Ինչպէ՞ս Կարեւորենք
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Ինչպէ՞ս կարելի է ընդգծել համասփիւռքեան տարողութեամբ ժողովի մը կարեւորութիւնը: Ամէն չորս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած ազգային երեսփոխաններ կը հաւաքուին Անթիլիաս ու կը քննարկեն համազգային նշանակութեամբ հարցեր: «Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը», գրուած է ժողովէն հազիւ քանի մը օր առաջ հրապարակուած...


















