէն խմբագրաշարքի առաջին թիւով: Ռուսիոյ նախագահին Ուաշինկթընի հիւլէական անվտանգութեան համաժողովին չմասնակցիլը, անոր դիմաց...

Ակնարկ.  Քուէարկողը Կը Վճարէ՞…

Յաղթանակի Համը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս, ...Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ: Ապրիլի առաջին օրերուն Մարտակերտի եւ Մարտունիի սահմաններուն վրայ ազերիական յարձակումը սխրանքի նոր էջեր արձանագրեց հայրենի հողին պաշտպաններուն ու աշխարհատարած հայութեան համար, անգամ մը եւս մեր քիմքերուն բերելով յաղթանակի համը, զոր զգացած էինք շուրջ 25 տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման ու Արցախի ազատագրութեան օրերուն: Ռազմաճակատին վրայ, անակնկալ...

Աճիւններ Եւ Օրօրոցներ

Աճիւններ Եւ Օրօրոցներ

ՅՈՎԻԿ ԱՖԵԱՆ Դուն կրնա՞ս սեւ թուղթ տալ: Չե՛ս կրնայ, ես էլ չեմ կրնայ… Դուք կարո՞ղ էք գնալ այն 36 տները, որտեղ զոհ ունեն ու ինչ-որ բան ասել, չէք կարող, ես էլ չեմ կարող: Զոհուածի ընտանիքին ի՞նչ ասես, ի՞նչ հարցնես, մօր աչքերին նայես ու ի՞նչ ասես, ինչպէ՞ս ասես, թէ իր որդու ձին որտե՞ղ թողեց իր բալին: Դուք գիտէ՞ք, թէ որտեղ թողեց...

Ցաւ Եւ Հպարտութիւն.  Ապրիլ 2-13 Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արձանագրուած Կորուստները

Ցաւ Եւ Հպարտութիւն. Ապրիլ 2-13 Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արձանագրուած Կորուստները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուցած է այն կորուստները, որոնք արձանագրուած են 2-5 ապրիլին, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող հանգրուանին` մինչեւ 13 ապրիլ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «2-5 ապրիլի ժամանակաշրջանին հակառակորդին հետ անմիջական շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած են 64 զինուորներ եւ 13 աշխարհազօրայիններ ու պահեստազօրայիններ` 15 սպաներ, 15 պայմանագրային զինուորներ, 34 ժամկէտային...

Նամականի

Անդրադարձ. Մեր Հերոս Ազգին Քաջարի Զինուորները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Քանաքեռի կարի գործարանը զինուորական համազգեստի պակաս չունի եւ արդէն իսկ կ՛արտադրէ մեծ չափի մինչեւ թիւ 64 տարազներ, հազարաւոր կամաւոր ազատամարտիկներուն համար (տես https://youtu.be/uHmHLh9WUPs): Մեծ չափի համազգեստ կը պատրաստուի Քանաքեռի զինուորական համազգեստի գործարանը 3 Ապրիլ 2016-ին, հանգիստի ժամուն, լսելով զինակիցներուն ահազանգը եւ տեսնելով բլուրի ետեւէն բարձրացող թշնամիին ուղղաթիռը` շուրջ 40-50 մեթր հեռաւորութեան վրայ Նարեկ Մալխասեան նռնականերով վար կ՛առնէ զայն...

Խմբագրական.  1-5 Ապրիլ. Տեղեկատուական (Ե.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Տեղեկատուական (Ե.)

Արցախեան հակամարտութեան առաջին օրէն տեղեկատուական պատերազմը անդադար շարունակուած է. բնականաբար կայծակնային նախայարձակողականութեան առընթեր ծաւալ ստացաւ նաեւ այս ոլորտը: Առարկայական մօտեցումի համար ճիշդ պիտի չըլլար բաւարարուիլ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ընթացող տեղեկատուական հակամարտութեան մասին խօսելով միայն: Առնչակից կողմեր կան այստեղ եւ յատկապէս միջազգային լրահոսը, որ լուրեր թողարկելու, զանոնք մեկնաբանելու, շրջագայութեան մէջ դնելու եւ ուղղակի-անուղղակի եղանակներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու բազմաբնոյթ առաքելութիւններով...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն – Վերնախաւին Զգաստանալու Պահը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ «Բոլոր մեծահարուստները պէտք է հասկանան, որ իրենց ունեցածը կարող է զրոյի վերածուել, եթէ հայրենիքը չպաշտպանուի: Այսօր մենք տեսնում ենք, որ հայրենիքը առաջնագծում պաշտպանում են հիմնականում անապահով խաւերի ներկայացուցիչները, զաւակները: Սա բոլորի համար պէտք է դաս լինի, ահազանգ լինի հէնց այդ անձանց համար, որ ամէն մի լուման պէտք է ուղղել բանակի պաշտպանունակութեան բարձրացմանը: Սերունդների կեանքն ապահովւում է ոչ թէ...

Մարտակերտը Կը Վերագտնէ Ինքզինք

Մարտակերտը Կը Վերագտնէ Ինքզինք

Թշնամիին  ռմբակոծումին ենթարկուած Արցախի Մարտակերտ քաղաքի ենթակառոյցներու վերականգման աշխատանքները ընթացած են բախումներու զուգահեռ: Արցախ գտնուող «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար` Վալատիկ Խաչատրեան պատմած է, որ հրթիռներէն մէկը 10 քիլովաթ/ժամ զօրութեամբ ելեկտրականութեան երկու սիւն վար առած է, սակայն քաղաքի ելեկտրական հոսանքը երեսուն վայրկեան ետք վերամիացուած է:  «Հակառակորդին անօդաչու սարքը տեղէն հանեց նաեւ 35 քիլովաթ/ժամ զօրութիւն ապահովող ելեկտրական...

Զօրաշարժուեցինք Դարձեալ Արցախով…

Զօրաշարժուեցինք Դարձեալ Արցախով…

Դ. Մ. Հայոց համընդհանուր պահանջատիրութեան 100-րդ հանգրուանով շեշտակիօրէն նուիրականացուած եռամիասնութեան` «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք»-ի առանցքը հանդիսացող արծուեբոյն Արցախը զօրաշարժի է ենթարկել ողջ հայաշխարհին: Արիւնարբու եւ կամազուրկ թշնամին ուզում է կոտրել նոյն այդ եռամիասնութեան ողնաշարը: Թշնամին յոյս է կապել` 1- Ռուսաստանից ձեռք բերուած նաւթատոլարային միլիառանոց զէնքերին, 2- Իր աւագ ու ՏԱՀԵՇ-ի կնքահայր Թուրքիայի զինական, քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական աջակցութիւններին, 3- Եւ առանձնայատուկ կերպով` իսրայէլա-սիոնիստական...

«Շատ Դիւրին Է Նկատել Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն»-  Չեխական Պարբերական

«Շատ Դիւրին Է Նկատել Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն»- Չեխական Պարբերական

Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու աշխուժացումը հետեւանքն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած պայմանաւորուածութեան, որուն նպատակն է Ռուսիան ներքաշել այլ զինուած հակամարտութեան մը մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ չեխական պարբերականի «Czech Free Press» յօդուածագիր Լատիսլավ Քաշուքան: Անոր կարծիքով, շատ դիւրին է նկատել Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն: Առաջին, անցեալ տարուան նոյեմբերին ռուսական օդանաւի մը խոցումը...

Իմ Անգին, Իմ Աննման Հայրիկ Հրայր Ծերունեան

Իմ Անգին, Իմ Աննման Հայրիկ Հրայր Ծերունեան

«Ազդակ» թերթին մէջ կարդացի իմ շատ սիրելի աննման կնքահայր Հրայր Ծերունեանի մեծարանքի մասին եւ շատ յուզուեցի: Լիբանանի հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիների հովանաւորութեամբ, 1992 թ. Արցախի ռմբակոծումներից գլուխս վիրաւոր 9 տարեկան եկել էի Պէյրութ բուժուելու: Ինձ հիւրընկալած հայ ընտանիքում փոքրիկ Յասմիկի եւ Անիի հետ փաթաթուած պառկում էի գիշերները լուսացնելով իմ անվերջ արցունքներով` կարօտ ծնողական սիրոյ: Լիբանանի հայերը ջերմ հոգատարութեամբ էին...

Միայն… Լիբանանի Մէջ

«Կաթիլ Մը Մեղր»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ 13 թուանշանը  չարագուշակ կը համարուի շատերուն կողմէ: Հրեաներուն քով շատ աւելի շեշտուած է այդ նախապաշարումը, մանաւանդ  երբ ամսուան 13-րդ օրը ուրբաթ օրուան մը հանդիպի: Այդ օր շատ զգուշ  կ՛ըլլան: Շատեր օդանաւով չեն ճամբորդեր, աւելի նախապաշարեալները նոյնիսկ տունէն դուրս չեն ելլեր: Ամերիկայի մէջ կարգ մը բարձր շէնքերու մէջ 13-րդ յարկերու չենք հանդիպիր: 12-րդ յարկին կը յաջորդէ 14-րդը: Կը խուսափին...

Խմբագրական.  1-5 Ապրիլ. Իրաւական Առանցք (Դ.)

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Իրաւական Առանցք (Դ.)

2 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախագահը իր խօսքին մէջ կը յստակացնէր. «Ես համոզուած եմ եւ առաջարկում եմ քննարկենք, որ մենք մէկ քայլ առաջ պէտք է գնանք: Արտաքին գործերի նախարարութեանը, կարծում եմ, անհրաժեշտ է համագործակցել Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերի նախարարութեան հետ եւ աշխատել Լեռնային Ղարաբաղի հետ ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է պայմանագրի...

Page 705 of 806 1 … 704 705 706 … 806

Արխիւներ