Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անտրամաբանական Արարքին Տրամաբանութիւնը

April 12, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ամերիկեան ծովուժը ուրբաթ, 7 ապրիլին «Թոմահոք» տիպի 59 հեռահար հրթիռներով հարուածեց Սուրիոյ օդուժի Շհէյրաթ ռազմակայանը: Միացեալ Նահանգներ պնդեցին, որ հրթիռակոծումը հակադարձութիւն մըն է Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքի գործածութեան: Մէկ օր ետք, ամերիկեան ծովուժի «Քարլ Վինսըն» տորմիղը, որուն մաս կը կազմեն օդանաւակիր մը եւ թեւաւոր հրթիռներով զինուած երկու մարտանաւեր, Սինկափուրէն ուղղուեցաւ քորէական թերակղզիի շրջան: Աշխարհագրական երկու տարածքներուն մէջ արձանագրուած զարգացումները զուգադիպութիւն չեն:

Միացեալ Նահանգներ իրենց մարտանաւերը քորէական թերակղզի ուղարկելով կը հակադարձէին չորեքշաբթի, 5 ապրիլին Հիւսիսային Քորէայի կողմէ միջին հասողութեամբ հեռահար հրթիռի մը փորձարկման: Բռնատիրական ու խիստ ռազմականացած նշեալ երկիրը մէկ ամիս առաջ եւս 4 հեռահար հրթիռներ փորձարկած էր: Աւելի՛ն, շաբաթ օր Հիւսիսային Քորէայի մէջ պիտի նշուի երկրի հիմնադիր եւ ներկայ բռնատէրի մեծ հայր Քիմ Իլ-Սունկի ծննդեան 105-րդ տարեդարձը: Փիոնկեանկ աւանդաբար այդ տարեդարձը կ՛օգտագործէ հրթիռներու փորձարկում կատարելու համար: Այլ խօսքով` ամերիկեան քայլը ո՛չ միայն հակադարձութիւն է, այլ նաեւ հրթիռներու փորձարկման կանխարգիլման փորձ:

Ահա այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել Սուրիոյ մէջ ամերիկեան անտրամաբանական գործողութեան թայմինկն ու իմաստը: Ուաշինկթըն չսպասեց Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման դէպքին շուրջ հետաքննութեան մը արդիւնքին եւ անմիջապէս յանցանքը Դամասկոսի ուսերուն բեռցնելով այդ դէպքը օգտագործեց Հիւսիսային Քորէային յղելու համար յստակ պատգամ մը, որ կը թուի հասած ըլլալ. Փիոնկեանկ անմիջապէս յայտարարեց, որ այդպիսի յարձակումէ մը չի վախնար եւ կրնայ շատ ուժեղ կերպով հակադարձել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն հաստատեց այդ պատգամին գոյութիւնը, երբ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Տիս Ուիք» յայտագիրին ընթացքին յայտարարեց. «Պատգամը, որ որեւէ երկիր կրնայ ստանալ, այն է, թէ եթէ միջազգային արժեչափերը ոտնահարես, եթէ միջազգային համաձայնութիւնները ոտնահարես, եթէ յանձնառութիւններուդ տէր չըլլաս, եթէ ուրիշներուն սպառնալիք դառնաս (այս պարագային Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու), հաւանական է, որ պատասխան քայլ մը առնուի»: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հրթիռակոծումը անուղղայ վարչակարգ մը հարուածելու պատրաստակամութեան գոյութեան փաստն է: Նշենք, որ վերջերս նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Թրամփ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրը քանդելու զինուորական ծրագիրներու մշակումը հրամայած է:

Սուրիոյ դէմ ամերիկեան հարուածը հիմնուած է «աղջիկս քեզի ըսեմ, հարսս դուն հասկցիր» սկզբունքին վրայ: Ամերիկեան վարչակազմին հաշուարկով այդ արարքով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն հասցուած վնասը ժամանակաւոր է միայն ու սահմանափակ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն տեղեկութիւնները, թէ ամերիկեան կողմը նախօրօք տեղեակ պահած է Ռուսիան, որուն հիմամբ ալ Սուրիան իր պատերազմական օդանաւերն ու սպառազինութիւնը հեռացուցած է ամերիկեան ցուցադրական հարուածի թիրախը ըլլալիք վայրէն: Սուրիան հարուածելու ճամբով Հիւսիսային Քորէային յղուած ամերիկեան պատգամին լրջութիւնն ու արժէքը յստակ կ՛երեւի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վտանգելու պատրաստակամութեան եւ 59 «Թոմահոք»-երուն արժած հսկայ գումարին մէջ:

Այո՛, Սուրիոյ դէմ ամերիկեան հարուածը սուրիական տագնապին պրիսմակէն դիտուած անտրամաբանական է, եւ Թրամփի վարչակազմը կը թուի ըլլալ անկանխատեսելի ու անոր վարած քաղաքականութիւնը` հակասական, սակայն կարկինը աւելի լայն բանալու պարագային տեսանելի կը դառնայ առաջին հայեացքով անտրամաբանական թուացող այդ արարքին տրամաբանութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Գացէ՛ք Եւ Դիտեցէ՛ք «Տը Փրոմիս» Ժապաւէնը

Յաջորդը

Առողջապահութեան Նախարարին Այցելութիւնը` «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.